Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Սուրբ Ֆրանչիսկոսին նման դիմագրաւել խաղաղութեան, զարգացումի եւ արարչագործութեան մարտահրաւէրները»։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Ֆրանչիսկեան միաբանութեան ութերորդ հարիւր ամեակին համար եկեղեցական համակարգումի անդամներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 31 հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆրանչիսկեան միաբանութեան ութերորդ հարիւր ամեակի համար (2023-2026) եկեղեցական համակարգումի անդամները։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր ուրախութիւնը յայտնեց Ֆրանչիսկեան ութերորդ հարիւր ամեակին սեմին, 2023-2026, եկեղեցական համակարգումի անդամներուն հետ հանդիպելու համար, ան ապա անդրադառնալով Ֆրանչիսկեան միաբանութեան հիմնադիր Սուրբ Ֆրանչիսկոսին, յայտնեց, որ ինք երբ ընտրեց Ֆրանչիսկոսի անունը , նկատի ունէր այնպիսի յայտնի սուրբ մը, բայց նաեւ անհասկցուած, ըսաւ Ֆրանչիսոս Պապ դիտել տալով, որ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը խաղաղութեան մարդ մըն է, աղքատութեան մարդ մը, որ կը սիրէ եւ կը հռչակէ արարչագործութիւնը ու այս բոլորին աղբիւրը, Յիսուս Քրիստոսն է։

«Սուրբ Ֆրանչիսկոսի փորձառութեան աղբիւրը հաւատքն է, զոր ստացաւ որպէս պարգեւ Խաչեալին դիմաց. Յարուցեալ Տէրը իրեն յայտնեց կեանքի ու մարդկային տառապանքին իմաստը», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, Ան ապա ընդհանուր անդրադարձ կատարելով Սուրբ Ֆրանչիսկոսին կատարած ուխտագնացութեան հանգրուաններուն նշեց, որ 800 տարի ետք Սուրբ Ֆրանչիսկոսը կը մնայ խորհուրդ մը ու սուրբին լաւ հասկնալու համար պէտք է հետեւիլ անոր դպրոցին, վերագտնելով անոր աւետարանական կեանքի մէջ Յիսուսի հետքերու հետեւելու ուղին ու այս կատարելու համար կը նշանակէ ունկնդրել, քալել եւ աւետարանել մինչեւ արուարձանները։

Ունկնդրել

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց թէ նախ եւ առաջ պէտք է ունկնդրել։ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Խաչեալին դիմաց կը լսէ Յիսուսի խօսքը, որ կ՝ըսէ.« Ֆրանչիսկոս գնայ եւ վերանորոգէ տունս եւ երիտասարդ Ֆրանչիսկոսը վեհանձնութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ կը պատասխանէ Տիրոջ հրաւէրին, վերանորոգել Անոր Տունը։ Սուրբ Ֆրանչիսկոս կամաց կամաց կը հասկնայ, որ այդ տունը վերանորոգելը չնշանակեր վերանորոգել պատերով շինուած շէնք մը այլ կը նշանակէ իր նպաստը տալ եկեղեցւոյ կեանքի համար, կը նշանակէ Եկեղեցւոյ տրամադրութեան տակ ըլլալ, սիրելով եւ աշխատելով որ անոր մէջ ցոլայ Քրիստոսի դէմքը։

Քալել

Երկրորդ Քալել։ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը եղաւ ճանապարհորդ մը, որ երբեք կանգ չ՝առաւ, անցնելով Իտալիոյ բազմաթիւ քաղաքներէն եւ գիւղերէն ցուցաբերելով միշտ իր մօտիկութիւնը ժողովուրդին եւ նուազեցնելով հեռաւորութիւնը ժողովուրդին եւ եկեղեցւոյ միջեւ։ Այս միեւնոյն հանդիպելու կարողութիւնը, քան թէ սպասելը, քրիստոնեայ հասարակութեան ոճն է որ կը զգայ ուրիշին մօտիկ գտնուելու շտապութիւնը քան թէ ինքնիր վրայ կծկուիլը։

Աւետել

Ի վերջոյ աւետել մինչեւ արուարձանները։ Այն ինչ, որ բոլորը պէտք ունին արդարութիւն է, նաեւ վստահութիւնը։ Լոկ հաւատքը կը վերադարձնէ անհատապաշտ եւ փակ աշխարհի Սուրբ Հոգին։ Շնչառութեան այս յաւելումով ժամանակից մեծ մարտահրաւէրները, ինչպէս խաղաղութիւնը, հասարակաց տան խնամքը, եւ զարգացումի նոր տիպարը, կարելի է դիմագրաւել, առանց յանձնուելու անյաղթելի թուացող փաստերուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց քաջալերելով ներկաները որ լիուլի ապրին սպասուած Ֆրանչիսկեան ութերորդ հարիւրամեակը, մաղթելով որ այդ հոգեւորական եւ մշակութային ուղեւորութիւնը կարենայ զուգադիպիլ 2025 յոբելեանին հետ, այն համոզումով որ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին եկեղեցին կը մղէ ապրելու իր հաւատարմութիւնը Քրիստոսին հետ ու իր առաքելութիւնը մեր ժամանակներու մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին աւարտին շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց, որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2022, 12:24