Որոնել

 Ֆրանչիսկոս Պապին Ասդիի այցելութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին Ասդիի այցելութիւնը 

«Շատոնց սպասուած հանդիպում». Ֆրանչիսկոս Պապը իր հօր ծննդավայր` Ասդիի մէջ

«13 Մարտ 2013 էն ի վեր է, որ կը սպասենք այս այցելութեան», նշեց Եպիսկոպոսը, այն օրէն երբ Պերկոլիօ կարդինալը դարձաւ Քահանայապետ եւ ահա Ան «կը վերադառնայ այնտեղ ուր կը գտնուին իր կեանքի արմատները», բացատրեց Ասդիի առաջնորդը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 19 նոյեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի մէջ մի քանի հանդիպումներ ունենալէ ետք ինքնաթիռով ուղղուեցաւ իր հօր ծննդավայր Ասդի քաղաք` այցելութիւն տալու իր զարմիկներուն ու մասնակցելու անոնցմէ մէկուն 90րդ տարեդարձի տօնախմբութեան, ընտանեկան պարագաներուն հետ միասին։

Ասդիի Աթոռանիստ Եկեղեցին
Ասդիի Աթոռանիստ Եկեղեցին

Երկրորդ օրը` Կիրակի 20 նոյեմբերին, Յիսուս Թագաւոր Տիեզերքի տօնին օրը, Սրբազան Քահանայապետը, Երիտասարդներու Համաշխարհային Թեմական օրուան առիթով, Ասդիի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ պատարագ պիտի մատուցէ, ու պատարագի ընթացքին դպրութեան կարգ պիտի շնորհէ մէկ նորընծայի։

«Ասիկա իր հայրենիքին ու ընտանիքին այցելութիւն մըն է եւ կիրակի պիտի հանդիպի Ասդիի Եկեղեցւոյ ընտանիքին։ Երկու ընտանիքներու հետ հանդիպում, արեան ընտանիքը եւ հաւատքի ընտանիքը» ըսաւ այս առնչութեամբ Ասդիի Թեմին եպիսկոպոսը Գերապայծառ Մարքօ Բրասթարոն, Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, այդ հանդիպումը սահմանելով. «շատոնց ի վեր սպասուած հանդիպում»։

Ասդիի Եպիսկոպոսը
Ասդիի Եպիսկոպոսը

«13 Մարտ 2013 էն ի վեր է, որ կը սպասենք այս այցելութեան», նշեց Եպիսկոպոսը, այն օրէն երբ Պերկոլիօ կարդինալը դարձաւ Քահանայապետ եւ ահա Ան «կը վերադառնայ այնտեղ ուր կը գտնուին իր կեանքի արմատները», բացատրեց Ասդիի առաջնորդը։

Այցելութեան յայտագիրը

Շաբաթ օրուայ յայտագիրը առանձնական ու մտերմիկ բնոյթ ունի տրուած ըլլալով, որ Սրբազան Պապը այս օրը պիտի անցնէ իր ընտանիքի անդամներուն հետ։ Իսկ Կիրակի օրը ԱՆ պիտի հանդիպի Թեմի հասարակութեան հետ, թեմիս աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցելով։

Ասդիի Առաջնորդութեան մուտքը
Ասդիի Առաջնորդութեան մուտքը

Պատարագէն առաջ Սրբազան Պապը Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով շրջանը պիտի կատարէ Ասդի քաղաքին, հանդիպելու համար թեմին հաւատացեալներուն հետ, հուսկ Եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ համախմբուած պիտի գտնէ 4000 հաւատացեալներ, ապա Պազիլիքային մէջ պիտի մատուցէ ԵՀՕ նուիրուած սուրբ պատարագը, Յիսուս Թագաւոր Տիեզերքի տօնին առիթով, որուն ընթացքին դպրութեան կարգը պիտի շնորհէ Stefano Accornero անունով նորընծային։ Պատարագէն ետքը Սրբազան Պապը հիւրը պիտի հանդիսանայ Ասդիի առաջնորդութեան, ապա Ասդիէն չմեկնած քաղաքի «Censin Bosia» մարզադաշտին մէջ պիտի հանդիպի 1.340 մանուկներու հետ, որտեղէն ապա վերադարձ պիտի կատարէ Վատիկան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2022, 09:46