Քոնկոյի մէջ բռնութիւնը կը սարսափեցնէ. Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի 26 հոկտեմբեր հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին մտածումն ու հայեացքը ուղղուեցան Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան, ուր այս գիշեր տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակում մը պատճառեց եօթը մեռեալ, որոնց շարքին նաեւ կրօնաւորուհի մը։
Քոնկոյի մէջ բռնութիւններ
«Մենք սարսափահար ականատես ենք իրադարձութիւններուն, որոնք կը շարունակեն արիւնոտել Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը։ «Ես իմ խոր ափսոսանքս կը յայտնեմ Հիւսիսային Քիվու նահանգի Մապոյայի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած անընդունելի յարձակումին համար, որտեղ սպաննուեցան անպաշտպան մարդիկ, որոնց շարքին նաեւ միանձնուհի մը, որ կը զբաղէր առողջապահական խնամատարութեան։ Աղօթենք զոհերու և անոնց ընտանիքներուն համար, ինչպէս նաև այդ քրիստոնէական համայնքի և շրջանի բնակիչներուն համար, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր հիւծուած են բռնութիւնէն» յարեց Նորին Սրբութիւնը:
Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութիւն
Սրբազան Պապը հուսկ խրախուսեց շարունակել աղօթել մարտիրոս Ուքրանիոյ համար. «Թող Տէրը պաշտպանէ այդ մարդիկը ու մեզ տանի մնայուն խաղաղութեան ճանապարհին վրայ», ըսաւ Ֆրանչիսկոսը։
Պրազիլցի Երանելին
Փորթուկալներէն լեզուով ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը յիշեց 24 հոկտեմբերին Պրազիլի Քրաթօ քաղաքին մէջ Երանելի հռչակուած Պենինիա Քարտոզօ Տա Սիլվան` երիտասարդ մարտիրոսուհին որ հետեւելով Աստուծոյ Խօսքին, իր կեանքը պահպանեց անբիծ, պաշտպանելով իր արժանապատուութիւնը»։ «Կ՛աղօթեմ Ափարեսիտայի Տիրամօր, որպէսզի պահապան կանգնի պրազիլի ժողովուրդին, որպէսզի զայն ազատէ ատելութենէն, անհանդուրժողականութենէն եւ բռնութենէն» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը
Աղօթել Վարդարանը
Խօսքին աւարտին Քահանայապետը բոլորէն խնդրեց յատուկէն աղօթել սուրբ Վարդարանը. «Թող այս պարզ և ուշագրաւ Մարեմեան աղօթքը իւրաքանչիւրիս ցոյց տայ ճանապարհը` որով վստահութեամբ և առատաձեռնութեամբ հետևինք Քրիստոսին»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ