Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց աղօթել Նիճերիոյ մէջ ջրհեղեղեներու զոհերուն համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի 19 հոկտեմբերին սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին անգլերէն խօսող հաւատացեալներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ողջոյն ուղղեց Նիճերիայէն ժամանած ուխտաւորներուն, յիշելով «վերջին օրերուն երկրին պատուհասած կատաղի անձրևները` որոնք յառաջացուցին ջրհեղեղներ, պատճառելով բազմաթիւ զոհեր, բազմաթիւ անհետ կորածներ և մեծ վնասներ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով հաւատացեալները «աղօթելու բոլոր անոնց համար, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին եւ բոլոր այն անձերուն համար, որոնք վիրաւոր են նման աւերիչ աղէտի հետևանքով»։
«Թող մեր այս եղբայրներուն ու քոյրերուն չպակասին մեր զօրակցութիւնը և միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։
Նշենք թէ այս վերջին օրերուն Նիճերիան թիրախ դարձած է վերջին տասնամեակներու ընթացքին գրանցուած ամենավատ ջրհեղեղներէն մէկուն, զոր պատճառեց հարիւրաւոր զոհեր:
Մարդասիրական հարցերու նախարար Սատիյա Ումար Ֆարուքը նկատել տուած է, որ մահերու թիւի զգալի մասը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ որոշ շրջաններ բաւականաչափ պատրաստուած չէին նման մասշտաբի իրադարձութիւն մը դիմագրաւելու։ Ջրհեղեղէն տուժած են Նիճերիայի 36 նահանգներէն 33-ը, մինչ «պաշտօնական լուրերը, կը խօսին մօտ 600 զոհերու ու բազմաթիւ վիրաւորներու և գրեթէ մէկ միլիոնէ աւելի մարդկանց մասին, որոնք կորսնցուցած են ամէն ինչ», յայտնած է այս առիթով քոյր Էնցա Կուչչոնէն, իտալացի միսիոներ մայրապետը, Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին, իր կարգին կոչ ուղղելով մարդասիրական օգնութիւններ տրամադրելու երկրին ու բնակչութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ