«Թող` որ նոր Երանելին մեզի համար ընդունի հոգիին ժպիտը». Յովհաննէս Պօղոս Ա-ի երանցման արարողութիւնը Վատիկանի մէջ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Այսօրուան Աւետարանը (Ղուկաս 14, 25-33) մեզի կ՛ըսէ, որ Յիսուս դէպի Երուսաղէմ կ՛երթար եւ «ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը կ՛երթար Անոր հետ։ Յիսուսին հետ երթալ կը նշանակէ հետեւիլ Անոր, այսինքն դառնալ Անոր աշակերտը։ Բայց եւ այնպէս Տէրը այս մարդոց կ՛ուղղէ շատ պահանջկոտ եւ քիչ հրապուրող ճառ մը. Չի կրնար իր աշակերտը ըլլալ ան, որ զինք չի սիրեր իր սիրելիներէն աւելի, ան որ չի կրեր իր խաչը, ան որ չ՛անջատուիր երկրային բարիքներէն (հմմտ. 26-27.33)»։
Յովհաննէս Պօղոս Ա Երանելի
Այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը սկիզբ տուաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ արտասանած քարոզին` Յովհաննէս Պօղոս Ա Քահանայապետի Երանացման նուիրուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, որուն մասնակցեցան բազմահազար հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիներու պաշտօնական պատուիրակութիւններ։ Ներկայ էր նաեւ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ Սերճօ Մաթթարելլան։
Սուրբ Զոհին սկիզբը Պելլունօ Թեմին եպիսկոպոսը Քահանայապետին դիմեց Յովհաննէս Պօղոս Ա Երանելի հռչակելու խնդրանքով, ապա ընթերցումը կատարուեցաւ Անոր կենսագրականին, մատնանշելով գործած հրաշքին, որմէ ետքը քօղազերծումը կատարուեցաւ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի ճակատին վրայ տեղադրուած Նոր Երանելիի հսկայական պատկերին մինչ հաւատացեալներ անոր ձեռագիր նամակի մասունքը փոխադրեցին խորան։
Պելլունոյի եպիսկոպոսը առ այդ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին ապա Երանացման դատի խնդրարկուի հետ միասին մօտեցան ու ողջագուրեցին Սրբազան Պապը։
Աստուծոյ ոճը
Քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ որ «Բազմաթիւ մարդիկ Յիսուսին մէջ տեսած էին իրենց ապագային յոյսը» ու թէ «Յիսուս չ՛օգտագործեր այդ մէկը եւ չի ջանար իր համբաւն ու իշխանութիւնը աւելիով տարածել», ինչպէս պիտի ընէր որեւէ այլ վարդապետ մը, կամ մեր օրերուն խորամանկ առաջնորդ մը։
«Աստուծոյ ոճը տարբեր է» ըսաւ Սրբազան Պապը, «Ան չի շահագործեր մեր կարիքները, երբեք չ՛օգտագործեր մեր տկարութիւնները ինքզինք բարձրացնելու համար։ Անոր չեն հետաքրքրեր մեծ բազմութիւնները։ Անիկայ հաճութիւն չի փնտռէր` ընդհակառակը, մտահոգ է երբ կը տեսնէ ամբոխը, որ իրեն կը հետեւի դիւրին խանդավառութեամբ։ Եւ փոխանակ հետեւելու ժողովրդականութեան հրապոյրին իւրաքանչիւր անձէն կը խնդրէ ուշադրութեամբ նայելու զատորոշումի պատճառներուն, որոնք զինք մղեցին հետեւելու Յիսուսին ու նաեւ մտածելու այդ զատորոշումի հետեւանքներու մասին» յարեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը, նկատել տալով, որ «բազմութեան մէջ շատեր Յիսուսին կը հետեւէին, որովհետեւ հաւանականօրէն կ՛ակնկալէին, որ Ան ըլլար այն ղեկավարը` որ զիրենք պիտի ազատէր իրենց թշնամիներէն, մէկ մը` որ իշխանութիւնը ձեռք պիտի առնէր եւ անոնց հետ պիտի կիսեր զայն, եւ կամ մէկ մը` որ հրաշքներով պիտի լուծեր անօթութեան եւ հիւանդութիւններուն հարցերը»։
Տիրոջ հետեւիլ կը նշանակէ խաչը կրել
«Կարելի է Տիրոջ հետեւիլ շատ մը պատճառներու համար եւ անոնցմէ ոմանք աշխարհիկ են։ Կրօնական կատարեալ տեսանելիութեան մը ետին կարող է որ թաքնուի անձնական կարիքները գոհացնելու իղձը, դեր մը` ունենալու փափաքը, նախապատուութիւններ ստանալու փնտռտուքը, եւ շատ մը այլ բաներ» յարեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով` որ «Կարելի է նոյնիսկ Աստուած շահագործել այս բոլորի համար»։
«Այս մէկը սակայն Յիսուսին ոճը չէ։ Եւ չէ կարելի, որ ըլլայ Եկեղեցւոյ եւ Յիսուսին աշակերտին ոճը» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը։ «Տէրը կը պահանջէ այլ վերաբերմունք։ Անոր հետեւիլ կը նշանակէ «խաչը կրել», Իր նման, մեր վրայ վերցնել ուրիշներուն բեռները, կեանքը դարձնել պարգեւ, զայն վատնել ընդօրինակելով վեհանձն ու ողորմած սէրը, որ Ան ունի մեր նկատմամբ։ Ասոնք ընտրանքներ են, որոնք կը ներգրաւեն մեր գոյութեան ամբողջականութիւնը։ Ասոր համար է, որ Յիսուս կ՛ուզէ, որ աշակերտը ոչ մէկ բան դնէ սէրէն առաջ, նոյնիսկ ամենաթանկ զգացմունքներն ու մեծագոյն բարիքները: Եւ այս մէկը ընելու համար պէտք է, որ Անոր նայինք, սորվելով սէրը։ Սիրոյ չափանիշը` առանց չափի սէրն է» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը։
Աստուծոյ կողմէ յաւերժական սիրոյ առարկայ
«Մենք Աստուծոյ կողմէ յաւերժական սիրոյ առարկայ ենք» ըսած է Լուչիանի Քահանայապետը, նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը, «ուստի նայելով Խաչեալին կոչուած ենք բիւրեղացնելու մենք մեզ, Աստուծոյ նկատմամբ աղաւաղուած պատկերացումներէն ու մեր փակումներէն, եւ սիրելու զԱյն եւ միւսները, Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան մէջ, նոյնիսկ անոնք` որոնք մեզ նման չեն մտածեր, մինչեւ իսկ թշնամիները» ըսաւ Քահանայապետը։
Սիրել. Նոյնիսկ եթէ այս մէկը խաչի զոհաբերում կը պահանջէ, կր պահանջէ լռութեան, անհասկացողութեան, առանձնութեան ու հալածանքի խաչը։ Որովհետեւ – կ՛ըսէր Յովհաննէս Պօղոս Ա – եթէ կ՛ուզես խաչեալ Յիսուսը համբուրել, չես կրնար խուսափիլ խաչին վրայ հպելէ եւ անոր գլխուն թագի փուշերէն վիրաւորուելէ» (Ընդհանուր ունկնդրութիւն 27 սեպտեմբեր 1978)։
Աւետարանը ապրիլ մինչեւ վերջ
«Եթէ մենք բարձր նպատակներու չի դիմենք ու գոհանանք վարդի ջուրով թռչուած հաւաքով, կը նմանինք անոր` որ աշտարակ մը կ՛ուզէ շինել, սակայն զայն կառուցելու համար շիտակ հաշիւներ չընէր. Այդ մէկը հիմքերը կը դնէ սակայն անկարող է գործը աւարտին հասցնելու։ Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ Աւետարանը ապրիլ` ապրելու համար կեանքը, ոչ թէ կիսատ ձեւով, այլ մինչեւ վերջ, առանց փոխզիջումներու»։
Փոշի` որուն վրայ Աստուած հաճեցաւ գրել
Եղբայրներ եւ քոյրեր, Նոր Երանելին այսպէս ապրեցաւ իր կեանքը։ Ան մարմնացուց աշակերտին աղքատութիւնը, որ միայն նիւթական բաներէ անջատուիլ չէ, այլ ամէնէն առաջ յաղթելն է սեփական այոն ու անձնական փառքը փնտռելու փորձութիւնը։ Հետեւելով Յիսուսին օրինակին Ան եղաւ հեզ ու խոնարհ հովիւ մը։ Ինքզինք կը նկատեր` որպէս փոշի, որուն վրայ Աստուած հաճեցաւ գրել։
Լուչանի Քահանայապետը իր ժպիտով կարողացաւ փոխանցել Տիրոջ բարութիւնը։ Գեղեցիկ է ուրախ Ժպտալի եւ անդորր դէմքով Եկեղեցին, որ երբեք չի փակեր դռները, երբեք ջղային ու դժգոհ չէ, չի ներկայանար անտանելի ձեւով, չի տառապիր անցեալի կարօտէն։
Աղօթք նոր Երանելիին
Աղօթենք մեր այս հօր ու եղբօր, խնդրենք` որ մեզի համար ընդունի «հոգիին ժպիտը», թաեանցիկ ժպիտը, ան որ չի խաբեր, անոր խօսքերով խնդրենք այն ինչ, որ ինք ընդհանրապէս կը խնդրեր. «Տէր, ընդունէ զիս ինչպէս որ եմ, իմ դերութիւններովս, իմ տկարութիւններովս, եւ թոյլ տուր, որ դառնամ այնպէս, ինչպէս դուն կ՛ուզես» (Ընդհանուր ունկնդրութիւն, 13 սեպտեմբերի 1978 թ.):
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ