Որոնել

Քանատայի ճամբորդութիւնը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան։

Սրբազան Պապը մանրամասնութիւններ ներկայացնելէ ետք զանազան հանդիպումներու մասին յատկապէս` First Nations, Métis e Inuit բնիկ ժողովուրդներուն հետ ունեցած հանդիպումներու մասին, հաստատեց` որ «Այս յիշողութեան, հաշտութեան եւ ապաքինումի ուղեւորութենէն կը բխի յոյս Եկեղեցւոյ համար` Քանատայի մէջ եւ ամենուրէք»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի 3 օգոստոսին Յուլիս ամսուայ դադարէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը դարձեալ սկսաւ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնները, որ Հռոմի մէջ տիրող ջերմ կլիմային պատճառաւ տեղի ունեցաւ Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմահազար հաւատացեալներ։

Ունկնդրութեան ընթացքին Սրբազան Պապը օրուան խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց անցեալ շաբաթ Քանատա կատարած առաքելական ճամբորդութեան վրայ, ակնարկելով անոր զանազան հանգրուաններուն, նպատակին եւ արդիւնքներուն։

Միւս ճամբորդութիւններէն տարբեր ճամբորդութիւն

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր այսօր կ՜ուզեմ ձեզի հետ կիսել մի քանի խորհրդածութիւններ առաքելական ճամբորդութեան մասին, զոր կատարեցի անցեալ օրերուն Քանատա։ Միւսներէն տարբեր ճամբորդութիւն մը եղաւ այս։ Արդարեւ անոր հիմնական պատճառն էր հանդիպիլ բնիկ ժողովուրդներուն ու անոնց արտայայտել իմ մօտիկութիւնս եւ ցաւս ու ներում հայցել չարիքին համար, որ անոնց պատճառուեցաւ այն քրիստոնեաներուն կողմէ, որոնց շարքին շատ մը կաթողիկէներ, որոնք անցեալին համագործակցեցան այդ ժամանակուայ կառավարութեան բռնի ձուլման եւ ազատագրման քաղաքականութեան։

Նոր էջ մը

«Այս իմաստով Քանատայի մէջ սկիզբ առաւ յանձնառու ունեւորութիւն մը գրելու համար նոր էջ մը, կարեւոր էջ մը, այն ուղեւորութեան` զոր Եկեղեցին կը կատարէ բնիկ ժողովուրդներուն հետ միասին» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով` թէ «ճամբորդութեան կարգախօսն էր «Քալել միասին»։

Հաշտութեան եւ բուժման ուղեւորութիւն

«Հաշտութեան եւ բուժման ուղեւորութիւն մը, որ կ՜ենթադրէ պատմական գիտելիք, վերապրողներուն ունկնդրութիւն, գիտակցութիւն և առաջին հերթին ապաշխարութիւն՝ մտածելակերպի փոփոխութիւն» յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ այդ եղաւ ապաշխարութեան ուխտագնացութիւն մը։

Ճամբորդութեան երեք հանգրուանները

«Ճամբորդութեան հանգրուանները երեք էին, առաջինը Էտմոնթոնի մէջ երկրորդը Քեպէքի մէջ եւ միւսը Երկրին հիւսիսը` Իքալուիթ» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով` որ «Հանդիպիլ ճշմարտութեան մէջ կ՜ենթադրէ միշտ անցեալի յիշողութիւնը, գիտակցութիւն եւ դարձ»։

Յիշողութիւն, հաշտութիւն, ապաքինում

Առաջին հանգրուանին մէջ յիշողութիւն կատարուեցաւ այդ ժողովուրդներու դարաւոր անցեալին, ինչպէս նաեւ անոնց տառապանքին` որ ապրուեցաւ այն դպրոցներուն մէջ, որոնք դէմ էին Աւետարանին։ Յիշողութիւնը մեզ առաջնորդեց թոյլ տալ հաշտուիլ Քրիստոսի միջոցաւ, Խաչի ծառին տակ, որ միակն է կարող մահը վերածելու կեանքի եւ յոյս կու տայ նոր ուղի մը բանալով եղբայրներու եւ քոյրերու միջեւ` եւ այս եղաւ երկրորդ հանգրուանը, մինչ երրորդը եղաւ «ապաքինման գործընթացքին ապրումը` Սրբուհի Աննայի Լիճին մօտ, որ մեզի յիշեցուց` որ վէրքերը բուժող կենդանի ակնաղբիւրը, որմէ մենք կարող ենք անընդհատ արբենալ, կը յորդի անդադար Քրիստոսէն։

Սրբազան Պապը մանրամասնութիւններ ներկայացնելէ ետք զանազան հանդիպումներու մասին յատկապէս` First Nations, Métis e Inuit բնիկ ժողովուրդներուն հետ ունեցած հանդիպումներու մասին, հաստատեց` որ «Այս յիշողութեան, հաշտութեան եւ ապաքինումի ուղեւորութենէն կը բխի յոյս Եկեղեցւոյ համար` Քանատայի մէջ եւ ամենուրէք»։

Բնիկ ժողովուրդներու հետ հանիպումը եղաւ  ճամբորդութեան նպատակը

«Եմմաւուսի աշակերտները յարուցեալ Յիսուսին հետ քալելէն ետքը` Անոր հետ եւ Անոր շնորհիւ ձախողութենէն անցան յոյսի», դիտել տուաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը վերահաստատելով, որ բնիկ ժողովուրդներուն հետ հանդիպումը ու անոնց հետ միասին քալելը` կազմեց առաքելական ճամբորդութեան առանցքը, որուն վրայ հիմնուեցան տեղական Եկեղեցւոյ ու Երկրին իշխանութիւններուն հետ հանդիպումները, «որոնց, ըսաւ միշտ Նորին Սրբութիւնը, կ՜ուզեմ վերանորոգել իմ անկեղծ գնահատանքս ինծի եւ համագործակիցներուս վերապահած սիրալիր ընդունելութեան համար»։

Սուրբ Աթոռին եւ եկեղեցւոյ յանձնառումը ի նպաստ բնիկներուն

Կառավարիչներու, Բնիկներու Ղեկավարներու եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն առջեւ վերահաստատեցի Սուրբ Աթոռին եւ տեղական Կաթողիկէ հասարակութեան կամքը` խթանելու բնիկ մշակոյթները, հոգեւոր պատշաճ ուղեւորութիւններով եւ ուշադրութիւն դարձնելով ժողովուրդներու լեզուներուն եւ սովորութիւններուն։

Գաղափարական գաղութատիրութեան սպառնալիքը

Միեւնոյն ժամանակ յայտնեցի` թէ ինչպէս գաղութատէր մտայնութիւնը այսօր եւս գոյութիւն ունի` գաղափարական գաղութատիրութեան տարբեր ձեւերով, որոնք կը սպառնան աւանդութիւններուն, պատմութեան, եւ ժողովուրդներու կրօնական կապերուն, հարթեցնելով տարբերութիւնները՝ կենտրոնանալով միայն ներկայի վրայ և յաճախ անտեսելով պարտականութիւնները` ամենատկարներու եւ դիւրաբեկներու նկատմամբ։

Քանատայի եպիսկոպոսներուն միութիւնը

«Հարկաւոր է առ այդ վերագտնել առողջ հաւասարակշռութիւն մը, ներդաշնակութիւն մը` ընդմէջ արդիականութեան եւ հինաւուրց մշակոյթներուն, ընդմէջ աշախարհիկութեան եւ հոգեւոր արժէքներուն, եւ այս մէկը կը ներգրաւէ ուղղակի օրէն Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը` որ աշխարհ ուղարկուած է վկայելու եւ սերմանելու համար տիեզերական եղբայրութիւն մը, որ կը յարգէ եւ կը խթանէ տեղական հարթութիւնները» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը անգամ մը եւս իր երախտագիտութիւնը արտայայտելով Երկրին քաղաքական իշխանութիւններուն ու նաեւ եպիսկոպոսներուն` «որոնք միացած էին» ըսաւ Ան հաստատելով, որ «այնտեղ ուր կայ միութիւնը կարելի է միշտ յառաջ ընթանալ։ Ասոր համար է, որ կ՜ուզեմ շնորհակալ ըլլալ Քանատայի եպիսկոպոսներուն` միութեան համար» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Տարեցներն ու երիտասարդները երկխօսութեան մէջ

Ան ապա նշեց, որ «Ինուիթներու հողին վրայ վերջին հանդիպումն ալ եղաւ յոյսի նշանով` տարեցներուն եւ երիտասարդներուն հետ։ Տարեցներ եւ երիտասարդներ երկխօսութեան մէջ` քալելու համար միասին, պատմութեան մէջ, յիշողութեան եւ մարգարէութեան միջեւ»։

Բնիկներուն նման սիրել արարչագործութիւնն ու Արարիչը

Ֆրանչիսկոս Պապ խորհրդածութիւնը եզրափակեց մաղթելով` որ «Քանատայի բնիկ ժողովուրդներու ուժն ու խաղաղ գործունէութիւնը օրինակ ըլլան բոլոր բնիկ ժողովուրդներուն համար, որպէսզի չփակուին, այլ իրենց անհրաժեշտ ներդրումը նուիրեն եղբայրական մարդկութեան մը համար, որ գիտէ սիրել արարչագործութիւնը եւ Արարիչը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2022, 09:30

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >