Գերապայծառ Հինտեր. Ֆրանչիսկոս Պապ Պահրէյնի մէջ համաշխարհային խնդիրներու շուրջ ընդհանուր գործողութիւններու խթանման նպատակով
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապին դէպի Պահրէյն առաքելական ճամբորդութեան առթիւ, Հիւսիսային Արաբիոյ առաքելական կառավարիչ, գերապայծառ Փոլ Հինտեր, Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին ներկայացուց Պահրէյնի՝ փոքրիկ թագաւորութեան մէջ եկեղեցւոյ ներկայ իրավիճակը, երկիր մը որուն բնակչութեան մեծամասնութիւնը մահմետական են։
Կրօններու միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւում
Ակնարկելով Ֆրանչիսկոս Պապին 3էն-6 նոյեմբեր, Պահրէյն կատարած առաքելական ճամբորդութեան, առաքելական կառավարիչը յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապ յոյժ գիտակից է, որ անհրաժեշտ է բարելաւել կրօններու միջեւ յարաբերութիւնները՝ մարդկային մեծ խնդիրները, խաղաղութեան եւ արդարութեան վերաբերող հարցերը միասնաբար դիմագրաւել կարենալու համար։
1930 թուականէն սկսեալ Պահրէյնի մէջ քրիստոնեաներու փոքրիկ հասարակութիւն կազմուած է
Գերապայծառ Հինտեր նշեց, որ Պահրէյնի մէջ քրիստոնեայ հասարակութիւնները կազմուած են դիւանագիտական անձնակազմի, օտար ընկերութիւններու մաս կազմող անձերէ եւ աշխատաւորներէ, որոնք Պահրէյն հաստատուած են 1930 թուականէն սկսեալ։ Պահրէյնի մէջ մահմետական կրօնը պաշտօնական կրօն ըլլալով հանդերձ, Քրիստոնեաներն ու այլ կրօններու պատկան հաւատացեալները կը վայելեն կրօնի ազատութիւնը, ըսաւ առաքելական կառավարիչը։
Խօսելով ապա Պահրէյնի մէջ եկեղեցւոյ տածած առաքելութեան մասին գերապայծառ Հինտեր տեղեկացուց, որ Պահրէյնի մէջ տեղական եկեղեցին կը գործէ շատ մը հովուական գործունէութիւններ, որոնք շարքին մարդասիրական եւ եղբայրսիրական գործունէութիւններ, իրականացուած ժողովրդապետական հաստատութիւններուն եւ խումբերու կողմէ ու կաթողիկէ եկեղեցին կը մատակարարէ նաեւ դպրոց մը։
Պահրէյնի մէջ շուրջ 80 հազար կաթողիկէներ ժամանած են աշխարհի տարբեր վայրերէն, մասնաւորապէս Ափրիկէէն, Ամերիկայէն, Հնդկաստանէն եւ Ֆիլիփինէն եւ այլ երկիրներէն, յատուկէն դրացի երկիրներէն ինչպէս , Լիբանանէն, Յորդանանէն եւ իրաքէն ու այդ Քրիստոնեաները լատինական ծէսի համայնքներ են ինչպէս նաեւ Ասորի, մարոնի համայնքներ։
Պահրէյնը միշտ բաց գտնուած է տարբեր կրօններու հանդէպ
Հիւսիսային Արաբիոյ մէջ առաքելական կառավարիչը յայտնեց, թէ Պահրէյնը միշտ բաց է այլ կրօններուն։ 1939 թուականին կառուցուած է առաջին եկեղեցին, արաբական մեծ դպրոցներու մօտակայքը։
Պահրէնի մէջ մահապատիժը կիրարկուած ըլլալով հանդերձ Ֆրանչիսկոս Պապ առաջին անգամ չէ, որ կ՝այցելէ մարդկային իրաւունքները լիուլի ոչ յարգուած երկիր մը ըսաւ առաքելական կառավարիչը աւելցնելով որ Պահրէյնի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ որոշ ձեւով պիտի խօսի այդ նիւթի մասին, գուցէ ոչ հրապարակաւ ըսաւ Գերապայծառ Հինտերը, Ան ապա անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան օրակարգին նշեց թէ նախատեսուած է որ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպի կաթողիկէ հասարակութեան հետ, կատարէ համամիութենական աղօթք, ու հանդիպի մահմետականներու տարեցներու խորհուրդի հետ։
Ֆրանչիսկոս Պապին երկխօսութիւնը մահմետական համայնքներուն հետ
Գերապայծառ Հինտեր տեղեկացուց, որ ֆրանչիսկոս Պապ պիտի հանդիպի Ալ Թայէպ աւագ իմամին հետ, որուն հետ ստորագրած է մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթը ու մշակած է բարեկամական լաւ կարպեր,, որոնց հիման վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ յառաջ կը տանի երկխօսութիւնը մահմետականներու հետ՝ ոչ միայն Սիւնիններու հետ այլ Շիիներու եւ մահմետական այլ համայնքներու հետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ