Որոնել

Առաքելական պալատը Առաքելական պալատը 

Քահանայապետին աղօթքը Քուպան եւ Ֆլորիտան հարուածող փոթորիկի զոհերուն համար

Սրբազան Պապը յիշեց նաեւ Կիրակի երեկոյեան սկիզբ առնող եւ մինչեւ 16 հոկտեմբեր երկարող Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի ճակատին վրայ Սուրբ Պետրոսի մասին ցուցադրուելիք տեսերիզը` ժամը 21էն 23, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց` որոնք իրագործեցին այդ ձեռնարկը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 2 Հոկտեմբերի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ կիրակնօրեայ խորհրդածութիւնը նուիրեց Ուքրանիոյ պատերազմին, Ռուսաստանի Նախագահէն խնդրելով որ դադրեցնէ պատերազմը ու Ուքրանիոյ նախագահէն` որ բաց ըլլայ բանակցութեան, իր մօտիկութիւնը արտայայտեց Քուպայի եւ Ֆլորիտայի բնակչութեան, որոնք անցեալ օրերուն թիրախ դարձան սաստիկ փոթորիկին։

«Տէրը թող ընդունի զոհերը, մխիթարութիւն եւ յոյս պարգեւէ անոնց` որոնք կը տառապին ու թիկունք կանգի զօրակցութեան յանձնառումին», ըսաւ Սրբազան Պապը աղօթքներ ապահովեցնելով նաեւ Ինտոնէզիայի մէջ ոտնագունդի խաղի մը ընթացքին բռնկած բախումներու զոհերուն։

Քահանայապետը յիշեց հուսկ կիրակի երեկոյեան սկիզբ առնող եւ մինչեւ 16 հոկտեմբեր երկարող Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի ճակատին վրայ Սուրբ Պետրոսի մասին ցուցադրուելիք տեսերիզը, ժամը 21էն 23, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց` որոնք իրագործեցին այդ ձեռնարկը։

Ան ապա ողջունեց տարբեր վայրերէ հրապարակ ժամանած ուխտաւորները հուսկ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի եւ խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2022, 12:37