Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին բացման 60 ամեակին նուիրուած պատարագի առթիւ

Դուն, որ մեզ կը սիրես, ազատէ մեզ ինքնաբաւութեան կանխավարկածէն և աշխարհիկ քննադատութեան ոգիէն։ Դուն, որ մեզ քնքշութեամբ կը կերակրես, մեզ դուրս բեր ինքնահաճութեան ցանկապատներէն։ Դուն, որ մեզ միասնական հօտ կ՛ուզես, ազատէ մեզ բևեռացումներու դիւային արհեստէն։ Եւ մենք՝ քու Եկեղեցիդ, Պետրոսի հետ և Պետրոսի նման Քեզի կ՛ըսենք. «Տէ՛ր, դուն ամէն բան գիտես. դուն գիտես, որ մենք քեզ կը սիրենք» (հմմտ. Յովհ. 21:17):
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յիսուսին Պետրոս առաքեալին ուղղած «կը սիրե՞ս զիս» եւ «արածէ ոչխարներս» խօսքերը առանցքը կազմեցին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին քարոզին, զոր Ան արտասանեց երեքշաբթի 11 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 5-ին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Կարդինալ Փարոլինին մատուցած եւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի բացման նիստի վաթսուն ամեակին նուիրուած Սուրբ պատարագի ընթացքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին կարդինալական եւ եպիսկոպոսական դասի անդամներ, կղերական դասը եւ վեց հազարէ աւելի հաւատացեալներ։

Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին բացման 60 ամեակին նուիրուած պատարագ
Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին բացման 60 ամեակին նուիրուած պատարագ

Պատարագէն առաջ ի յիշատակ Վատիկանեան Տիեզերական Ժողովի բացման արարողութեան ընթերցումներ կատարուեցան այդ ժողովի փաստաթուղթերէն, իսկ պատարագի աւարտին տեղի կ՛ունենայ մոմավառութիւն։

Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին բացման 60 ամեակին նուիրուած պատարագ
Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին բացման 60 ամեակին նուիրուած պատարագ

Արարողութեան ընթացքին սուրբ գրային ընթերցումներէն ետքը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խօսք առնելով ակնարկեց Յիսուսին Սուրբ Պետրոսին ուղղած առաջին հարցումին. «կը սիրե՞ս զիս» (Յովհ. 21,15), ապա Անոր վերջին խօսքին. «արածէ ոչխարներս», հաստատելով, որ այսօր եւս «Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի բացման տարեդարձին առիթով այդ խօսքերը ուղղուած են մեզի, որպէս Եկեղեցի, Տիրոջ խօսքերը. կը սիրե՞ս զիս եւ արածէ ոչխարներս»։

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց նախ կը սիրես զիս հարցումին վրայ ապա արածէ ոչխարներս խօսքին վրայ։

Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին բացման 60 ամեակին նուիրուած պատարագ
Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին բացման 60 ամեակին նուիրուած պատարագ

Կը սիրե՞ս զիս

«Կը սիրես զիս»ը հարցում մըն է, որովհետեւ Յիսուսին ոճը պատասխաններ տալէն աւելի հարցումներ ուղղել է, հարցումներ` որոնք կը ոգեւորեն կեանքը։ Եւ Տէրը այսօր եւս հարց կու տայ Եկեղեցւոյ` իր հարսին «կը սիրե՞ս զիս», յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ «Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովը մեծ պատասխան մը եղաւ այդ հարցումին եւ Տիրոջ նկատմամբ սէրը ոգեւորելու համար, պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով Եկեղեցին կազմակերպեց Հաւաք մը` հարցաքննելու համար ինքզինք եւ խորհրդածելու համար իր բնութեան եւ առաքելութեան մասին»։

«Ան ապա ինքզինք բացայայտեց` որպէս շնորհքի Խորհուրդ մը, ծնունդ առած սէրէն։ Ինքզինք բացայայտեց` որպէս Աստուծոյ Ժողովուրդ, Քրիստոսի Մարմին, Սուրբ Հոգիին կենդանի տաճար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, հրաւիրելով միշտ մեկնիլ Աստուծմէ եւ ոչ թէ «ես»էն եւ զգոյշ ըլլալու` մենք մեզ աշխարհիկ քամիին յանձնելէ ու ժամանակաւոր նորոյթներուն հետեւելէ։

Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին բացման 60 ամեակին նուիրուած պատարագ
Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին բացման 60 ամեակին նուիրուած պատարագ

Վերագտնել Տիեզերական Ժողովի հոգին

«Պէտք է վերագտնենք Տիեզերական Ժողովը, որպէսզի Աստուծոյ` էականին վերադարձնենք առաջնութիւնը։ Ըլլանք Եկեղեցի մը` որ խենթ է Տիրոջ ու բոլոր մարդոց նկատմամբ սիրով, Եկեղեցի մը, որ հարուստ է Յիսուսով ու աղքատ միջոցներով, Եկեղեցի մը` ազատ եւ ազատագրող» ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով վերադառնալ առաջին սիրոյ ակնաղբիւրին` Գալիլիա։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա ուրախութեան` հաւատքի ուրախութեան, եւ հաստատեց թէ «Յիսուսին սիրահար Եկեղեցի մը ժամանակ չունի բախումներու, թոյներու եւ վէճերու», աւելցնելով նաեւ թէ «Եկեղեցի մը` որ ուրախութիւնը կորսնցուցած է կորսնցուցած է սէրը», եւ ասկէ մեկնելով հայցեց` որ Տէրը մեզի սորվեցնէ Եկեղեցին տեսնել այնպէս ինչպէս Ինք կը տեսնէ զայն ու յիշեցնէ թէ «Եկեղեցի ըլլալ կը նշանակէ վկայել Տիրոջ սէրը ու ապրիլ «կը սիրե՞ս զիս» հարցումին պատասխանելով»։

Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին բացման 60 ամեակին նուիրուած պատարագ
Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին բացման 60 ամեակին նուիրուած պատարագ

Արածէ իմ ոչխարներս

Արածէ իմ ոչխարներս. Մտաբերենք Պետրոսը` ձուկերու ձկնորս էր եւ Յիսուս զայն վերածեց մարդոց ձկնորսի եւ ահա այժմ անոր կու տայ նոր արհեստ մը` հովիւին արհեստը` ան, որ ուրիշներով կը զբաղի, կը հովուէ միւսները։ ԱւելիՆ հովիւը կ՛ապրի հօտին հետ, զանոնք կը կերակրէ։ Հովիւը ձկնորսի նման չէ, ան կը գտնուի ժողովուրդին առջեւ ցոյց տալու համար ճանապարհը, ժողովուրդին մէջտեղ, որպէս անոնցմէ մին եւ ժողովուրդին ետեւ մօտիկ ըլլալու համար անոնց որոնք ուշացած են։ Ան անոնց մէջտեղ կը կանգնի եւ ահա այս է Տիեզերական Ժողովին հայեացքը. աշխարհին մէջ ապրիլ միւսներուն հետ, առանց մենք մեզ գերադասելու միւսներուն, ըլլանք ծառաները` Աստուծոյ Թագաւորութեան (հմմտ Lumen gentium, 5), տանինք Աւետարանին աւետիսը մարդոց կեանքին մէջ (հմմտ Sacrosanctum Concilium, 36) , կիսելով անոնց ուրախութիւններն ու յոյսերը (հմմտ. Gaudium et spes, 1), ըսաւ Սրբազան Պապը։

Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին բացման 60 ամեակին նուիրուած պատարագ
Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին բացման 60 ամեակին նուիրուած պատարագ

Եկեղեցին գոյութիւն ունի սիրելու համար

«Եկեղեցին Տիեզերական Ժողովը չի գումարեց, որպէսզի ինքնիրմով հմայուի այլ ինքզինք նուիրելու համար» աւեցլուց Ան ու շարունակեց. «Եկեղեցին գոյութիւն ունի սիրելու համար։ Ան պէտք է ծառայէ աշխարհին։ Ուստի վերադառնանք Տիեզերական Ժողովին, որպէսզի դուրս գանք մենք մեզմէ եւ յաղթահարենք ինքնահաճութեան փորձութիւնը»։ 

«Տէրը իր Եկեղեցւոյ կը կրկնէ արածէ խօսքը յատուկէն նկատի ունենալով Աստուծոյ աչքերուն առջեւ առանձնաշնորհեալները` աղքատներն ու բացառուածները» ընդգծեց ապա Սրբազան Պապը նշելով նեաւ որ «Բարի Հովիւը կ՛ուզէ տեսնել իր հօտը միացած, անոր պարգեւած Հովիւներու առաջնորդութեան տակ»։

«Ան կ՛ուզէ միասնութեան հայեացք մը եւ Եկեղեցին, Սուրբ Երրորդութեան պատկերին համաձայն, հաղորդութիւն է։ Մինչ սատանան կ՛ուզէ բաժանումի ցեցը սերմանել։ Զգոյշ ըլլանք անոր շողոքորթութիւններէն», ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով եկեղեցւոյ մէջ բաժանումներուն ու անհասկացողութիւններուն, ու հաստատելով` որ «Տէրը կ՛ուզէ որ իր հօտը ըլլայ միացած» եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց յաղթահարել բևեռացումները եւ պահպանել հաղորդութիւնը` ըլլալ միշտ աւելիով «մէկ բան», այնպէս ինչպէս Յիսուս խնդրեց իր կեանքը մեզի համար զոհելէն առաջ։

Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին բացման 60 ամեակին նուիրուած պատարագ
Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին բացման 60 ամեակին նուիրուած պատարագ

Տէ՛ր, դուն ամէն բան գիտես. դուն գիտես, որ մենք քեզ կը սիրենք

Քահանայապետը առ այդ հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեր մէջ աւելցնէ միութեան շունչը ու նաեւ իղձը` յանձնառու ըլլալու Քրիստոսի բոլոր հաւատացեալներուն միջեւ լիակատար հաղորդութեան ի նպաստ։

Քարոզը չաւարտած Սրբազան Պապը ուզեց շնորհակալութիւն յայտնել արարողութեան մասնակցող քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն ապա գոհութիւն մատուցեց Աստուծոյ Տիեզերական Ժողովի պարգեւին համար։

Դուն, որ մեզ կը սիրես, ազատէ մեզ ինքնաբաւութեան կանխավարկածէն և աշխարհիկ քննադատութեան ոգիէն։ Դուն, որ մեզ քնքշութեամբ կը կերակրես, մեզ դուրս բեր ինքնահաճութեան ցանկապատներէն։ Դուն, որ մեզ միասնական հօտ կ՛ուզես, ազատէ մեզ բևեռացումներու դիւային արհեստէն։ Եւ մենք՝ քու Եկեղեցիդ, Պետրոսի հետ և Պետրոսի նման Քեզի կ՛ըսենք. «Տէ՛ր, դուն ամէն բան գիտես. դուն գիտես, որ մենք քեզ կը սիրենք» (հմմտ. Յովհ. 21:17):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2022, 17:58