Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ կը մաղթէ, որ Չինաստանի հետ ժամանակաւոր համաձայնագիրը շուտով վերանորոգուի։

Ֆրանչիսկոս Պապին հարցազրոյցը Reuteres գործակալութեան Ֆիլ Փուլլելա լրագրողին հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ հարցազրոյց մը տուած է Reuters գործակալութեան Չինաստանի մէջ ժամանակաւոր համաձայնագիրին մասին, մաղթելով որ Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան միջեւ կնքուած համաձայնագիրը յառաջիկայ հոկտեմբերին վերանորոգուի։

Յայտնենք, թէ 2018ին Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան միջեւ կնքուեցաւ ժամանակաւոր համաձայնագիր մը, որու շնորհիվ Չինաստանի եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ իրավիճակը բարելաւուեցաւ՝ , Հռոմին հետ լիակատար հաղորդութեան մէջ դնելով առանց պապական հրամանի նշանակուած նոր եպիսկոպոսները։

Ֆրանչիսկոս Պապ հարցազրոյցը ընթացքին պաշտպանեց ժամանակաւոր համաձայնագիրը եւ գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փարոլինի կատարած դերակատարութեան համար,« Ան որ յառաջ կը տանի այդ համաձայնութիւնը, Կարդինալ Փարոլինն է, որ Սուրբ Աթոռին լաւագոյն դիւանագէտն է բարձր մակարդակով դիւանագէտ։ Ան գիտէ շարժիլ, երկխօսութեան մարդը մըն է գիտէ բանակցիլ Չինաստանի իշխանութիւններու հետ։ Կը հաւատամ, որ իր նախագահած յանձնախումբը ամէն բան կատարեց ամէն ինչ յառաջ տանելու եւ ելքի ուղի մը որոնելու համար և զայն գտաւ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա պաշտպանեց փոքրիկ քայլերով քաղաքականութիւնը, այդ «համբերութեան նահատակը», որուն մասին կը խօսէր Կարդինալ Քասարոլին Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու հետ Վատիկանեան լաւագոյն քաղաքագէտը, ըսաւ Նորին Սրբութիւն աւելցնելով, որ «Շատեր հակառակ խօսած են Յովհաննէս ԻԳ եւ Պօղոս Զ եւ Կարդինալ Քազարոլին դէմ։ Սակայն դիւանագիտութիւնը այս է։ Փակ կացութեան դիմաց հարկ է որոնել ոչ իտէալական ուղի. դիւանագիտութիւնը կարողութեան արուեստն է, եւ պէտք է այնպէս մը ընել, որ կարելիութիւնը իրականութիւն դառայ։ Սուրբ Աթոռը միշտ ունեցած է այսպէս մեծ մարդիկ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա համեմատելով ժամանակից իրավիճակը 1989ին նախորդ իրավիճակին հետ նշեց, որ 2018էն Չինաստանի մէջ եպիսկոպոսներուն նշանակումը, դանդաղ կ՝ընթանայ, սակայն կան մեծ արդիւնքներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2022, 13:20