Որոնել

1630059067869.jpg

Ապագան կերտելու համար կարիքը կայ արդարութեան, եղբայրութեան եւ խաղաղութեան։

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Կաթողիկէ Օրէնսդիրներու Միջազգային Ցանցի անդամները
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 25 օգոստոսին ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Կաթողիկէ Օրէնսդիրներու Միջազգային Ցանցի հաւաքին մասնակցողներուն։ Ցանցը մասնաւոր անկուսակցական ընկերակցութիւն մըն է,  հիմնուած 2010 թուականին Աւստրիայի Տրումաու քաղաքին մէջ: Ան կը ծառայէ որպէս միջազգային մակարդակով քրիստոնեայ օրէնսդիրներու ցանց։

Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Կարդինալ Շոնպորնը եւ Ասորի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք Իգնատիոս Աֆրէմ Բ.ը։

Ունկնդրութեան ընթացքին արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Պապը ակնարկեց ժողովականներուն քննարկած նիւթին` այն է խթանել արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը այսօրուայ աշխարհաքաղաքական իրականութեան մէջ եւ ասկէ մեկնելով ուզեց ներկայացնել հակիրճ խորհրդածութիւն մը, հիմնուած երեք բանալի բառերու վրայ. Արդարութիւն, եղբայրութիւն եւ խաղաղութիւն։

Արդարութիւն

«Արդարութիւնը համարուած է, որպէս կամք` իւրաքանչիւրին պարգեւելու այն ինչ որ իրեն կը պատկանի եւ աստուածաշունչի աւանդութեան համաձայն ան կը ներառէ շօշափելի արարքները, որոնք ուղղուած են խթանելու արդար յարաբերութիւն Աստուծոյ եւ միւսներուն հետ, այնպիսով, որ անհատներու բարիքը եւ հասարակութեան բարիքները ծաղկին», ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով, թէ այսօրուայ աշխարհին մէջ շատեր արդարութիւն կը պահանջեն, մասնաւորապէս դիւրաբեկները, որոնք յաճախ ձայն չունին եւ կը սպասեն, որ քաղաքացիական եւ քաղաքական ղեկավարները զանոնք պաշտպանեն, արդիւնաւէտ քաղաքականութեան եւ հանրային օրէնքներու միջոցաւ», յարեց Նորին Սրբութիւնը մտաբերելով աղքատները, գաղթականները, ապաստանեալները, մարդավաճառութեան զոհերը, հիւանդներն ու տարեցները ու բոլոր անոնք` որոնք թիրախ են չարաշահումներու եւ ենթակայ «մնացորդացի» մշակոյթին։

«Ձեր մարտահրաւէրն է գործել փրկելու եւ արժեւորելու հասարակական ոլորտէն ներս այն արդար յարաբերութիւնները, որ իւրաքանչիւր անհատին թոյլ կու տան, որ յարգանքով ու սիրով ընկալուի, ինչպէս մեզի կը յիշեցնէ Տէրը. «Ըրէք այն ինչ որ կ՜ուզէք որ միւսները ձեզի ընեն»։

Եղբայրութիւն

Խօսելով երկրորդ բառի` եղբայրութեան մասին, Քահանայապետը հաստատեց, որ արդար ընկերութիւն մը չի կարող գոյութիւն ունենալ առանց եղբայրութեան կապին, այսինքն առանց բաժնեկցուած պատասխանատուութեան իմաստին ու մտահոգութեան` մարդկային ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի զարգացումին ու անոր համապարփակ բարեկեցութեան նկատմամբ։

Ասոր համար հարկաւոր է «լաւագոյն քաղաքականութիւնը դնել ի ծառայութիւն հասարակաց բարիքին» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը, դիտել տալով, որ աշխարհը բռնութիւններէն բուժելու համար կարիքը ունինք պատասխանատու քաղաքացիներու ու նաեւ կարող ղեկավարներու, որոնք ներշնչուած ըլլան եղբայրական սէրէն։ Այս առնչութեամբ Քահանայապետը քաջալերեց ներկաներուն ջանքերը, ըլլայ ազգային ըլլայ միջազգային գտնի վրայ, որդեգրելու համար քաղաքականութիւն եւ օրէնքներ, որոնք զօրակցութեան հոգիով կը փորձեն դիմագրաւել, անհաւասարութիւններու եւ անարդարութիւններու բազմաթիւ կարգավիճակները, որոնք կը սպառնան ընկերութեան եւ բոլոր մարդկանց ներքին արժանապատուութեան:

խաղաղութիւն

«Ի վերջոյ մեր հասարակաց ապագային կերտումին համար ջանքերը կարիքը ունին խաղաղութեան յարատեւ փնտռտուքին», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադառնալով երրորդ բանալի բառին ու հաստատելով, որ խաղաղութիւնը միայն պատերազմին բացակայութիւնը չէ։ «Դէպի մնայուն խաղաղութիւն ճանապարհը կը պահանջէ համագործակցութիւն, նա մանանադ անոնց միջեւ, որոնք ունին աւելի մեծ պատասխանատուութիւններ, հետապնդելու համար նպատակները` որոնք բոլորի բարիքին համար են»։

«Խաղաղութիւնը ի յայտ կու գայ մնայուն փոխադարձ երկխօսութեան մը յանձնառումէն եւ ճշմարտութեան համբերատար փնտռտուքէն ու հասարակութեան բարիքը անձնական շահերէն վեր դնելու կամքէն» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը այս ուղղութեամբ եւս հրաւիրելով դիմել քաղաքական եւ օրէնսդրական հեռատես գործընթացքներու, կերտելու համար ընկերային համակարգ մը, հիմնուած տիեզերական եղբայրութեան եւ բոլորի համար արդարութեան վրայ։

Սրբազան Պապը խօսքը աւարտեց մաղթելով, որ անոնց արդարութեան եւ խաղաղութեան ի սպաս յանձնառումը, սնուած եղբայրութեան զօրակցութեան հոգիով, շարունակէ առաջնորդել անոնց ազնիւ այն գործը` նպաստելու համար Աստուծոյ Թագաւորութեան աշխարհ գալուստին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2022, 12:57