Որոնել

1655881503648.jpg

Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն. Տարեցներու եւ երիտասարդներու միջեւ կապը

«Նայինք տարեցներուն եւ օգնենք անոնց, որպէսզի կարողանան ապրիլ եւ արտայայտել իրենց կեանքին իմաստութիւնը, ու կարողանան մեզի տալ բարին եւ գեղեցիկը զոր ունին։ Նայինք անոնց։ Ունկնդրենք։ Եւ մենք տարեցներս նայինք երիտասարդներուն. Անոնք յառաջ պիտի տանին այն ինչ` որ մենք սերմանեցինք ու նաեւ այն ինչ, որ քաջութիւնը կամ կարելիութիւնը չունեցանք սերմանելու։ Վառ պահենք այս կապը։ Տարեցը կարող չէ երջանիկ ըլլալ առանց երիտասարդներուն նայելու, եւ երիտասարդները չեն կրնար կեանքը շարունակել առանց ծերերուն նայելու»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Երրորդ անգամ մըն ալ հարցուց անոր. «Սիմո՛ն Յովնանի, կը սիրե՞ս զիս»։ Տրտմեցաւ Պետրոս, որովհետեւ երրորդ անգամ հարցուց իրեն` թէ կը սիրե՞ս զիս, ու ըսաւ. «Տէ՛ր, դուն ամէն բան գիտես եւ ամէն բան կը ճանչնաս. գիտես նաեւ թէ կը սիրեմ քեզ»։ «Արածէ՛ իմ ոչխարներս», ըսաւ անոր Յիսուս։

«Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՛ըսեմ քեզի, երբ դեռ երիտասարդ էիր` քու ձեռքովդ կը կապէիր գօտիդ եւ կ՛երթայիր ուր որ կ՛ուզէիր. բայց երբ ծերանաս` ձեռքերդ վեր պիտի բարձրացնես եւ ուրիշ մը գօտի պիտի կապէ քեզի ու պիտի տանի` ուր որ չես ուզեր երթալ»։

Յովհաննէսի Աւետարանէն (Գլ 21,17-18) քաղուած սոյն հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին 22 Յունիսի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան, զոր Ան ներկայացուց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Յիսուսի եւ Պետրոսի միջեւ զրոյցը

Ծերութեան մասին մեր խորհրդածութիւններու ուղեւորութեան մէջ այսօր կը խորհրդածենք` Յովհաննէսի Աւետարանի վերջաւորութեան Յարուցեալ Յիսուսի եւ Պետրոսի միջեւ կայացած երկխօսութեան վրայ։ Յուզիչ երկխօսութիւն մը, որմէ ի յայտ կու գայ Յիսուսին սէրը իր աշակերտներուն նկատմամբ ու նաեւ անոր համայն մարդկայնութիւնը անոնց հետ փոխյարաբերութեան մէջ, ու յատկապէս Սուրբ Պետրոսին հետ։ Ճշմարտութեան մէջ յարաբերութիւն մը` քնքուշ, ուղղակի, զօրեղ, ազատ ու բաց»։

Վկայութեան ժամանակը եւ կեանքի ժամանակը

«Սուրբ Յովհաննէսի Աւետարանը` որ այնքան հոգեւոր է եւ այնքան վեհանձն կը փակուի Յիսուսին Պետրոսին նուիրած ու անորմէ խնդրած սիրոյ յուզիչ պահանջով», ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով երկխօսութեան` որուն մէջ կը գտնենք երկու կարեւոր անցք, որոնք կը հային ծերութեան եւ ժամանակի տեւողութեան` վկայութեան ժամանակը եւ կեանքի ժամանակը» ըսաւ Սրբազան Պապը ընդգծելով որ «Առաջին անցքը Յիսուսին նախազգուշացնում է Պետրոսին. երբ դեռ երիտասարդ էիր` ինքնաբաւ էիր, երբ ծերանաս դուն քեզի եւ քու կեանքիդ տէրը չես։ Այս առնչութեամբ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց իր կացութեան, որ կը շրջի շարժաթոռի միջոցաւ, դիտել տալով, որ ասիկա մաս կը կազմէ կեանքին ու թէ ծերութեան հետ միասին հիւանդութիւնները կու գան ու պէտք է զանոնք ընդունիլ այնպէս ինչպէս որ են։

«Քու վկայութիւնդ եւս պիտի ընկերակցի այս տկարութեան» շարունակեց Քահանայապետը։ «Դուն պիտի ըլլաս Յիսուսին վկան նոյնիսկ տկարութեան, հիւանդութեան ու մահուան ընթացքին»։ Աւետարանիչը ապա իր մեկնաբանութիւնը կ՜աւելցնէ բացատրելով, որ Յիսուս այդ խօսքերը ուղղեց նշանակելու համար թէ ինչ մահով պիտի մեռնի Պետրոսը եւ այդ ըսելէ ետք աւելցուց. «Ետեւէս եկուր»։

Սորվիլ մեր դիւրաբեկութենէն ու հետեւողականութեամբ արտայայտել մեր կեանքի վկայութիւնը

Յիսուսին ու Պետրոսին միջեւ այս երկխօսութիւնը կը պարունակէ թանկագին ուսուցում մը, բոլոր աշակերտներուն ու հաւատացեալներուն համար ու նաեւ տարեցներուն համար. այն է սորվիլ մեր դիւրաբեկութենէն ու հետեւողականութեամբ արտայայտել մեր կեանքի վկայութիւնը, նոյնիսկ ուրիշներուն վստահուած կեանքի մը պայմաններուն մէջ։

Ծերութեան մէջ, Քրիստոսի հետեւելու վկայութեան կ՜ընկերանայ դիւրաբեկութիւն, անկարողութիւն, եւ միւսներէն կախուածութիւնը։ Ծերութեան այս նոր ժամանակաշրջանը է նաեւ ժամանակ փորձութիւններու, որոնցմէ առաջինը պատմութեան դերակատարներ մնալու փորձութիւնն է։

Պետրոսը եւ Յովհաննէսը

Աւետարանիչը կը գրէ «Պետրոս դարձաւ եւ տեսաւ, որ ետեւէն կու գար այն աշակերտն ալ` զոր կը սիրէր Յիսուս, այն` որ ընթրիքի ատեն Յիսուսի լանջքին փարելով` հարցուցած էր. «Տէ՛ր, ո՞վ է որ քեզ պիտի մատնէ»։ Պետրոս, զանիկա տեսնելով` ըսաւ Յիսուսին. «Տէ՛ր, իսկ ասիկա ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Յիսուս պատասխանեց. «Եթէ ես ուզեմ` որ ատիկա մնայ մինչեւ որ ես գամ, քեզի ի՞նչ փոյթ. դուն ետեւէս եկուր»։

Տարեցները պէտք չէ, որ նախանձին երիտասարդներէն, որոնք իրենց ճանապարհը կ՜ընտրեն, կը գրաւեն իրենց տեղերը, կը տեւեն իրենցմէ աւելի։

Երդուեալ սիրոյ հանդէպ անոնց հաւատարմութեան պատիւը, հաւատացեալ հաւատքին հետևելու հաւատարմութիւնը, նոյնիսկ այն պայմաններուն մէջ, որոնք անոնց աւելիով կը մօտեցնեն մահուան շեմին, հիացմունքի խորագիրներ են գալիք սերունդներուն համար և Տիրոջ կողմէն երախտագիտութեան ճանաչում։

Երիտասարդները չեն կրնար կեանքը շարունակել առանց ծերերուն նայելու

«Նայինք տարեցներուն եւ օգնենք անոնց, որպէսզի կարողանան ապրիլ եւ արտայայտել իրենց կեանքին իմաստութիւնը, որպէսզի կարողանան մեզի տալ բարին եւ գեղեցիկը զոր ունին։ Նայինք անոնց։ Ունկնդրենք զանոնք։ Եւ մենք տարեցներս նայինք երիտասարդներուն. Անոնք յառաջ պիտի տանին այն ինչ` որ մենք սերմանեցինք ու նաեւ այն ինչ, որ քաջութիւնը կամ կարելիութիւնը չունեցանք սերմանելու։ Վառ պահենք այս կապը։ Տարեցը կարող չէ երջանիկ ըլլալ առանց երիտասարդներուն նայելու, եւ երիտասարդները չեն կրնար կեանքը շարունակել առանց ծերերուն նայելու» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2022, 09:20

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >