Նոյեմբեր – դեկտեմբեր ամիսներուն Քահանայապետին գլխաւորած արարողութիւնները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Քահանայապետի Ծիսական արարողութիւններու Գրասենեակը շաբաթ 22 հոկտեմբերին հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Պապին նոյեմբեր – դեկտեմբեր ամիսներուն գլխաւորելիք արարողութիւններուն օրակարգը, որ սկիզբ կ՜առնէ Քահանայապետին Պահրէյն կատարելիք առաքելական ճամբորդութեամբ ու կ՛աւարտի 8 դեկտեմբերին` Անարատ Յղութեան տօնին օրը Փիացցա Տի Սպանիա Սուրբ Կոյսի արձանին տուած այցելութեամբ։
3-6 Նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի Պահրէյն, ապա 13 նոյեմբերին առաւօտեան ժամը 10 ին Սուրբ Պետրոսի մէջ կը գլխաւորէ Աղքատներու համաշխարհային օրուան նուիրուած պատարագը, իսկ 20 Նոյեմբերին Յիսուս Թագաւոր Տիեզերքի տօնին առթիւ ան պատարագ կը մատուցէ Ասթի քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ուր առանձնական այցելութիւն պիտի կատարէ իր մէկ զարմիկին` անոր 90րդ տարեդարձին առիթով։
Քահանայապետին Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր ամսուայ ծիսական օրակարգին վերջին ժամադրութիւնը Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնն է` 8 դեկտեմբերին, երբ Ան կէսօրէն ետք ժամը չորսին պիտի այցելէ Սպանիայի հրապարակը, այնտեղ զետեղուած Տիրամօր արձանին յարգանքի տուրք մատուցելու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ