Որոնել

00371_01052021.jpg

Խաղաղութիւնը սրտի վարուելակերպ է. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Խաղաղութիւնը կը ծնի արդարութենէն, կ՛աճի եղբայրութեան մէջ, կ՜ապրի ձրիութեամբ։ Կը մղէ ծառայելու ճշմարտութեան»։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանումք

“«Խաղաղութիւնը ամէնէ առաջ սրտի վարուելակերպ է։ Ան կը ծնի արդարութենէն, կ՛աճի եղբայրութեան մէջ, կ՜ապրի ձրիութեամբ։ Կը մղէ ծառայելու ճշմարտութեան»։”

Խօսքեր են ասոնք, զոր կը կարդանք Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետական @pontifex թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակած թուիթին մէջ, որուն պարունակութիւնը քաղուած է Նորին Սրբութեան անցեալ տարուայ հոկտեմբերին` Քոլոսէումի ամփիթատրոնի տարածքին վրայ կազմակերպուած Խաղաղութեան համար աղօթքի հանդիպումի եզրափակիչ արարողութեան ընթացքին արտասանած խօսքերէն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2022, 13:30