Ամէնէն անապահովներուն հիւրընկալութիւն և խնամք՝ տարեցներու նկատմամբ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Այսօր՝ հոկտեմբերի 21-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Ֆրանսայի հիւսիսային շրջանի պետական կառավարիչներու պատուիրակութիւնը՝ Քամպրէյի արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Վենսան Տոլլմանի ուղեկցութեամբ։
Այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ Սրբազան Պապը իր ուրախութիւնը յայտնեց Գերապայծառ Տոլլմանին որուն նախաձեռնութեամբ կատարուեցաւ ուղևորութիւնը, և անոր ջանքերուն համար` ուղղուած քաղաքացիական և կրօնական իշխանութիւններու միջև համագործակցութեան։
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ նաև, ժամանակին արդիւնաբերական հարուստ այդ տարածաշրջանի բնակչութեան աղքատացումին, որ հետևանքն է տնտեսական ճգնաժամի, և յորդորեց՝ անկախ քաղաքական պատկանելութենէն, էական լուծումներ առաջարկելու իրենց բնակիչներուն և բարձրագոյն իշխանութիւններու ուշադրութեանը ներկայացնելու անոնց ձգտումներն ու իրական կարիքները։
Այս ոլորտէն ներս Պապը շեշտեց նաև, որ տեղեակ է տարածաշրջանի մշակութային կարևորութեան մասին, սեփական արմատները կարևորելու հպարտութեան մասին, իրենց արժանապատւութեան մասին բոլորին յիշեցնելու մասին։ «Ճիշտ այդ ասպարէզէն ներս կրնաք ձեզ վերագտնել», յարեց Սրբազան Քահանայապետը։
Ան այնուհետև խրախուսեց զանոնք իրենց գործունէութիւնը հիմնել յատկապէս «ընդունելութիւն» և «խնամք» բառերուն վրայ։
Հիւրնկալութիւն՝ ամէնէն անապահովներուն և առաջին հերթին գաղթականներուն նկատմամբ։
Խնամք՝ ծերանոցներու մէջ գտնուող տարեցներու և կեանքի վերջին փուլի մէջ գտնուող մարդկանց նկատմամբ, շեշտեց Սրբազան Պապը որ ապա իր գոհունակութիւնը արտայայտեց ներկաներուն առ այն, որ ստանձնած են պարտականութիւններ տնտեսական և սոցիալական ոլորտներէն ներս և հետաքրքրուած են Եկեղեցւոյ ուղերձով՝ ընդհանուր և կարևոր հարցերու շուրջ։
Նորին Սրբութիւնը ճառը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն եւ անոնց վրայ հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ