Որոնել

Թայլանտի մէջ ահաբեկչական վայրէն առնուած լուսանկար Թայլանտի մէջ ահաբեկչական վայրէն առնուած լուսանկար 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Թայլանտի մէջ կոտորածը՝սարսափելի յարձակում անմեղ մարդկանց դէմ»։

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական գիրը Թայլանտի մէջ պապական նուիրակին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Թայլնատի Ութայ Սավան քաղաքի մէջ գտնուող մանկամսուրի մը դէմ կատարուած ահաբեկչական լուրին առիթով, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական գիր յղեց Թայլանտի մէջ Պապական Նուիրակ գերապայծառ Թշանկ Ին Նամ Փոլին, մանկամսուրի դէմ յարձակումը նկատելով «անմեղ մանուկներու դէմ սարսափելի կոտորած։»

Կարդինալ Փարոլին, ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնները յայտնեց ու հոգեւոր մօտիկութիւնը ցուցաբերեց մանկամսուրի դէմ ահաբեկչական արարքի զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն, ապահովուելով Սրբազան Քահանայապետին աղօթքը վիրաւորներու շուտափոյթ ապաքինումին ու տառապող ընտանիքներու  մխիթարութիւն շնորհելու համար մաղթելով, որ «այս անսահման տխրութեան պահուն, անոնք աջակցութիւն եւ ուժ ստանան իրենց հարեւաններէն ու համաքաղաքացիներէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2022, 10:15