Որոնել

1654673103420.jpg

«Ծերութիւնը մեզ կը պատրաստէ յաւիտենականութեան». Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

«Ծերերը ապագային պատգամաւորներն են, քնքշութեան եւ կեանքի իմաստութեան պատգամաւորներն են, խուսափինք «մնացորդացի մշակոյթէն» յառաջ ընթանանք նայելով ծերերուն»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յիսուս պատասխանեց եւ ըսաւ. «Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՛ըսեմ քեզի, եթէ մէկը վերստին չծնի` չի կրնար տեսնել Աստուծոյ արքայութիւնը»։

Նիկոդեմոս ըսաւ. «Ի՞նչպէս կրնայ մարդ ծնիլ, երբ արդէն ծեր է. կարելի՞ բան է որ մարդ կրկին մօրը որովայնը մտնէ եւ ծնի»։ «Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՛ըսեմ քեզի, պատասխանեց Յիսուս, եթէ մէկը ջուրէն եւ Հոգիէն չծնի` չի կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել։ Որովհետեւ մարմինէն ծնածը` մարմին է, եւ Հոգիէն ծնածը` հոգի»։

Յովհաննէս (Գլ. 3, 3-6) Աւետարանիչի երրորդ գլուխէն քաղուած այս հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին 8 Յունիսի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան։

Հրապարակային ունկնդրութեան սկիզբը Նորին Սրբութիւնը քահանայապետական բացօթեայ սպիտակ ինքնաշարժով շրջանը կատարեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին, ողջունելով այնտեղ ժամանած հազարաւոր հաւատացեալները։ Ան ապա բարձրացաւ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մուտքին դիմաց զետեղուած ամպիոն եւ այնտեղէն ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը, որ ինչպէս վերեւ նշեցինք կեդրոնացուց ծերութեան նիւթին վրայ խօսելով Նիկոդեմոսի եւ Յիսուսի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ու անոնց միջեւ կայացած զրոյցի մասին։

Աստուած սիրեց աշխարհը 

Յիսուսին եւ Նիկոդեմոսին միջեւ երկխօսութենէն ի յայտ կու գայ Յիսուսին յայտնութեան եւ անոր փրկագործ առաքելութեան կորիզը` երբ Ան կ՛ըսէ «Աստուած այնպէ՛ս սիրեց աշխարհը` որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ. որպէսզի ով որ հաւատայ անոր` չկորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Հմմտ. 16)։

Վերստին ծնիլ

Յիսուս Նիկոդեմոսին կը բացատրէ թէ «Աստուծոյ արքայութիւնը տեսնելու համար պէտք է «վերստին ծնիլ»։ Այս չի նշանակեր ի սկզբանէ վերածնիլ, կրկնել մեր աշխարհ գալուստը, յոյս ունենալով` որ վերամարմնացում մը աւելի լաւ կեանքի մը կարելիութիւններ կը բանայ մեր առջեւ։ Ո՛չ. մեր այս կեանքը արդեն թանկարժէք է Աստուծոյ աչքերուն։ Վերստին ծնիլը մեզի թոյլ կու տայ մուտք գործել Երկինքի Արքայութեան մէջ, անիկայ վերակենդանացում մըն է Սուրբ Հոգիին մէջ, ջուրերուն մէջ անցք մըն է, դէպի խոստացուած Երկիր` Աստուծոյ հետ հաշտուած սիրոյ ստեղծագործութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Նիկոդեմոս չի հասկնար այդ վերածնունդին իմաստը ու զայն կը կապէ ծերութեան։ Անոր առարկութիւնը մեզի համար դաստիարակչական է։

Ծերութեան առաքելութիւնը

Կարող ենք շրջել զայն, Յիսուսի խօսքերուն լոյսին ներքոյ, անոր մէջ բացայայտելու համար ծերութեան յատուկ առաքելութիւն մը։ Ծեր ըլլալը արդարեւ արգելք մը չէ վերստին ծնունդին, որուն մասին կը խօսի Յիսուս, անիկա պատշաճ ժամանակն է լուսաւորելու համար զայն, մեր այս դարաշրջանին մէջ` ուր զաւկի մը ծնունդը նկատուած է մարդ անհատի կենսաբանական վերարտադրութիւն մը եւ ուր մշակուած է անապական մարմնի յուսահատ մոլուցքի յաւերժական երիտասարդութեան առասպելը։ «Ահա թէ ինչու յաճախ ծերութիւնը անարգուած է։ Որովհետեւ ան կը հերքէ այդ առասպելի իրականութիւնը» յարեց Սրբազան Պապը։

Արհեստագիտութիւնը մեզի թոյլ կու տայ ներգրաւուիլ այս առասպելէն. մահը յաղթահարելու սպասումով մենք կարող ենք մարմինը կենդանի պահել դեղամիջոցներով և մարմնի պահպանումի գիտարուեստի միջոցներով, որոնք կը դանդաղեցնեն, կը թաքցնեն եւ կը հեռացնեն ծերութիւնը:

Իհարկէ, բարեկեցութիւնը բան մըն է եւ բոլորովին այլ բան է առասպելի շարժառիթը։ Իրականութեան մէջ, մահկանացու մարմնով կեանքը այստեղ՝ երկրի վրայ, անաւարտ բան մը ունի, քանի, որ այս կեանքը սկիզբ է, ոչ թէ կատարում: Ան նման է արւեստի որոշ գործերու, որոնք իւրայատուկ հմայք ունին ճիշտ իրենց այդ անաւարտութեան մէջ։

Հաւատքը մեզ կը մղէ դէպի յաւիտենականութիւն

Հաւատքը, որ մեզի թոյլ կու տայ տեսնել «Աստուծոյ արքայութիւնը» մեզ կը մղէ դէպի յաւիտենականութիւնը։ Մենք ունակ կը դառնանք իսկապէս տեսնել մերձեցման բազմաթիւ նշանները: Նշանները աւետարանական սիրոյն, որ տարբեր ձեւերով լուսաւորուած են Յիսուսով։ Եւ եթէ կարող ենք զանոնք տեսնել, կարող ենք առ այդ մուտք գործել արքայութեան մէջ, Սուրբ Հոգիին անցքով, ջուրին միջոցաւ որ կը վերակենդանացնէ։

Ծերութիւնը չպէտք է կարօտ յարուցէ ​​ժամանակին մէջ մեր ծննդեան, այլ պէտք է հրահրէ սէրը մեր վերջնական ճակատագրի նկատմամբ։ Մենք կը քալենք դէպի յաւիտենականութիւնը. Ոչ մէկը կարող է դարձեալ մտնել իր մօր արգանդին մէջ։ Տարեցը կը քալէ դէպի ճակատագիր` դէպի Աստուծոյ Երկինքը։ Ծերը կը քալէ իր կեանքի ընթացքին ամբարած իմաստութեամբ։ Ծերութիւնը մեզ կ՛օգնէ հասկնալու համար Աստուծոյ քնքշութիւնն ու մօտիկութիւնը։

Ծերերը ապագային պատգամաւորներն են

Ծերութիւնը առ այդ յատուկ ժամանակ է հանգուցալուծելու համար ապագան` կենսաբանական և ռոպոթիք գոյատևման թեքնոքրադական ​​պատրանքէն։ Թող` որ Սուրբ Հոգին մեզի պարգեւէ բացուածքը ծերութեան հոգեւոր եւ մշակութային այս առաքելութեան, որ մեզ կը հաշտեցնէ վերստին ծնելուն հետ։

«Ծերերը ապագային պատգամաւորներն են, քնքշութեան եւ կեանքի իմաստութեան պատգամաւորներն են, խուսափինք «մնացորդացի մշակոյթէն» յառաջ ընթանանք նայելով ծերերուն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը աւարտելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2022, 09:21

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >