Որոնել

19611011-piazza-san-Pietro-Ingresso-Papa-Giovanni-XXIII-Apertura-Concilio-Vaticanosecondo-.jpg

Այսօր կը յիշատակուի Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետին ծիսական տօնը

Երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ-ի Նորամուծութիւնները
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Այսօր կը յիշատակուի Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետին ծիսական տօնը։ Օրը ընտրուած է նկատի առնելով Սուրբ Քահանայապետին Քահանայապետութիւնը յատկանշող ամենակարեւոր որոշումներէն մին` այն է գումարել Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովը, որուն բացումը կատարուեցաւ վաթսուն տարիներ առաջ ճիշտ այսօր` 11 հոկտեմբերին։

Անճելօ Ռոնքալլին եօթանասունեօթ տարեկան էր, երբ 1958-ի Հոկտեմբեր 28-ին Պապ ընտրուեցաւ: Ասոր համար շատեր կը մտածէին թէ անոր քահանայապետութիւնը «անցողակի քահանայապետութիւն» մը պիտի ըլլար, սակայն իրականութեան մէջ Յովհաննէս ԻԳ-ի քահանայապետութեան տարիները` Պետրոսի գահին վրայ, արձանագրուած են` Եկեղեցւոյ համար կարեւոր նորութիւններով:

Անոր գլխաւոր նորամուծութիւնը անկասկած կը վերաբերի 11 հոկտեմբեր 1962-ի Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի գումարման, որով կը փորձէ հասկնալ ժամանակի նոր մարտահրաւէրները որոնց դիմաց կը գտնուէր Եկեղեցին:

Բնականաբար խօսքը չէր վերաբերուեր նոր ճշմարտութիւններու հաստատման, այլ վարդապետութեան աւելի արդիական ներկայացումին` շեշտելով ողորմութեան, խաղաղութեան, երկխօսութեան եւ համամիութեան ներշնչումը:

Յովհաննէս ԻԳ եւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովը

Ստանձնելով Հռոմի Եպիսկոպոսի տիտղոսը Յովհաննէս ԻԳ նոր թափ կու տայ անոր հովուական բնոյթին` հաւատացեալներու հետ բազմաթիւ հանդիպումներով եւ ժողովրդապետութիւններուն տուած այցելութիւններով։

Ան Առաջին Քահանայապետն է` որ 1958-ի Դեկտեմբեր 25-ին կ’այցելէ «Bambino Gesù - Մանուկ Յիսուս» մանկական հիւանդանոցը եւ առաջինն է որ հանդիպում կ’ունենայ «Regina Coeli – Երկինքի Թագուհի» անուամբ բանտի բանտարկեալներուն հետ:

Առաջին անգամ ըլլալով կը փոխէ կարդինալներու թիւի սահմանափակման օրէնքը` անոնց թիւը հասցնելով մինչեւ 75-ի, ապա 90-ի:

Առաջին Քահանայապետն է, որ ունկնդրութիւն կու տայ Անկլիքան Եկեղեցւոյ առաջնորդին:

Առաջինն է` որ կ’անուանէ Ափրիկեցի, Ճափոնցի եւ Փիլիպինցի կարդինալներ:

Պատմութեան մէջ` առաջին անգամ Սուրբ Յովհաննէս Խաչեանի պատուոյն, Վատիկանի Պազիլիքային մէջ կը նախագահէ բիւզանդ-սլաւ ծէսով Քահանայապետական Պատարագին:

Կը հաստատէ «Հրեշտակ Տեառն» կիրակնօրեայ աղօթքի` Առաքելական յարկաբաժնի պատուհանէն արտասանելու աւանդութիւնը:

Մինչեւ այսօր, միակ Քահանայապետն է, որ պարգեւատրուած է Ժողովուրդներու եղբայրութեան եւ մարդասիրութեան խաղաղութեան Պալծան մրցանակով:

Առաջինն է` որ կը պատասխանէ Քրեմլինէն եկած հեռագիրին:

Կը ջնջէ կարդինալներուն` նորընտիր Քահանայապետին հողաթափը համբուրելու սովորութիւնը:

Կը ջնջէ նաեւ Վատիկանի պարտէզին մէջ Քահանայապետին պտտած ատեն` հաւատացեալներու մուտքը Սուրբ Պետրոսի գմբեթ արգիլելու հրամանը:

Ան եղաւ «ժողովրդային Քահանայապետ» Եկեղեցին մօտեցնելով հաւատացեալներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2022, 08:32