Բարեգործութիւնը միշտ կ’ենթադրէ սեփական կեանքի պարտադիր նուիրում. Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, այսօր՝ Սեպտեմբեր 5-ին ընդունեց Սպանական Քարիթասի անդամները՝ բարեգործական կազմակերպութեան հիմնադրման 75-ամեակի կապակցութեամբ:
«Մեծատառերով Բարեգործութիւնը, Սէրը, ըսաւ անոնց Քահանայապետը իր ուղղած պատգամին մէջ, Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդ արարածի ամենէ էական յատկանիշն է և ասոր համար ան մեզի իրարու ամենէ շատ միաւորող լեզուն է»:
Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Աստուծոյ և մեր եղբայրներու հետ հաղորդութեան Քրիստոսի այդ կոչը պէտք է ուղենիշը ըլլայ Քարիթասի աշխատանքին համար, ուղղէ անոր ջանքերը վերականգնելու մարդկանց և համայնքներու մէջ երբեմն կորսուած միասնութիւն:
Սրբազան պապը հուսկ խօսքը կեդրոնացուց Քարիթասին առջեւ կայացած երեք մարտահրաւէրներուն վրայ.
Բացուիլ ուրիշներոն և Աստուծոյ
Ակնարկելով «Աշխատիլ ըստ կարողութիւններու ու հնարաւորութիւններու՝ ուղեկցելով գործընթացներուն» մարտահրաւէրին, Պապը շեշտեց, որ այդ գործընթացի մէջ արդիւնքը չէ որ կարևոր է, այլ կոտրուած, իր տեղը չգտնող մարդու առջևը վերականգնումի ճանապարհներ բանալն է, որպէսզի ան գտնէ ինքզինքը, փնտռէ իր տեղը և բացուի ուրիշներուն և Աստուծոյ:
ժեստերը բաւարար չեն
Յղում կատարելով «զահեկան գործողութիւններ իրականացնել», մարտահրաւէրին, Ֆրանչիսկոսը նշեց, որ ասիկա անհրաժեշտ է նախորդը իրականացնելու համար և ընդգծեց, թէ «փորձանքէն դուրս գալու» համար բաւարար չեն արարքները, որոնք չեն նպաստեր մարդոց իրական փոփոխութեանը: Տէրը կ’առաջարկէ ըլլալ արդարութեան, սիրոյ և խաղաղութեան թագաւորութեան խմորում: Յիսուսն իր կեանքով ու գործով կը յայտնէ, որ «տալը» բաւարար չէ: Բարեգործութիւնը միշտ կ’ենթադրէ սեփական կեանքի պարտադիր նուիրում, բոլորին ծառան ըլլալը։
Կարիքաւորին առաջարկել Քրիստոսին երկարած ձեռքը
Խօսելով երրորդ մարտահրաւէրի մասին՝ «ըլլալ եկեղեցական համայնքի գործողութեան խողովակ», Սրբազան Պապը ըսաւ, որ այս մէկը կը միանայ նախորդին և ընդգծեց, որ Եկեղեցին, որպէս Քրիստոսի Մարմին, կ’երկարացնէ անոր գործողութիւնները պատմութեան մէջ, իսկ Քրիստոսի կողմէ երկարած ձեռքը, Քարիթասին կողմէ կ’առաջարկուի անոր կարիքը ունեցողներուն և միևնոյն ժամանակ թոյլ կու տայ մեզի կառչիլ Քրիստոսին՝ երբ Ան մեզ կը հարցաքննէ` եղբօր տառապանքներուն մէջ: Յիշեցէք, ըսաւ Սրբազան Պապը, միակ պահը որուն մէջ արտօնուած է անձի մը նայիլ վերէն վար պահն է երբ անոր ձեռք կ՜երկարենք զայն վերականգնելու համար։
«Նման կապուղի ըլլալը պէտք է ընկալուի, որպէս այդ եզակի և անհրաժեշտ փորձառութիւնը, որուն Տէրը կը հրաւիրէ մեզ միանալու, երբ կ’ըսէ «կ’ուզե՞ս գիտնալ, թէ ո՞վ է քու մերձաւորդ: Գնա և նոյնն ըրէ։ Մօտիկութիւնը, մօտիկութիւնը», կրկնեց Ֆրանչիսկոս Պապը ապա հրաւիրեց ներկաները լաւապէս օգտագործելու իրենց տրամադրութեան տակ գտնուղ միջոցները։
Աշխատիլ համաձայն կոչումի, այլ ոչ՝ զբաղմունքի
Ֆրանչիսկոսը յատուկ կերպով պնդեց ուշադիր ըլլալու ֆինանսական միջոցներուն ու չիյնալ բարեգործական մեծ առևտուրի մէջ, որտեղ այդ միջոցներու 40, 50, 60 տոկոսը կ’ուղղուին աշխատողներու աշխատավարձին։ «Եւրոպայի մէջ կան ձեռնարկութիւններ, ներեցէք, բարեգործական շարժումներ, որոնք, 60%-ը, գուցէ շատ է... բայց 40%-ը և այլն կ’ուղղեն աշխատավարձի» ըսաւ Պապը և նկատել տուաւ, որ պէտք է աշխատիլ համաձայն կոչումի, այլ ոչ՝ զբաղմունքի, շեշտելով, որ «եկուր` այստեղ, ես քեզ Քարիթասի մէջ աշխատանք կու տամ...» արտայայտութիւններ չպէտք է տեղ գտնեն անոնց մէջ:
Ան ապա խօսքը եզրափակեց օրհնելով Սպանիոյ Քարիթասի անդամները և յորդորելով չմոռնալ աղօթելու իրեն համար
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ