«Միութեան եւ խաղաղութեան պատգամաւորներ» Ֆրանչիսկոս Պապին Ղազախստան այցին տարբերանշանը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յառաջիկայ 13էն 15 սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի մեկնի Ղազախստան մասնակցելու համար «Congress of Leaders of World and Traditional Religions»-ի եօթներորդ հաւաքին։ Այս այցելութեան կապակցութեամբ այսօր ի լոյս ընծայուեցաւ «Միութեան եւ խաղաղութեան պատգամաւորներ» կարգախօսով Նորին Սրբութեան ճամբորդութեան տարբերանշանը։
Անոր վրայ պատկերացուած է աղաւնի մը ձիթենիի ճիւղը կտուցին մէջ։ Թեւերը որ պատկերուած են իրար միացած երկու ձեռքերով կ՜ուզեն խորհրդանշել խաղաղութեան և միասնութեան առաքեալներու թևերը:
Երկու թեւերու միջեւ զետեղուած սիրտ մը` որ կը պատկերացնէ սէրը, որ պտուղն է փոխադարձ հասկացողութեան, համագոյակցութեան եւ երկխօսութեան։ Իսկ ձիթենիի ճիւղը գծագրուած է Ղազախական աւանդական ձեւով։
Տարբերանշանին խորքը զետեղուած է «շանիրաք» մը, որ խորհրդանիշն է ղազախ ժողովուրդին աւանդական օճախին, մինչ անոր ներքոյ ներկայացուած է դեղին գոյնով խաչ մը։
Օգտագործուած գոյները` կապոյտն ու դեղինը նոյնինքն Ղազախստանի դրօշի գոյներն են, մինչ սպիտակն ու դեղինը կը ներկայացնեն Վատիկանեան դրօշը։ Կանաչ գոյնը կը ներկայացնէ յոյսը, եւ ինչպէս նշեցինք ճամբորդութեան կարգախօսն է «Միութեան եւ խաղաղութեան պատգամաւորներ», գրուած Ղազախ եւ Ռուսական լեզուներով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ