Ֆրանչիսկոս Պապ. «Հրամայական է Սուրբ Հոգիին ջուրը՝ մեր սիրտերու կարծր հողը փափկացնելու համար»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 20 հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Mariannhill միաբանութեան անդամները, միաբանութեան 17-րդ ընդհանուր ժողովին աւարտին։
Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ յիշեալ միաբանութեան առաքելութեան, որ «ներկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց յառաջ կ՝ընթանայ, ներշնչուելով միաբանութեան հիմնադիր, Հայր Ֆրանս Փֆաների ու անոր Թրափիսդ ընկերներուն աւետարանումի նախանձախնդրութիւնէն», ըսաւ Սրբազան Հայրը մաղթելով` որ ժողովին արդիւնքները հաստատեն միաբանութիւնը իր հիմնադրութեան շնորհապարգեւին մէջ «ժողովուրդին աւետարանը տարածելու՝ սէրով եւ աճեցնելով Քրիստոսի թագաւորութիւնը սրբութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ ընդհանուր ժողովի նիւթին. «Զօրակցութիւն, կանչուած ունենալու մէկ հոգի եւ մէկ նպատակ, նշելով որ այդ նիւթը յատուկէն այժմէական է՝ տիեզերական եկեղեցւոյ կողմէ ձեռնարկուած սինոդական ընթացքին լոյսին ներքեւ, որ յաջորդ տարուան համար կը պատրաստուի եպիսկոպոսներու սինոդին։ Այս եկեղեցական ուղեւորութիւնը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, նպատակ ունի նպաստելու հաղորդութիւնը, միսիոներական մասնակցութիւնը ու յանձնառութիւնը բոլոր մկրտեալներուն, հոգեւոր զատորոշումին գործընթացքին միջոցաւ՝ կեդրոնացած ունկնդրութեան եւ խորհրդածութեան վրայ, միշտ հասնելու համար յաւելեալ բացուածութեան Սուրբ Հոգիին ու Անոր առաջադրանքներուն։
Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց միաբանութեան անդամները մշակելու մշտական հովուական ծառայութեան ապաշխարութիւն, մաղթելով որ այդ առաքելութիւնը իր արտայայտութիւնը գտնէ միաբանութեան՝ կեանքի եւ գործունէութիւններուն բոլոր ծաւալներուն մէջ, քահանայական կազմաւորումէն եւ աշխարականներու հոգեւորականութենէն սկսեալ մինչեւ առաքելական շօշափելի ծրագիրներուն իրականացումը։
Ֆրանչիսկոս Պապ օրինակ բերելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակը զետեղուած եգիպտական կոթողը, նշեց որ այդ հսկայ կոթողի բարձրացումի պատմութիւնը մեծապէս տպաւորած էր Հայր Փֆաներին, այն իրողութեամբ, որ հակառակ մարդկային հսկայական ջանքերուն, կոթողը իյնալէն փրկուած է վերջին պահուն, լոկ ջուր թափելով պարաններուն վրայ։
Ուստի այպէս ինչպէս միշտ, ըսաւ Սրբազան Հայրը «հրամայական է Սուրբ Հոգիին ջուրը, ոչ միայն բարգաւաճելու համար աշխատանքները մեր ձեռքերուն մէջ, բայց ամենէն առաջ մեր սիրտերու կարծր հողը փափկացնելու համար»։
Ան ապա ճառը աւարտեց ապահովուելով իր աղօթքը միաբանութեան անդամներուն մաղթելով, որ միաբանութեան ընդհանուր ժողովը առատ հոգեւոր պտուղներ պարգեւէ Mariannhill միաբանութեան միսիոնարներուն սրբութեան եւ աւետարանի հաւատարիմ ծառայութեան մէջ։
Նորին Սրբութիւնը ապա շնորհելէ ետք իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ