Որոնել

1665915787840.JPG

Տիրամօր բարեխօսութեան յանձնենք պատերազմի զոհ բոլոր ժողովուրդները. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը որոշեց Սիւնհոդոսը կատարել երկու հանգրուաններով, յիշեց երկու նոր երանելիները, «մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը կ՛աղօթեն» ձեռնարկը եւ վաղը յիշատակուող «Թշուառութեան մերժումի Համաշխարհային օրը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 16 հոկտեմբեր 2022ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով հրապարակ ժամանած հազարաւոր ուխտաւորներուն, ակնարկեց անցեալ տարի` 10 հոկտեմբերին սկիզբ առած Եպիսկոպոսներու Ընդհանուր ԺԶ սիւնհոդոսի առաջին փուլին` «Սիւնհոդոսական Եկեղեցւոյ մը ի սպաս. Հաղորդութիւն, մասնակցութիւն եւ առաքելութիւն» բնաբանով, որուն բերումով «յատուկ եկեղեցիներուն մէջ կը շարունակուի տեղի ունենալ Սիւնհոդոսի առաջին փուլը` ունկնդրութեան եւ զատորոշումի միջոցաւ» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով, որ «սիւնհոդոսի պտուղները բազմաթիւ են, բայց որպէսզի անոնք հասնին հասունութեան պէտք չէ շտապել»։

Յառաջիկայ Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը երկու հանգրուաններով

«Ուստի զատորոշումի համար աւելի ծաւալուն ժամանակ տալու նպատակով որոշեցի, որ այս հաւաքը տեղի ունենայ երկու հանգրուաններով` առաջինը 2023-ի 4 - 29 հոկտեմբերին եւ երկրորդը 2024-ի հոկտեմբերին» ըսաւ Սրբազան Պապը մաղթելով, որ «այս որոշումը նպաստէ հասկնալու սիւնհոդոսականութիւնը` որպէս Եկեղեցւոյ հիմնարար չափանիշ եւ օգնէ բոլորին զայն ապրելու եղբայրներու եւ քոյրերու ուղեւորութեան մէջ, որոնք կը վկայեն Աւետարանի ուրախութիւնը»։

Երկու նոր երանելիներ

Սրբազան Պապը յիշեց հուսկ թէ այսօր Իտալիոյ Քունէօ քաղաքին մէջ Երանելի կը հռչակուին Հայր Ճուզեփփէ Պերնարտի եւ Հայր Մարիօ Կիպաուտոն, որոնք սպաննուեցան իրենց հաւատքին համար 1943 թուականին։

«Անոնք` վտանգի պահուն չի լքեցին իրենց յանձնուած ժողովուրդը, այլ անոր սպասարկեցին մինչեւ արեան հեղումը, կիսելով քաղաքացիներուն ճակատագիրը, որոնք բնաջնջուեցան նացիստներու կողմէ» յարեց Նորին Սրբութիւնը, մաղթելով որ «Անոնց օրինակը մեր մէջ հրահրէ իղձը ըլլալու հովիւներ` Քրիստոսի սրտին համաձայն, միշտ մօտիկ ըլլալով ժողովրդուին»։

Մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը կ՛աղօթեն

Սրբազան Պապը մատնանշեց հուսկ յառաջիկայ երեքշաբթի` 18 հոկտեմբերին «մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը կ՛աղօթեն» Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հիմնարկի ձեռնարկին, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր մանուկներուն ու հրաւիրելով միանալու անոնց` եւ Տիրամօր բարեխօսութեան յանձնելու մարտիրոս ուքրանացի ժողովուրդը ու բոլոր միւս ժողովուրդները, «որոնք կը տառապին պատերազմի պատճառաւ եւ ամէն տեսակ բռնութեան ու թշուառութեան պատճառաւ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ակնարկելով նաեւ, որ «վաղը կը յիշատակուի «Թշուառութեան մերժումի Համաշխարհային օրը» եւ այս առընչութեամբ հրաւիրեց ձեռք երկարել եւ այնպէս ընել, որ ընկերութեան մէջ ոչ մէկը ըլլայ բացառուած»։

Քահանայապետը հուսկ ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը ապա հրաժեշտ առնելով անոնցմէ մաղթեց բարի կիրակի խնդրելով, որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2022, 12:45