Որոնել

1669552686219.jpg

«Երբեք չյոգնինք ոչ ըսելու պատերազմին, ոչ բռնութեան, եւ այո երկխօսութեան, այո խաղաղութեան». Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Պապը յիշեց նաեւ Burkhard Scheffler թափառականը, որ երեք օրեր առաջ ցուրտէն մահացաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակի կամարներուն տակ ապա ողջունեց տարբեր վայրերէն հրապարակ ժամանած ուխտաւորները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 27 նոյեմբեր 2022ի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած աւանդական Մարեմեան Հրեշտակ Տեառն աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով հրապարակ ժամանած ուխտաւորները յիշեց Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մէջ վերջին օրերուն պատահած բռնութիւններուն եւ բախումներուն ընթացքին մահացած մէկ իսրայէլացի եւ մէկ պաղեստինցի երիտասարդները, հաստատելով, որ «բռնութիւնը ապագան կը սպանէ, փշրելով երիտասարդներուն կեանքը եւ տկարացնելով խաղաղութեան յոյսը»։

Քահանայապետին աղօթքը Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մէջ խաղաղութեան համար

«Աղօթենք այդ երիտասարդներուն համար ու անոնց ընտանիքներուն համար, մասնաւորապէս անոնց մայրերուն համար», ըսաւ Քահանայապետը, մաղթելով, որ իսրայէլի եւ պաղեստինի իշխանութիւնները ի սիրտ ունենան երկխօսութեան փնտռտուքը, կառուցելով փոխադարձ վստահութիւն, «առանց որուն, Սուրբ Երկրին մէջ երբեք կարելի պիտի չ՛ըլլայ խաղաղութեան լուծում մը» յարեց Սրբազան Պապը։

Իսքիա կղզիին  ողբերգութիւնը

Ան ապա մօտիկութիւն արտայայտեց Իտալիոյ Իսքիա Կղզիի բնակչութեան, որ թիրախ դարձաւ ողողումի մը, աղօթելով զոհերուն համար ու բոլոր անոնց, որոնք օգնութիւն կը մատուցեն։

Սրբազան Պապը յիշեց ապա Burkhard Scheffler թափառականը, որ երեք օրեր առաջ ցուրտէն մահացաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակի կամարներուն տակ, ապա ողջունեց տարբեր վայրերէն հրապարակ ժամանած ուխտաւորները։

Ոչ պատերազմին ու բռնութեան, այո խաղաղութեան

Նորին Սրբութիւնը հուսկ յատուկ ողջոյն ուղղեց  «կիներու դէմ բռնութիւնները» դատապարտող քայլարշաւի մասնակցողներուն հրաւիրելով «երբեք չյոգնիլ ոչ ըսելու պատերազմին, ոչ բռնութեան, եւ այո երկխօսութեան, այո խաղաղութեան, յատկապէս մարտիրոս Ուքրանիոյ ժողովուրդին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, յիշելով նաեւ Հոլոմոտորի ինիսուն ամեակը ապա խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ Գալստեան ժամանակաշրջանի բարի ուղեւորութիւն մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2022, 12:39