Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթները` Մայր Թերեզայի մահուան 25 ամեակի եւ ՄԱԿ-ի Բարեգործութեան միջազգային Օրուան առիթներով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի 5 սեպտեմբերին կը յիշատակուի Կալկաթայի սրբուհի Մայր Թերեզայի մահուան 25 ամեակը ու նաեւ 2012-ին ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած Բարեգործութեան միջազգային Օրը։
Օրը առաջարկուած է հունգարացիներու կողմէ` 2011 թուականին ու կապուած է Մայր Թերեզայի մահուան օրուան։ Արդարեւ Անոր ծաւալած գործունութիւնը ոգեշնչող օրինակ է եւ շատեր համախմբած է անշահախնդիր բարի գործեր կատարելու, աջակցելու, նուիրելու եւ նուիրուելու գաղափարներու ու գործերու շուրջը։
2012 թուականի դեկտեմբերի 17-ին՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 67-րդ նստաշրջանի ընթացքին, Հունգարիայի առաջարկով ընդունուեցաւ բանաձևը և սեպտեմբերի 5-ը հռչակուեցաւ, որպէս Բարեգործութեան միջազգային Օր։ Սոյն որոշումը 2013-ի մարտի 7-ին` արժանացաւ 44 երկիրներու հայվանութեան։
Յիշատակութեան արժանի վերոնշեալ զոյգ օրերուն առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը հրապարակեց երկու թուիթներ որոնցմէ առաջինը նուիրուած էր Մայր Թերեզայի մահուան 25 ամեակին եւ երկրորդը Բարեգործութեան միջազգային Օրուան։
Առաջինին մէջ Քահանայապետը գրեց.
Իսկ աւելի ուշ հրապարակուած միւս թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց.
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ