Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Պապը հերքած է իր հրաժարականի մասին լուրերը և ըսած է, որ կը ցանկանայ ճամբորդել Մոսկուա և Քիև

Reuters գործակալութեանը տրուած հարցազրոյցի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը ըսած է թէ «կը յարգէ» Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն դատարանի որոշումը՝ արհեստական վիժումի վերաբերեալ: Ան ապա կրկնած է, որ կը դատապարտէ յղիութեան ընդհատումը։

Վատիկան Նիուզ – Հայկական բաժին

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անցեալ շաբաթ օրը՝ Յունիս 2-ին, երկար հարցազրոյց տուած է Reuters գործակալութեանը՝ տարբեր նիւթերու վերաբերեալ, որոնցմէ որոշները, որ հրապարակուած են այդ նոյն գործակալութեան կողմէ, կը ներկայացնենք ստորև.

Առաջին հերթին Պապը հերքած է իր հրաժարականի մասին մամուլի մէջ շրջանցուող լուրերը՝ իբրև թէ, կապուած քաղցկեղով հիւանդ ըլլալու հետ (համաձայն վարկածներէ մէկուն), հերքելով նաև այս վերջինը:

Անդրադառնալով Ափրիկէ իր ճամբորդութեան չեղարկումին՝ Ֆրանչիսկոս Պապ իր տանջանքը յայտնած է, այդ կապակցութեամբ՝ յատկապէս, որ հոն պիտի երթար խաղաղութեան նպաստելու համար: Ան նշած է, որ ուղևորութիւնը հետաձգուած է ծունկի ցաւի պատճառաւ, որ հիմա բուժման գործընթացի մէջ է:

Քահանայապետը շօշափած է նաև միջազգային որոշ խնդիրներ:

Ուքրանիոյ պատերազմի շրջագիծէն ներս Ան նշած է, որ քանի մը ամիս առաջ շփումներ եղած են Վատիկանի պետական քարտուղար Փիեթրօ Փարոլինի և Ռուսաստանի արտգործնախարար Սերկէյ Լավրովի միջև՝ Մոսկուա հնարաւոր այցի վերաբերեալ և որ Մոսկուան պատասխանած է թէ դեռևս ժամանակը չէ։ Պապը սակայն յոյս ունի, որ այժմ ինչ-որ բան կրնայ փոխուիլ. «Ես կը ցանկանայի երթալ Ուքրանիա, բայց նախ կ’ուզէի Մոսկուա երթալ»:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսած է նաև Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն դատարանի որոշումի մասին, որ կազմալուծած է արհեստական վիժումի կնոջ իրաւունքը ՝ ըսելով, որ «կը յարգէ» որոշումը: Պապը միաժամանակ կրկին անգամ դատապարտած է յղիութեան ընդհատումը՝ այն համեմատելով, ինչպէս անցեալին բազմիցս ըրած էր, «մարդասպան վարձելու» հետ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/07/2022, 13:20