1666608174351.JPG

Համաշխարհային խաղաղութիւնը առանցքը հանդիսացաւ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ նախագահ Մաքրոնի միջեւ մէկ բամ տեւած զրոյցին

Ըստ այս առթիւ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան «Պետքարտուղարութեան մէջ ջերմ բանակցութիւններու ընթացքին շեշտը դրուեցաւ միջազգային հարցերու վրայ՝ սկսեալ ուքրանական հակամարտութենէն յատուկ նկատի ունենալով մարդասիրական իրավիճակը։ Առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ նաև կովկասեան տարածաշրջանին, Մերձաւոր Արևելքին և Ափրիկէին»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբաթի 24 Հոկտեմբերին ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Առաքելական Պալատէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Տիար Էմմանուէլ Մաքրոնին որ ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ ՓարոլինիՆ հետ, Որուն կ՜ընկերանար Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղարը` Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Ըստ այս առթիւ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան «Պետքարտուղարութեան մէջ ջերմ բանակցութիւններու ընթացքին շեշտը դրուեցաւ միջազգային հարցերու վրայ՝ սկսեալ ուքրանական հակամարտութենէն յատուկ նկատի ունենալով մարդասիրական իրավիճակը։ Առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ նաև կովկասեան տարածաշրջանին, Մերձաւոր Արևելքին և Ափրիկէին»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին եւ Նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի միջեւ առանձնական հանդիպումն ուն զրոյցը տեւեց գրեթէ մէկ ժամ- որուն աւարտին, արարողակարգի համաձայն, Նախագահի միացաւ Անոր կողակիցը եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը որոնք առիթը ունեցան ձեռնուելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակումը` Նախագահ Մաքրոնը Քահանայապետին նուիրեց Իմմանուէլ Քանթի «Յանուն յաւերժ խաղաղութեան» աշխատութեան առաջին հրատարակութիւնը ֆրանսերէնով, որ 1796 թուականի հազուագիւտ հրատարակութիւն մըն է։

Իսկ Քահանայապետը Ֆրանսայի նախագահին նուիրեց մարմարով շրջանակուած պրոնզէ մետալ մը, ուր պատկերուած են Սուրբ Պետրոսը և սիւնաշարը: Մետալին հետ միասին, Քահանայապետը նախագահին նուիրեց նաեւ պապական փաստաթղթերու հատորներ, որոնք շարքին այս տարուայ «Խաղաղութեան պատգամը», «Մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթը» և 2020 թուականի մարտի 27-ի աղօթքին նուիրուած գիրքը.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2022, 14:15