Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Սուրբ Սքալապրինիի սրբադասման առիթով Հռոմ ժամանած ուխտաւորները
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Ոգեւորուեցէք միշտ ձեր Սուրբ Հիմնադիրէն, գաղթականներու հօրմէն, բոլոր գաղթականներու հօրմէն: Թող որ անոր խարիզմը ձեր մէջ նորոգէ գաղթականներու մէջ ըլլալու ուրախութիւնը, ծառայելու անոնց և այդ մէկը հաւատքով ընելու, ոգևորուած Սուրբ Հոգիով, համոզուած, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ կը հանդիպիք Տէր Յիսուսին». Սոյն յորդորը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ հոկտեմբերի 10-ին ուղղեց Փիաչենցա քաղաքի երբեմնի եպիսկոպոս` գերապայծառ Ճովաննի Պաթթիսթա Սքալապրինի սրբադասման առիթով Հռոմ ժամանած ուխտաւորներուն՝ ընդունելով զանոնք Առաքելական պալատէն ներս:
Յիշեցնենք, որ Փիաչենցայի եպիսկոպոս Սքալապրինիի սրբադասումի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` կիրակի՝ հոկտեմբերի 9-ին Սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ՝ Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ:
Ֆրանչիսկոս Պապը իր գոհունակութիւնը յայտնեց ուխտաւորներու այդ բազմաբնոյթ խումբի կապակցութեամբ՝ միսիոներներ, միսիոներ միանձնուհիներ, աշխարհիկ միսիոներներ ինչպէս նաև գաղթականներ բազմաթիւ երկիրներէ։
«Քրիստոսի հայեացքով» նայիլ
«Այդպիսով, դուք լաւ կը ներկայացնէք եպիսկոպոս Սքալապրինիի աշխատանքի լայնութիւնը, անոր սիրտին բացուածքը, որուն համար, այսպէս ըսուած, թեմը բաւարար չէ», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը և ընդգծեց, թէ ինչպիսի մեծ նշանակութիւն ունեցած է Սքալապրինիի առաքելութիւնը՝ յօգուտ իտալացի գաղթականներու, որոնց ան «Քրիստոսի հայեացքով» նայեցաւ:
Ըստ Ֆրանչիսկոսի, այսօր նոյնպէս գաղթականութիւնը կը շարունակուի մնալ լուրջ մարտահրաւէր, ուստի, ամէն մկրտուած մարդ կոչուած է Աստուծոյ հայեացքը արտացոլելու դէպի փախստական քոյրերն ու եղբայրները, թոյլ տալով մեր հայեացքներուն ընդլայնուելու առարկայական մօտիկութեան միջոցաւ:
Դուրս գալ կաղապարներէn
Շարունակելով իր միտքը Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ այսօր կոչուած ենք ապրելու և տարածելու հանդիպման մշակոյթը, ստեղծագործելու և դուրս գալու կաղապարներէ, ինչը կը հարստացնէ և կը բացայայտէ բազմազանութեան գեղեցկութիւնը: Բացի այդ գաղթականներու հաւատքը, յոյսն ու համառութիւնը կարող են օրինակ և խթան հանդիսանալ անոնց համար, որոնք կ’ուզեն պարտաւորուիլ կառուցելու խաղաղութիւն և բարօրութիւն բոլորի համար, յարեց Սրբազան Պապը:
Ան ապա իր խօսքը աւարտեց մաղթելով «վարակուիլ» Ճովաննի Պաթթիսթա Սքալապրինիի սուրբ ըլլալու ցանկութենէն, իւրաքանչիւրը ինքնատիպ կերպով և անսահման երևակայութեամբ»:
Սրբազան Պապը հուսկ օրհնեց ուխտաւորները և խնդրեց չմոռնալ աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ