Ֆրանչիսկոս Պապ. «Մարտիրոսները եկեղեցւոյ շնորհուած Տիրոջ պարգեւներն են»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 14 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Էլ Սալվատորի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասին կողմէ կազմակերպուած, ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած ու Սուրբ Պետրոսին դամբարանը այցելած, խումբ մը ուխտաւորներ, որոնք Հռոմ եկած են նաեւ Աստուծոյ գոհութիւն յայտնելու էլ Սալվատորին մէջ երանացումը կատարուած Ռութիլիօ Կրանտէ Կարսիա, Քոսմէ Սփէսոթօ եւ Մանուէլ Սոլորզանօ ի Նելսոն Ռութիլիօ Լեմուս մարտիրոսներուն համար։
Մարտիրոսները Տիրոջ անշահախնդիր պարգեւը
Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ արտայայտուելով մարտիրոսներու մասին նշեց, որ մարտիրոսները. «Տիրոջ անշահախնդիր պարգեւն է», Աստուծոյ կողմէ եկեղեցւոյ շնորհուած պարգեւ, որպէսզի անոնց մէջ իրականայ այն մեծ Սէրը, զոր Յիսուս ցոյց տուաւ խաչին վրայ։
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Էլ Սալվատորի երանելիները մեծ պարգեւ մըն են՝ ըլլայ Էլ Սալավտորի եկեղեցւոյ համար, ըլլայ տիեզերական եկեղեցւոյ համար ու անոնց իմաստը միշտ կը մնայ Աստուծոյ խորհուրդին ներքեւ։
Նորին Սրբութիւնը ապա դիտել տուաւ, որ երանելիներուն մահուան առաջին պտուղը հանդիսացաւ եկեղեցւոյ միութեան վերականգումը, որուն մասին արտայայտուած է Սուրբ Օսքար Ռոմերոն, Հայր Ռութիլիօ Կրանտէի յուղարկաւորութեան ընթացքին։
Ֆրանչիսոս Պապ յայտնեց, թէ ներկայ ժամանակուան մէջ, ուր կանչուած ենք խոկալու եկեղեցւոյ սինոդականութեան մասին, այդ մարտիրոսներուն մէջ ունինք միասնաբար քալելու լաւագոյն օրինակը, որովհետեւ հայր Կրանտէն նահատակուած է մինչ կ՝ընթանար դէպի իր քաղաքը։
«Այդ մարտիրոսներուն պատգամը հրաւէր է նմանելու իրենց սիրոյն մէջ, որ է իրականացումը Քրիստոսի չարչարանքներուն ներկայ պահուն, գրկելով խաչը զոր Յիսուս կը պարգեւէ իւրաքանչիւրիս անձնապէս», ըսաւ Սրբազան Հայրը ու աւելցուց որ «Խաչը միշտ Յիսուսինն է, սակայն միաժամանակ բոլորին խաչն է։ Եկեղեցւոյ խաչն է, որ իբրեւ Քրիստոսին մարմինը կը հետեւի Անոր սիրոյ բարձրագոյն զոհաբերութեան մէջ, ինչպէս Ան մեզի սորվեցուցած է»։
Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց, որ բոլորս կրենք այդ խաչը զիրար խրախուսելով, աղօթելով դժուարութեան մէջ գտնուողներու համար եւ գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ՝ միասին քալել կարենալու համար, որպէս սուրբ հաւատարիմ ժողովուրդ ու հակառակ մեր դժուարութիւններուն վկայութիւն տալով ուրիշներուն, որպէսզի անոնք եւս մխիթարութիւն գտնեն կեանքին իրադարձութիւններուն մէջ։
«Այսպէս սինդոդականութեան ուղեւորութեան մէջ, մեր եկեղեցին կ՝ընթանայ դէպի Աստուած, որ յոյսի նշան է բոլոր մարդոց համար»։ Ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ