Որոնել

 Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ

Արձակուրդներու շրջանին կանգ առնենք եւ ունկնդրենք Յիսուսին Խօսքը. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Յիսուսին խօսքը վերացական չէ, ան ուսուցում է, որ կը շօշափէ և կը ձևաւորէ կեանքը, կը փոխէ զայն, կ՜ազատէ չարի անթափանցկութիւնէն, կը յագեցնէ և կու տայ ուրախութիւն, որ չ՛անցնիր. ասիկա լաւագոյն մասն է: Ասոր համար Մարիամը անոր կու տայ առաջին տեղը. կանգ կ՛առնէ եւ կ՛ունկնդրէ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 17 Յուլիս 2022-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը աւանդութեան համաձայն Մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։ Աղօթքի ընթացքին Ան ներկայացուց խորհրդածութիւն մը ներշնչուելով օրուան Աւետարանական հատուածէն, որ քաղուած էր Ղուկաս Աւետարանիչէն (հմմտ 10,38-42), ուր կը խօսուի Յիսուսին Մարթայի եւ Մարիամի տուն տուած այցելութեան մասին։

Մարթա եւ Մարիամ քոյրերը

Մարթան անմիջապէս գործի կը լուծուի հիւրընկալելու համար հիւրերը մինչ Մարիամ Յիսուսին մօտ կը նստի մտիկ ընելու համար Անոր։ Երբ Մարթան Վարդապետին կը դիմէ Անորմէ խնդրելով` որ Մարիամին ըսէ, որ իրեն օգնէ Յիսուս կը պատասխանէ «Մարթա, Մարթա, դուն զբաղած ես եւ կը տագնապիս բազմաթիւ գործերով բայց միայն մէկ բան պէտք է։ Մարիամը ընտրեց լաւագոյնը որ իրմէ պիտի չի խլուի»։

«Զարմացնող պատասխան մըն է» ըսաւ Քահանայապետը, Յիսուս սակայն շատ անգամ մեր մտածելակերպը կը շրջէ։

Առաջնահերթութեան նոր կարգ մը

Մարթային փիլիսոփայութիւնը կը թուի ըլլալ. Առաջ պարտականութիւնը ետքը հաճոյքը։ Հիւրընկալութիւնը արդարեւ բարի խօսքերու մէջ չի կայանար այլ կը պահանջէ ամէն ինչ ընել, որպէսզի հիւրը ինքզինք հիւրընկալուած զգայ։ Յիսուս այս մէկը շատ լաւ գիտէ եւ կը ճանչնայ Մարթային յանձնառումը։ Բայց կ՜ուզէ հասկցնել որ կայ առաջնահերթութեան նոր կարգ մը, որ տարբեր է մինչեւ այդ պահը առաջնահերթութիւն նկատուածէն։

«Մարիամը հասկացաւ որ կայ «լաւագոյն մաս մը», որուն պէտք է տալ առաջին տեղը եւ այդ` Յիսուսին խօսքը ունկնդրելն է» հաստատեց Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ Յիսուս տարբեր է միւս հիւրերէն եւ չէ եկած ընդունելու այլ տալու ինքզինք իր Խօսքին միջոցաւ։

Յիսուսին Խօսքին տալ առաջին տեղը

«Յիսուսին խօսքը վերացական չէ, ան ուսուցում է, որ կը շօշափէ և կը ձևաւորէ կեանքը, կը փոխէ զայն, կ՜ազատէ չարի անթափանցկութիւնէն, կը յագեցնէ և կու տայ ուրախութիւն, որ չ՛անցնիր. ասիկա լաւագոյն մասն է: Ասոր համար Մարիամը անոր կու տայ առաջին տեղը. կանգ կ՛առնէ եւ կ՛ունկնդրէ»։

Եղբայրներ եւ քոյրեր, օգտուինք այս արձակուրդի ժամանակէն, կանգ առնելու եւ մենք մեզ դնելու Յիսուսին ունկնդրութեան տակ։ Այսօր միշտ աւելի դժուար է ազատ ժամանակ գտնել խորհրդածելու համար։ Ամարային շրջանը կարող է արժէքաւոր ըլլալ` բանալու համար Աւետարանը ու զայն կարդալու դանդաղ կերպով, առանց շտապի։

Կարդալ Աւետարանը 

Թոյլ տանք, որ անոր էջերը մեզ հարցաքննեն, հարց տանք թէ դէպի ո՞ւր կ՜երթայ մեր կեանքը եւ եթէ Ան Յիսուսին մեզի ըսածներուն կը համապատասխանէ։

«Երբ առաւօտեան դուրս գանք տունէն մտքին մէջ ունենալով Յիսուսին մէկ խօսքը, օրը պիտի ընթանայ այդ բառով նշուող շեշտով , որ ուժ ունի մեր գործողութիւնները կողմնորոշելու ըստ Տիրոջ կամքին» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ու խորհրդածութիւնը աւարտեց հացելով` որ «Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզի սորվեցնէ ընտրել լաւագոյն մասը` որ մեզմէ երբեք պիտի չի խլուի»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2022, 12:08

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >