Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը նոր կարդինալներու Կարդինալական հաւաքին առիթով

«Ես կրակ ձգելու եկայ երկրի վրայ, եւ որքան կը փափաքէի որ արդէն բորբոքած ըլլար». Յիսուս այսօր եւս կ՜ուզէ այդ կրակը դափել երկրի վրայ, կ՛ուզէ զայն վառել մեր առօրեայ կեանքի պատմութիւններու ափերուն վրայ։ Մեզ կը կոչէ մեր անունով, կը նայի մեր աչքերուն ու մեզի կը հարցնէ. Կրնա՞մ վրադ վստահիլ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 27 օգոստոսի երեկոյեան Սուրբ Պետրոս Պազիլիքյաի մէջ կայացած նոր կարդինալներու ստեղծումի կարդինալական հաւաքին առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը կեդրոնանալով Ղուկասի Աւետարանական այն հատուածին վրայ, ուր Յիսուս կ՛ըսէ. «Ես կրակ ձգելու եկայ երկրի վրայ, եւ որքան կը փափաքէի որ արդէն բորբոքած ըլլար»։

Այս խօսքերը մեկնաբանելով Քահանայապետը անդրադարձաւ երկու «կրակներու» մասին, Սուրբ Հոգիին կրակը, ապա խարոյկի կրակը, զոր Յիսուս վարեց ծովափին մօտ, երբ կը սպասէր իր աշակերտներուն վերադարձը։

Ֆրանչիսկոս Պապ

 

Յիսուսին բոցավառ առաքելութիւնը

«Տէրը այդ խօսքերով մեզ կը կոչէ իրեն հետեւելու իր առաքելութեան ճանապարհին վրայ, որ բոցավառ  առաքելութիւն մըն է», նշեց Սրբազան Պապը նկատել տալով, որ Յիսուս մեզի կը յանձնէ վառուած ջահը, մեզի ըսելով «այնպէս ինչպէս հայրը զիս ղրկեց ես ալ ձեզ կը ղրկեմ» (Յովհ. 20,21), մեզի փոխանցելով իր առաքելական քաջութիւնը եւ իր եռանդը իւրաքանչիւր մարդու փրկութեան համար, առանց բացառութեան։ Ան մեզի կ՛ուզէ փոխանցել իր բարութիւնը, իր անսահման ու անվերապահ սէրը, առանց պայմաններու, որովհետեւ անոր սիրտին մէջ կը վառի Հօր ողորմութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Սուրբ Հոգիին կրակը

«Այդ նոյն զօրեղ կրակն է որ ոգեւորեց Պօղոս առաքեալը, Անոր Աւետարանին ի սպաս անխոնջ ծառայութեան մէջ, անոր առաքելական «վազքին» մէջ, որ առաջնորդուած էր Սուրբ Հոգիով ու Խօսքով» շարունակեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ «այդ կրակը կրակն է բազմաթիւ միսիոնարներուն, որոնք փորձարկեցին աւետարանումի քաղցր ուրախութիւնը եւ որոնց նոյնինքն կեանքը դարձաւ աւետարան, որովհետեւ նախ եւ առաջ եղան վկաներ»։

«Ահա այս է սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր կրակը, զոր Յիսուս եկաւ աշխարհի մէջ ձգելու, եւ զոր Հոգին Սուրբ կը վառէ սրտերուն, ձեռքերուն ու ոտքերուն մէջ անոնց` որոնք Իրեն կը հետեւին» նշեց Պապը ու անդրադարձաւ միւս կրակին` խարոյկի կրակին, որով Տիրոջ նման մենք եւս խոնարհութեամբ, հաւատարմութեամբ, մօտիկութեամբ ու քնքշութեամբ կը կարողանանք Յիսուսին ներկայութիւնը համտեսել տալ շատերուն։

Նոր Կարդինալները

 

Խարոյկի կրակը

«Այս կրակը կը վառի մասնաւորապէս երկրպագութեան աղօթքի մէջ, Սուրբ Հաղորդութեան մօտ, ուր կը համտեսենք Տիրոջ հեզ ներկայութիւնը, որ դարձաւ մեր առօրեայ կեանքի սնունդ», դիտել տուաւ Քահանայապետը ու ակնարկեց Սուրբ Շարլ Տը Ֆուքոյին ու բազմաթիւ եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք կ՛ապրին աշխարհականներու նուիրեալ կեանքը, ինչպէս նաեւ քահանաներուն, որոնք կը ծառայեն աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ ու ակնարկեց նաեւ քրիստոնեայ պսակեալներուն` որոնք այդ «օճախային» կրակը կ՛ապրին ընկերանալով իրենց զաւակներու աճումի ուղիին։ «Ու չի մոռնանք նաեւ տարեցներուն խարոյկի կրակը» հրաւէր ուղղեց Սրբազան Պապը մատնանշելով յիշողութեան օճախին ու կարեւորելով զայն, «որուն միջոցաւ կարելի է կարդալ ներկան եւ անցեալի փորձառութիւններու լոյսով կատարել իմաստուն ընտրանքներ»։

Կարդինալը կը սիրէ Եկեղեցին

Քահանայապետը առ այդ խօսքը ուղղեց եղբայրակից կարդինալներուն, հաստատելով, որ «այդ կրակի լոյսին ներքոյ ու զօրութեամբ է` որ կը քալէ սուրբ եւ հաւատարիմ Ժողովուրդը, որմէ ընտրուեցանք եւ որուն առաքուեցանք, որպէս Քրիստոսի առաքեալներ»։

«Կարդինալը կը սիրէ Եկեղեցին, միշտ միեւնոյն հոգեւոր կրակով, ըլլայ երբ կը զբաղի մեծ հարցերով ըլլայ երբ անոնք փոքր են, ըլլայ երբ կը հանդիպի այս աշխարհիս մեծամեծներուն, ըլլայ փոքրիկներուն` որոնք մեծ են Աստուծոյ առջեւ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը մտաբերելով Կարդինալ Քազարոլին ու զայն ներկայացնելով որպէս օրինակ, այլ կարդինալներու շարքին։

Ֆրանչիսկոս Պապ

 

Վերադառնալ Յիսուսին` որ կը ճանչնայ Աստուծոյ կրակին գաղտնիքը

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր հայեացքով վերադառնանք Յիսուսին. Միայն Ան կը ճանչնայ այս խոնարհ բարութեան գաղտնիքը։ Աստուծոյ կրակին գաղտնիքը, որ կ՜իջնէ երկինքէն, զայն լուսաւորելով մէկ ծայրէն միւսը եւ դանդաղ կերպով կ՛եփէ աղքատ ընտանիքներուն, գաղթական անհատներուն ու տնանկներուն կերակուրը։

«Յիսուս այսօր եւս կ՜ուզէ այդ կրակը դափել երկրի վրայ, կ՛ուզէ զայն վառել մեր առօրեայ կեանքի պատմութիւններու ափերուն վրայ։ Մեզ կը կոչէ մեր անունով, կը նայի մեր աչքերուն ու հարց կու տայ, քեզի նոր կարդինալ. Կրնա՞մ վրադ վստահիլ» յարեց Նորին Սրբութիւնը որ քարոզը աւարտեց յիշելով ու աղօթք խնդրելով նորնանշանակ Կարդինալներէն Կարդինալ  Richard Kuuia Baawobr ի համար, որ երէկ Հռոմ ժամանելուն սրտի հարցեր ունենալով փոխադրուած է հիւանդանոց ու գործողութեան ենթարկուած։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2022, 16:39