Քահանայապետին կոչերն եւ աղօթքները. Չյոգնինք աղօթելու խաղաղութեան
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
30 հոկտեմբերի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով աղօթքին մասնակցող եւ հրապարակ ժամանած հաւատացեալները նախ հրաւիրեց աղօթել Մոկատիշի մէջ պատահած ահաբեկչական արարքի հարիւրէ աւելի զոհերուն համար, որոնց շարքին կային նաեւ մանուկներ, մաղթելով` որ Աստուած դարձի բերէ բռնարարներուն սրտերը։
Ան ապա հրաւիրեց աղօթել նաեւ անոնց համար, որոնք երէկ երեկոյեան մահացան Սէուլի մէջ, ամբոխի անսպասելի բազմութեան ողբերգական հետևանքներուն պատճառով:
Երէկ Քոլոմպիայի Մետելլին քաղաքին մէջ, երանելի դարձաւ Մարի Պերենիչէ Տուքուէ Հէնքերը, Աւետումի Փոքրիկ Քոյրերու միաբանութեան հիմնադիրը։ «Ան իր երկար կեանքը նուիրեց ի ծառայութիւն Աստուծոյ եւ եղբայրներուն, մանկաւորապէս փոքրերուն եւ բացառուածներուն» յարեց Սրբազան Պապը մաղթելով, որ Անոր առաքելական նուիրումը մեր մէջ եւս ամրացնէ իղձը մասնակցելու, աղօթքով եւ սիրով, աշխարհի մէջ աւետարանի տարածման։
Քահանայապետը ապա ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու տարբեր խումբերը ու անգամ մը եւս հրաւիրեց չմոռնալ մեր աղօթքը նուիրելու մարտիրոս Ուքրանիոյ։
«Աղօթենք խաղաղութեան համար։ Չյոգնինք այս մէկը ընելէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի աղօթքներ խնդրելով նաեւ իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ