Քահանայապետին թուիթը` «Աշխարհի մանուկներուն հետ միասին վարդարանը աղօթենք վասն խաղաղութեան»
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Բոլոր ցամաքամասերու մանուկներուն հետ միասին այսօր աղօթենք աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար Վարդարանը։ Աստուածամօր բարեխօսութեան յանձնենք ուքրանացի մարտիրոս ժողովուրդը եւ միւս ժողովուրդները, ուր կ՜իշխեն պատերազմներ, բռնութիւն եւ թշուառութիւնը։#1millionchildrenpraying»։
Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին երեքշաբթի 18 հոկտեմբերին հրապարակած թուիթը, որուն միջոցաւ Ան հաւատացեալները կը հրաւիրէ միանալու Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն Քահանայապետական հիմնարկի նախաձեռնած «Մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը կ՛աղօթեն» աղօթքի ձեռնարկին, որ ծնունդ առած է 2005-ին Վենեզուելլայի մայրաքաղաք Քարաքասի սրբավայրին մէջ եւ տարիէ տարի ծաւալեցաւ ու այսօր դարձած է համաշխարհային հանգամանք ունեցող ձեռնարկ։
Նորին Սրբութեան թուիթին պարունակութիւնը քաղուած է Անոր անցեալ կիրակի օր Մարեմեան Աղօթքի աւարտին արտասանած խօսքերէն, որով վերանորոգած էր հրաւէրը աղօթելու աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ