Ֆրանչիսկոս Պապ. «Խաղաղութիւնը ապրուելիք առաքելութիւն մըն է դռնէ դուռ»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կազմակերպութեամբ Իտալիոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի հովուական ծառայութեան բաժանմունքին եւ Իտալական միսիոներական հաստատութիւններուն ժողովին, հինգշաբթի, 29 սեպտեմբերին, Իտալիոյ Միլանօ թեմի արքեպիսկոպոսարանէն ներս սկիզբ առաւ Առաքելութեան փառատօնը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 2 հոկտեմբեր։
Այս առթիւ, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին, փառատօնին մասնակիցներուն յղած է պատգամ մը, որուն մէջ ի տես աշխարհի մէջ տեղի ունեցած կտոր կտոր համաշխարհային պատերազմին, նշած է որ «Քրիստոնեաները ունին խաղաղութեան վկաներուն հիմնարար դերը՝ ամէն մէկը իր անձին մէջ, անհատապէս ու մասնաւորապէս հոն ուր որ կ՝ապրին»։
Վատիկանի Պետական քարտուղարը յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամին մէջ նկատել տուած, է որ «Ժամանակից մարտահրաւէրներուն եւ ողբերգութիւններուն դիմաց, առաւել եւս անհրաժեշտ է ընդգծել առաքելութեան կարեւոր իմաստը, այն խաղաղութեան վկայութեան՝ ապրուած, անհատապէս եւ որպէս ժողովուրդ»։
Իսկական խաղաղութիւնը պարգեւ մըն է
Կարդինալ Փարոլին ապա նշած է որ «մենք քրիստոնեաներս վստահ ենք, որ իսկական խաղաղութիւնը պարգեւ մըն է Յարուցեալէն, ուստի կանչուած ենք մեր կարգին փոխանցելու ուրիշներուն, միահիւսելով անոնց մէջ արդարութիւն եւ ողորմածութիւն ու այս խաղաղութեան վկայութիւնը յանձնառում մըն է ապրելու համար ամէն օր, տարբեր միջավայրերու մէջ՝ դառնալու համար դռնէ դուռ միսիոնարներ։
Պատգամին մէջ կարդինալ Փարոլին կը քաջալերէ բոլորը, մանաւանդ երիտասարդները սեւեռելու իրենց հայեացքները դէպի գոյութեան հսկայական հորիզոնները՝ փոխանցելու համար Աւետարանի ազատարար աւետումը, հոն ուր «մարդը յոգնած, հիասթափուած եւ մոլորած է»։
Կարդինալ Փարոլին պատգամը աւարտած է նշելով, որ կարիքը ունինք առաքեալներուն, որոնք համոզուած են իրենց հաւատքին մէջ ու կարող են յոյսի կրակը փոխանցել մեր ժամանակից մարդկանց ու կանանց։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ