Ֆրանչիսկոս Պապ. «Աղքատութիւնը դիւրաբեկութիւն մըն է, որ կը միացնէ նախ Աստուծոյ»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի,17 հոկտեմբերին, Վատիկանի Քոնչիսթորօ անուան դահլիճէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց, տարեկան ընդհանուր ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերած Cistercens-է միաբանութեան անդամները։
Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց յիշեալ միաբանութեան անդամները, Յիսուսի ետեւէն միասնաբար քալելու՝ զինք լսելու ու կողքին մնալու համար եւ իւրաքանչիւր կրօնաւոր պէտք է, որ քալէ իրեն իւրայատուկ քայլերով, իր եզակի ու անկրկնելի պատմութեամբ, սակայն հասարակութեան մէջ, ինչպէս առաքեալները կատարեցին, որ միշտ Յիսուսին կողքին էի։
Բացուիլ ուրիշներուն եւ միասին քալել Եկեղեցւոյ մէջ
Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ Յիսուսի նմանութիւնը կը կայանայ յարատեւ դարձի գալու յանձնառութեան մէջ, բացուելով եւ դէմ յանդիման գալով ուրիշներուն եւ դա վաւեր է նաեւ հասարակութեան համար, որ պէտք է հիւրընկալ ու միսիոնարական դառնայ«Չկայ հաղորդութիւն առանց ապաշխարութեան, հետեւաբար դա անպայմանօրէն Քրիստոսին խաչին եւ սուրբ Հոգիին պտուղն է՝ ըլլայ անհատներու ըլլայ հասարակութեան մէջ»։
Միսիոնարակութիւն մը, որ կը գնահատէ բազմազանութիւնները
Ֆրանչիսկոս Պապ բարձր գնահատեց cistercensi միաբանութեան անդամները, որոնք կը պատկանին տարբեր երկիրներու եւ մշակոյթներուն, մշակութային բազմազանութեան հանդէպ ունեցած ոգին նշելով, թէ «այսօր՝հանդիպումի մշակոյթը բազմազանութեան հետ, ժամանակներու նշան է։ Ձերը արժէքաւոր ներդրում է, յատուկէն հարուստ, որովհետեւ ձեր հայեցողական կոչումին պատճառով, դուք չէք բաւարարուիր բազմազանութիւնը մակերեսային մակարդակով ի մի բերել, այլեւ զանոնք կ՝ապրիք աղօթքի եւ հոգեւոր երկխօսութեան մէջ»։ ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Աւելի աղքատ, Աստուծոյ աւելի հասանելի դառնալու համար
Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց, կրօնաւորները, աւելի աղքատ դառնալու, ըլլայ հոգեւոր, ըլլայ նիւթական գետնին վրայ՝ Տիրոջ աւելի հասանելի դառնալու համար՝ ամէն ուժով եւ տկարութիւններով, փառք տալով Աստուծոյ ծերութեան եւ երիտասարդութեան համար, հաշմանդամութեան եւ լաւ առողջութեան համար, «աշնան» եւ «գարնան» հասարակութիւններու համար, կարեւոր նկատելով որ պէտք չէ թոյլ չտալ ստանային, որ գողնայ յոյսը։
«Յոյսը, որ լի է աւետարանական աղքատութեան մէջ եւ ինչպէս Յիսուս երանութիւններուն խօսքին մէջ ըսած է «երանի ձեզի աղքատները, որովհտեւ ձերն է Աստուծոյ արքայութիւնը։»
Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց, շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրեով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ