Պատերազմի «ժխորին» դիմաց երազել խաղաղութիւնը ու սերմանել եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան սերմեր. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 2015-ին հիմնադրուած «Gravissimum Educationis » Քահանայապետական Հիմնարկը, որ կը գործէ կրթական մարզէն ներս, ներդրում կատարելով կազմաւորումի ծիրէն ներս եւ կը խթանէ գիտական ուսումնասիրութիւններ, ծնունդ տուած է «Christmas Contest» ձեռնարկին ներշնչում քաղելով ճիշտ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի այն գաղափարէն, թէ «կրթութեան միջոցաւ կարելի է աշխարհը աւելի լաւ վայր մը դարձնել», դիմելով նաեւ ստեղծագործ աշխատանքին։
«Christmas Contest»-ին նպատակն է ներդրում կատարել կրթական համակարգէն ներս, ձայն տալ երիտասարդներուն, լոյս ստեղծել ստեղծագործութեամբ եւ ահա այս ձեռնարկին մասնակցողներուն է, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց այսօր` 14 հոկտեմբերի առաւօտեան, զանոնք ընկալելով Առաքելական Պալատի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ։
Սուրբ Ծնունդէն ներշնչուած ձեռնարկ
Այս առթիւ ներկաներուն ուղղած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը երախտագիտութիւն արտայայտեց «Gravissimum Educationis» հիմնարկին ու անոր հետ գործող միւս հաստատութիւններուն, որոնք կ՛ուզեն հնարաւորութիւն ընծայել երիտասարդ արուեստագէտներուն` ըլլան անոնք երգիչներ կամ երաժիշտներ, որոնք որոշեցին մասնակցիլ «Christmas Contest»ին կազմակերպած Մրցոյթին, որ «ներշնչուելով Սուրբ Ծնունդի տօնէն միտում ունի խթանել կեանքի, սիրոյ եւ խաղաղութեան արժէքները», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Ըլլալ ստեղծագործ եւ ինքնուրոյն
Ան ապա խօսքը ուղղեց երիտասարդ արուեստագէտներուն խորհուրդ տալով անոնց չընդօրինակել մեծ «աստղերը», չի հետեւիլ յաջողութեան նորոյթներուն, չի կրկնել սուտ «Ծննդեան» տիպարները, որոնք ոչ մէկ կապ ունին Բեթղեհէմի մէջ տեղի ունեցած Յիսուսին ծնունդին հետ ու անոր այսօրուայ մարդկութեան համար ունեցած իմաստին հետ։
«Ընդհակառակը` մի վախնաք դուք ձեզ ըլլալէ, ստեղծագործ եւ ինքնուրոյն։ Եւ ամենէն առաջ այնպէս ըրէք, որ ձեր գործերը հիմնուին զարմանքի վրայ։ Զարմանք Աստուծոյ մը համար, որ մարմին կ՛առնէ, կը դառնայ անմեղ մանուկ, ծնած Կոյսէ մը, քարայրի մը մէջ, որպէս օրօրոց ունենալով անասուններու մսուր մը։ Եթէ չկայ զարմանք երգը չի կրնար սրտին խօսիլ, հաղորդող չէ», ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը «զարմանքի» կողքին խրատելով նաեւ ըլլալ պարզ։
Զարմանքն ու արզութիւնը
«Պարզութիւնը անարժէքութիւն չէ. Մսուրը պարզ է բայց ոչ անարժէք։ Սուրբ Ալֆոնսոյի երգերը պարզ են բայց գեղեցիկ եւ լի իմաստով եւ նոյնիսկ այսօր կը շարունակեն մեզ յուզել ու սնունդ տալ Աստուծոյ ժողովուրդի հաւատքին», յարեց ի միջի այլոց Քահանայապետը, հրաւիրելով ներկաները իրենց այդ զարմանքի եւ պարզութեան ստեղծագործ ոճի միջոցաւ սատարել խաղաղութեան դատին, որ «ամենամեծ պարգեւն է, զոր Աստուած ուզեց պարգեւել աշխարհին իր որդոյն ծնունդին միջոցաւ»։
Երազել խաղաղութեան աշխարհ մը
Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա Եւրոպայի եւ աշխարհի մէջ հնչուած պատերազմի «ժխորին», հրաւիրելով բոլորը` «երազելու խաղաղութիւնը եւ աշխատելու խաղաղութեան համար, սերմանելով եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան սերմեր», նաեւ երաժշտութեան միջոցաւ որ «տիեզերական լեզու մըն է» եւ «ունի կրթական անգնահատելի արժէք մը», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ «երաժշտութիւնը կը մարդկայնացնէ, եւ կրթել` հիմնականօրէն կը նշանակէ մարդկայնացնել», եւ ահա «ասոր համար է, նաեւ որ Աստուած մարդեղացաւ», աւելցուց Նորին Սրբութիւնը, ամէն բարիք մաղթելով Մրցոյթին ու նաեւ արուեստագէտներու ուղեւորութեան, ապա օրհնեց զանոնք ու ինչպէս միշտ խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ