Որոնել

Մարեմեան աղօթք: «Ագահութիւնը կործանիչ հիւանդութիւն է». Ֆրանչիսկոս Պապ

Չհամակերպինք զէնքերու վաճառականութեան գայթակղութեան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 31 Յուլիսի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ երէկ վերադարձաւ իր Քանատա կատարած առաքելական 37րդ ճամբորդութենէն, աւանդութեան համաձայն իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, ներկայացնելով նաեւ օրուան խորհրդածութիւնը, որ կեդրոնացուց Ղուկասի Աւետարանիչի 12 գլուխէն քաղուած հատուածին վրայ, որ կը խօսի այն անհատի մասին, որ Յիսուսին դիմելով կ՛ըսէ . Վարդապե՛տ, ըսէ՛ եղբօրս՝ որ ինծի հետ բաժնէ մեզի ինկած ժառանգութիւնը»:

Ուշադի՛ր եղէք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէն

«Ասիկա կացութիւն մըն է, որուն կը հանդիպինք յաճախ» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ ակնարկելով Յիսուսին պատասխանին նշեց` թէ Ան մանրամասնութիւններուն մէջ չմտաւ, այլ յորդորեց «Ուշադի՛ր եղէք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէն»։

«Ագահութիւնը հիւանդութիւն մըն է, որ մարդիկը կը կործանէ, որովհետեւ միշտ աւելիով դիզելու ցանկութիւնը կախուածութիւն կը ստեղծէ», ըսաւ Քահանայապետը, դիտել տալով` որ այն անձը կը դառնայ ստրուկ այն բաներուն, զոր կը կարծեր թէ իրեն պիտի ծառայէին։

Ագահութիւնը վտանգաւոր հիւանդութիւն

«Ագահութիւնը վտանգաւոր հիւանդութիւն է նաեւ ընկերութեան համար։ Անոր պատճառաւ է, որ մենք այսօր յանգած ենք այլ տարըմբռնումներուն, անարդարութեան մը` որ նմանը չունի պատմութեան մէջ, ուր քիչեր ունին շատ բաներ եւ շատերը քիչ բան» յարեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով մտաբերել պատերազմները, հակամարտութիւնները, որոնց ետին միշտ ալ կայ հարստութեան եւ կենսամիջոցներուն տիրանալու տենչը։ «Եւ անոնցմէ մին վստահաբար զէնքերու վաճառականութիւն է» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով «այս մէկը մեծ գայթակղութիւն մըն է` որուն պէտք չէ համակերպինք»։

Ի՞նչպէս կ՜ապրինք մեր կեանքը

«Յիսուս մեզի այսօր կը սորվեցնէ, որ այս բոլորին ետին կայ ագահութիւնը, որ ներկայ է իւրաքանչիւրիս սրտին մէջ։ Ուստի հարց տանք թէ ի՞նչպիսի իրավիճակի մէջ կ՛ապրինք։ Եթէ կառչած ենք մեր հարստութիւններուն, եթէ յանուն դրամին եւ հնարաւորութիւններուն, մենք պատրաստ ենք զանց ընելու յարաբերութիւնները եւ միւսներուն յատկացուած ժամանակը։ Եւ եթէ օրինականութիւնն ու վեհանձնութիւնը պատրաստ ենք զոհելու ագահութեան խորանին վրայ»։

«Խորան բառը օգտագործեցի որովհետեւ նիւթական ինչքերը, դրամը, հարստութիւնը, կարող են դառնալ պաշտամունք եւ ասոր համար է` որ Յիսուս մեզ կը զգուշացնէ խիստ բառերով. «կարելի չէ ծառայել երկու տէրերու` Աստուծոյ եւ հարստութեան», նշեց Նորին Սրբութիւնը ու բացատրեց, որ հարստութիւնը օգտագործելը լաւ բան է, սակայն հարստութեան ծառայելը ոչ։

Հարստանալ Աստուծոյ համաձայն

«Արդար է հարստանալը բայց պէտք է հարուստ ըլլալ Աստուծոյ համաձայն, որովհետեւ Ան ամէնէն հարուստն է, հարուստ է գթութեամբ, ողորմութեամբ։ Հարստութիւն մը` որ կը սիրէ տալ, բաժնել, բաժնեկցիլ» ըսաւ Քահանայապետը որ խորհրդածութեան աւարտին դարձեալ ակնարկելով Յիսուսի խօսքերուն` թէ «կեանքը կախուած չէ մէկու մը ստացուածքներէն» նշեց, թէ ան կախուած է բարի յարաբերութիւններէն` Աստուծոյ եւ միւսներուն հետ, անոր հետ որ նուազ բաներ ունի։

«Առ այդ մենք մեզի հարց տանք թէ ի՞նչպէս կ՜ուզենք հարստանալ. Աստուծոյ համաձայն թէ իմ ագահութեանս հիման վրայ» հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու շարունակեց խնդրելով «հարց տանք նաեւ թէ ի՞նչ ժառանգութիւն կ՜ուզենք թողուլ, դրամատան մէջ դրամները, նիւթական բաներ թէ մարդիկ` որոնք ուրախ են մեր շուրջ գտնուելուն համար, բարի գործեր` որոնք չեն մոռցուիր ու մարդիկ, որոնց օգնութեան հասայ։

Աղերս առ Տիրամայր

«Թող` որ Տիրամայրը մեզի օգնէ հասկնալու համար, որոնք ենք կեանքին իսկական բարիքները, անոնք որոնք կը մնան առ յաւէտ», եղաւ Սրբազան Քահանայապետին խորհրդածութեան եզրափակիչ մաղթանքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2022, 12:07

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >