Որոնել

Չիքակոյին մէջ կրակոցի արարքէն ետք Չիքակոյին մէջ կրակոցի արարքէն ետք 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Չիքակոյի մէջ անիմաստ կրակոց, թող յարգուի կեանքը»։

Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցական գիրը Չիքակօ թեմի արքեպիսկոպոսին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 5 յուլիսին, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցական գիր յղեց Չիքակօ թեմի արքեպիսկոպոս կարդինալ Պլասէ Քուփիքին, ապահովուելով Նորին Սրբութեան հոգեւոր մօտիկութիւնը ու աղօթքը Չիքակօ քաղաքին Highland Park պարտէզին մէջ անիմաստ զէնքի կրակոցի թիրախ զոհերուն։

Կարդինալ Փարոլին ապա հեռագիրին մէջ նշեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ կը միանայ Չիքակոյի ամբողջ հասարակութեան Աստուծոյ բարձրացուցած աղօթքներուն՝ մեռեալներու յաւիտենական կեանքի համար ինչպէս նաեւ ամոքում եւ մխիթարութիւն շնորհելու վիրաւորներու եւ սուգին մէջ գտնուողներուն։

Յայտնենք, թէ շէնքի մը տանիքէն երիտասարդ մը զէնքով կրակ բացած է 4 յուլիսի տօնակատարութեան մասնակցող ամբոխին վրայ, որուն հետեւանքով արձանագրուած է 6 զոհ եւ 31 վիրաւոր։

Կարդինալ Փարոլին հեռագիրը աւարտած է ապահովուելով ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը, որպէսզի հասարակութեան ամէն անձ մերժէ բռնութիւնը՝ իր բոլոր ձեւերուն մէջ եւ յարգէ կեանքը իր բոլոր հանգրուաններէն ներս, շնորհելով բոլորին ֆրանչիսկոս Պապին օրհնութիւնները։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2022, 09:02