Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Չենք կրնար վերադառնալ անցեալին ունեցած քաղաքական ու տնտեսական կառոյցներու կեղծ անվտանգութեան. Ֆրանչիսկոս Պապ

Télam գործակալութեան հարցազրոյցը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ. Քահանայապետը կ’անդրադառնայ բազմաթիւ թեմաներու. կը կրկնէ, որ հակամարտութիւնները կ’առաջանան երկխօսութեան բացակայութեան պատճառով և հիասթափութիւն կը յայտնէ ՄԱԿի կողմէ պատերազմները դադրեցնելու անկարողութեան կապակցութեամբ, կը խօսի Քահանայապետութեան գրեթէ տասը տարիներու մասին:

Վատիկան նիուզ – Հայկական բաժին

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ Յուլիս 1-ին ծաւալուն հարցազրոյց տուած է Արժանթինի Télam գործակալութեան լրագրող Պերնարտա Լիորենթէին: Պապը ներկայիս աշխարհաքաղաքական համատեքստին մէջ ընդգծած է, որ «չենք կրնար վերադառնալ անցեալի քաղաքական ու տնտեսական կառոյցներու կեղծ անվտանգութեան»։

Ան ապա արտայայտած է իր մտորումները՝ բազմապիսի թեմաներու շուրջ.

Ափրիկէն համավարակի սխալ կառավարումի օրինակ

Ֆրանչիսկոս քննադատած է քորանա ժահրի համավարակի ընթացքին ձևաւորուած սխալ կառավարումը՝ բերելով Ափրիկէի օրինակը, որ մնացած է ​​առանց պատուաստանիւթերու բաւարար պաշարի: Ան ըսած է, որ պատրանք է մտածել, որ մարդոց որոշակի խումբ կրնայ դուրս գալ ճգնաժամէն, այն ընդամէնը կը նշանակէ «տնտեսական ու քաղաքական որոշ հատուածներու մասնակի փրկութիւն»։

Պատերազմը երկխօսութեան բացակայութիւն է

Պատերազմը երկխօսութեան բացակայութիւն է և ամենէ ողբերգական ճգնաժամերէն մին, շեշտած է Ֆրանչիսկոս հարցազրոյցին մէջ՝ բացայայտօրէն յիշատակելով Ուքրանիոյ պատերազմը, բայց նաև յիշեցնելով Ռուանտայի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Միանմարի ողբերգութիւնները: «Պատերազմը, ցաւօք, դաժանութիւն է օրը ցերեկով։ Պատերազմին «մինուեթ» չեն պարեր, այլ կը սպանեն»,- դառնօրէն մատնանշած է Քահանայապետը՝ անգամ մը ևս մեղադրելով զէնքի վաճառքի համակարգին։ Ան ապա շարունակած է թէ «Արդար պատերազմը հնարաւոր է, կայ պաշտպանուելու իրաւունք, բայց այն ձևը, որով այսօր կ’օգտագործուէ գաղափարը, պէտք է վերանայել»:

ՄԱԿը ուժ չունի պարտադրել դադրեցնելու պատերազմներ

Սրբազան Քահանայապետը իրեն յատուկ անկեղծութեամբ խոստովանած է իր հիասթափութիւնը ՄԱԿի աշխատանքէն, որ թէև երբեմն կը յաջողի նպաստել խուսափելու պատերազմներէն (օրինակ՝ Կիպրոսի), բայց պատերազմներ կանգնեցնելու «ուժ չունի»։ Պապն աւելի հեռուն գնացած է ըսելով, որ ճգնաժամի մէջ գտնուող որոշ «արժանի հաստատութիւններու» հետ կապուած դեռևս որոշակի յոյսեր կը վերապահի, մինչդեռ միւսները զբաղած են միայն ներքին խնդիրներու կարգաւորմամբ։ Ան մաղթած է, որ միջազգային կառոյցները ունակ ըլլան խիզախութեան և ստեղծարարութեան` յաղթահարելու այն, ինչ կը բնութագրի որպէս «մահացու» իրավիճակներ:

Բնութիւնը չի ներեր իրեն հասցուած ապտակները

Բնապահպանական ճգնաժամի առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս խօսած է մարդու կողմէ անոր խեղաթիւրուած օգտագործումի մասին, որու համար, սակայն, բնութիւնը «կը ստիպէ վճարել». Մենք անընդհատ կ’ապտակենք տիեզերքին, յայտարարած է Ֆրանչիսկոս նշելով, որ բնութիւնը վրէժխնդիր չէ, պարզապէս «չի ներեր», երբ շարժման մէջ կը դնենք այն ապականելու գործընթացներ:

Վստահել երիտասարդներուն: Աւանդոյթ չի նշանակեր յետ դառնալ

Պապը ընդգծած է երիտասարդներու «յուսահատութիւնը», քաղաքականութիւնէն իրենց զերծ պահելը և յորդորած է «սորվիլ քաղաքականութեան և համակեցութեան և նաև քաղաքական պայքարի գիտութիւնը, որ մեզ կը մաքրէ եսասիրութիւններէ և կը մղէ յառաջադիմել»: Քահանայապետը նշած է, որ կը վստահի երիտասարդները, նոյնիսկ եթէ սովորաբար չեն երթար պատարագի. կարևորը անոնց օգնելն է աճել և ուղեկցիլը: Ան մէջբերած է երաժշտագէտ Մալերին. «Աւանդոյթն ապագայի գրաւականն է։ Այն թանգարանային նմուշ չէ։ Դա այն է, ինչը ձեզ կեանք է տալիս, քանի դեռ ստիպում է ձեզ աճել: Բոլորովին այլ բան է յետ դառնալը, որ անառողջ պահպանողականութիւն է»։

2023ին կը լրանայ Քահանայապետութեան տաս տարին

2023ի Քահանայապետութեան տաս տարուայ յոբելեանին ընդառաջ Télamի լրագրողը Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրած է գնահատել իր գործունէութիւնը: Սրբազան Քահանայապետը ընդգծած է, որ «հաւաքած է այն ամենը, ինչ կարդինալներն ըսած էին պապընտիր ժողովներուն նախորդող ընթացքին»։ «Չեմ կարծեր, որ իմ կողմէ առանձնայատուկ բան կայ, սկսեցի այն, ինչ բոլորս միասին որոշած էինք»: Դա, ըստ էութեան, այն ոճն է, որ ստեղծեց Preedicate Evangelium նոր առաքելական սահմանադրութիւնը, որ ութ ու կէս տարուայ աշխատանքի և խորհրդատուութիւններու արդիւնքն է: Այսպիսով, ի յայտ եկաւ Եկեղեցւոյ միսիոներական փորձը, ըսած Սրբազան Քահանայապետը՝ պնդելով. «դրանք իմ գաղափարները չեն։ Դա պէտք է պարզ ըլլայ. Ամբողջը Կարդինալական Խորհուրդի գաղափարներն են, որ խնդրեցին այդ։

Լատին Ամերիկեան հետքը

Ֆրանչիսկոս Պապ հարցազրոյցի ընթացքին նկատել տուած է, որ կայ Լատին Ամերիկեան մօտեցում մը՝ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ երկխօսութեան մէջ գտնուող եկեղեցի ըլլալու համար եւ Ինք անխուսափելիօրէն իր վարդապետութեան մէջ այդ հետքը դրած Է։ Այս կապակցութեամբ, Նորին Սրբութիւնը առիթէն օգտուելով յիշեցուցած է այն իրողութիւնը, որ այդ Եկեղեցին կը խեղաթիւրուի է երբ ժողովուրդը չկրնար արտայայտել եւ ի վերջոյ կը դառնայ հովուական ծառայութեան գործակալներով պատասխանատու եկեղեցի մը, անհրաժեշտ է նայիլ աշխարհին ընկերային արուարձաններէն, այցելելով տարեցներուն, մանուկներուն, համալսարաններուն, ու հոն ուր առօրեայ կեանք կ՝ապրեցու։

Զգոյշ ըլլալ լրատուական աշխարհին լուրերը խեղաթիւրելու վտանգէն։

Ինչ կը հայի լրատուական աշխարհին Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձած է այն փաստին, թէ ինք պէտք է զգոյշ ըլլայ լրատուական աշխարհի կողմէ իր մտածումները շահագործելու վտանգէն, օրինակ բերելով վերջերս տեղի ունեցած հակասութիւն մը, որ ծագած է Ուքրանիոյ պատերազմի վերաբերեալ դիտարկումներուն ոլորտէն ներս, յենուելով Փութինի դատապարտման բացթողումին վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծած է թէ հաղորդել կը նշանակէ բարի գործել ու այս կապակցութեամբ կը թուէ հաղորդութեան չորս մեղքերը, ապատեղեկատուութիւնը, զրպարտութիւնը, չարախօսութիւնը, եւ անպատուութիւնը։ «Հաղորդութիւնը սուրբ բան մըն է ու պէտք է զայն կատարել ազնուութեամբ եւ հարազատութեամբ» ըսած է Սրբազան Հայրը։

Ան ապա հարցազրոյցը աւարտած է յիշելով քահանայապետ ընտրութեան կարդինալներու ժողովը, ինչպէս նաեւ Պապ ընտրուելէ ետք իր կեանքի փոփոխութեան մասին նշելով «կեանքի մը պատմութիւնը, որ յառաջ ընթացած է Աստուծոյ շատ մը պարգեւներով , ինչպէս նաեւ անձնական դերութիւններով։ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնած է իր բազմաթիւ բարեկամներու որոնք իրեն օգնեցին երբեք մինակ չզգալու համար նկատել տալով որ իր կեանքին մէջ ունեցած է շատ մը խիստ պահեր, ուր չափազանց պահանջկոտ էր սակայն աւելի ուշ հասկցած է թէ չէ կարելի հետեւիլ այդ ուղիին, պէտք է գիտնալ առաջնորդել։ «Սա է հայրութիւնը, որ Աստուած ունի ու Կեանքը գեղեցիկէ երբ կը գիտնանք սպասել ինչպէս Աստուած կը գործէ մետ», ըսած է Նորին Սրբութիւնը:



 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2022, 12:00