Որոնել

1667982471804.JPG

Օրինակ առէք այս մանուկներէն. Սրբազան Պապը

Ունկնդրութեան սկիզբը երկու մանուկներ ամպիոն բարձրացան ու Քահանայապետին մօտ տեղ գրաւեցին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 9 Նոյեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած ընդհանուր ունկնդրութեան սկիզբը նախ քան օրուան խորհրդածութիւնը ներկայացնելը,  ակնարկեց անակնկալ կերպով ամպիոն բարձրացած եւ իրեն մօտեցած երկու փոքր պատանիներուն, որոնց Սրբազան Քահանայապետը նուիրեց վարդարաններ։

Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ անոնք մեզի համար մեծ օրինակ մըն են. «Հրաման չառին այստեղ գալու, ոչ ալ վախ ունեցան մօտենալու» ըսաւ Ան հաստատելով թէ «մենք եւս այսպէս պէտք է վերաբերինք Հօր Աստուծոյ հետ։ Ուղղակի կերպով։ Ան մեզ կը սպասէ։ Եւ գեղեցիկ եղաւ տեսնել այս երկու մանուկներուն վստահութիւնը։ Անոնք օրինակ եղան մեզի բոլորիս։ Այդպէս է, որ մենք պէտք է մօտենանք Տիրոջ` ազատութեամբ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Ֆրանչիսկոս Պապը երկու մանուկներուն հետ միասին
Ֆրանչիսկոս Պապը երկու մանուկներուն հետ միասին

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2022, 09:36