Ֆրանչիսկոս Պապ. Վերջ տանք սնունդի շահարկումներուն, սնունդը բոլորին համար է
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի 29 սեպտեմբերին յիշատակուող սննդամթերքի թափօններու և կորուստի իրազեկման միջազգային օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց ՖԱՕ-ին, որուն մէջ ընդգծեց ընկերային արդարութեան պակասը, որուն բերումով աշխարհի բնակչութեան մէկ երրորդին կը պակսի բաւարար սնունդ։ «Մենք պէտք է հաւաքենք ու բաժնենք, ոչ թէ արտադրենք, ցրելու համար» հաստատեց Քահանայապետը պատգամին մէջ։
Անսանք արդարութիւն պահանջող քաղցածներու սրտաճմլիկ աղաղակին
Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց այն խոր անհաւասարութեան, որ գոյութիւն ունի աշխարհին մէջ ընդմէջ անոնց որոնք կ՛ապրին առատութեան մէջ եւ անոնց որոնք կը տառապին կամ նոյնիսկ կը մեռնին անօթութենէն։
Չի բաւարարուինք խօսքերով հրատապ է պատասխանել արդիւնաւէտ կերպով «արդարութիւն պահանջող քաղցածներու սրտաճմլիկ աղաղակին»։
Ուտելիքները աղբանոց նետելը ամօթալի է
«Ուտելիքները աղբանոց նետելը կամ զանոնք փճացնելը` կենսամիջոցներու պակասի պատճառով, փոխանակ զանոնք հասցէատէրերուն հասցնելու, իսկապէս ամօթալի և մտահոգիչ է» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ, դիտել տալով, որ աշխարհի մէջ անօթութենէն տառապող անձանց թիւը շատ աւելիով աճեցաւ ի տես նաեւ մարդկութեան դիմագրաւած տարբեր մարտահրաւէրներուն։ «Անոնց աղաղակը պէտք է հնչէ այն կեդրոններուն մէջ ուր որոշումներ կը կայացուին» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը, շեշտելով թէ «ուտեստեղէնները մսխելը կը նշանակէ մսխել մարդիկը»։
Ընկերային արդարութեան պակաս
«Իրականութիւնը այն է, թէ աշխարհին մէջ կայ այնքան առատ կերակուր, որ կարելի է այնպէս ընել, որ ոչ մէկը անօթի երթայ անկողին», դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը այս առընչութեամբ հաստատելով, որ հարցը «ընկերային արդարութեան պակասն է», այսինքն «ձեւը` որով կենսամիջոցները կը մատակարարուին եւ կը բաժնուի հարստութիւնը»։
«Սննդամթերքը չի կրնար ըլլալ շահարկումներու առարկայ» եւ «գայթակղութիւն է որ մեծ արտադրողները կը խրախուսեն հարկադիր սպառողականութիւնը` հարստանալու համար, նոյնիսկ հաշուի չառնելով մարդոց իրական կարիքները» նշեց Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով` որ «պէտք է կասեցուի սնունդի շահարկումը։ Պէտք է դադրինք բոլորին համար բարիք հանդիսացող սնունդը դիտարկելէ` որպէս սակարկութեան առարկայ քիչերուն համար»։
Խնամք տանիլ հասարակաց տան
Եւ պէտք ենք նաեւ դադրիլ Հողը շահագործելէ ու անոր հետ «վատ վերաբերմունք ունենալէ ու կործանելէ», «մեր սպառողական աւելցուկներուն համար» կը գրէ միշտ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ յիշեցնելով նաեւ թէ երիտասարդներն են որոնք մեզմէ կը պահանջեն հայեացքը սրել ու սիրտը լայնցել «Խնամելու համար Աստուծոյ ձեռքերէն դուրս եկած հասարակաց տունը»։
Ոչ ոք մնայ առանց իրեն անհրաժեշտ սնունդին
«Ժամն է գործի լուծուելու անյապաղ ի նպաստս հասարակաց բարիքին։ Հրատապ է, որ բոլորն ալ առանց բացառութեան արդիւնաւէտ եւ ազնիւ կերպով պատասխանեն արդարութիւն պահանջող անօթիներու սրտաճմլիկ լացին» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը որ պատգամը կ՛աւարտէ նշելով, որ իւրաքանչիւրիս կ՛իյնայ «Գիտակցաբար և պատասխանատուութեամբ սեփական կեանքը կողմնորոշել», որպէսզի` ոչ ոք մնայ առանց իրեն անհրաժեշտ սնունդին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ