Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ կարդինալ Քլաուտիօ Հումմես Ֆրանչիսկոս Պապ եւ կարդինալ Քլաուտիօ Հումմես 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Միշտ ուրախութեամբ կը յիշեմ կարդինալ Հումմեսին խօսքը, մի մոռնար աղքատները։

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական գիրը կարդինալ Քլաուտիօ Հումմեսին մահուան ի լուր

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 5 յուլիսին, ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական գիր յղեց Սան Փաութոլոյ թեմի արքեպիսկոպոսին, Կարդինալ Քլաուտիօ Հումմեսին մահուան առթիւ։

Ցաւակացական գիրին մէջ Սրբազան Հայրը նշած է թէ խոր ցաւով իմանալով Կարդինալ Քլաուտիօ Հումմեսին մահուան լուրը, իր աղօթքը կը բարձրացնէ առ Աստուած սիրելի եղբօր յաւիտենական կեանքին համար։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշած է ,որ Աղօթքով գոհութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ կարդինալ Հումմեսին երկար տարիներէ ի վեր մատուցած ծառայութեան համար՝ հիմնուած աւետարանական արժէքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ եւ Հռոմի Քուրիայի ի սպաս հովուական ծառայութեան համար եւ վերջին տարիներուն Ամազոնի եկեղեցւոյ ի սպաս կատարած աշխատանքներուն համար։

Ցաւակցական գիրին մէջ Սրբազան Հայրը նշեց, թէ միշտ ուրախութեամբ կը յիշէ կարդինալ Քլաուտիօ Հումմեսին, 13 մայիս 2013ին, ըսած խօսքը «մի մոռնար աղքատները»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական գիրը աւարտած է տալով իր օրհնութիւնները Սան Փաուլոյ թեմի արքեպիսկոպոսին ու բոլոր անոնց որոնք աղօթքով կը միանան Կարդինալ Հումմեսին յուղարկաւորութեան արարողութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2022, 14:00