Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի Քանատա առաքելական ճամբորդութեան ծրագիրը

Նորին Սրբութեան՝ 24էն 30 Յուլիս, ճամբորդութիւնը կը նախատեսէ կանգառներ Էտմոնթոն, Քեպէք եւ Իքալուիթ քաղաքներուն մէջ։

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակը 23 Յունիսին հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Քանատա միջազգային առաքելական ուղեւորութեան ծրագրի մանրամասները։ 2022 թուականի 24էն 30 Յուլիսին կայանալիք ճամբորդութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հանգրուան պիտի կատարէ Էտմոնթոն, Քեպէք եւ Իքալուիթ քաղաքներուն մէջ։

Ստորև կը ներկայացնենք այցի ծրագիրը.

Երկուշաբթի, 25 Յուլիս

10:00 – հանդիպում բնիկ ժողովուրդներու՝ First Nations, Métis e Inuit, հետ, ուր կը նախատեսուի Սրբազան Պապի առաջին ելոյթը:
16:45 - Սուրբ Սրտի Եկեղեցւոյ (Chiesa del Sacro Cuore) մէջ Ֆրանչիսկոս հանդիպում մը պիտի ունենայ բնիկ ժողովուրդներու եւ ծխական համայնքի անդամներուն հետ։

Երեքշաբթի, 26 Յուլիս

10:15 - Պապը պիտի նախագահէ Սուրբ Պատարագը Էտմոնթոնի «Commonwealth Stadium» մարզադաշտին մէջ:
17: 00 – Սրբազան Քահանայապետը պիտի մասնակցէ Սուրբ Աննային նուիրուած «Lac Ste. Anne Pilgrimage» ուխտագնացութեանը, որու ծիրէն ներս Ան պիտի նախագահէ Խօսքի Պատարագը «Lac Ste Anne»-ի լճակի մօտ:

Չորեքշաբթի, 27 Յուլիս

9:00 – մեկնում Քեպէք, 15:05-ին ժամանում միջազգային օդակայան:
15:40 – ընդունելութեան արարողութիւն Գլխաւոր նահանգապետի «Citadelle de Québec» նստավայրին մէջ:
16:00 – քաղաքավարական այցը վարչապետ Ճասթին Թրյուտոյին:
16:45 – հանդիպում քաղաքացիական իշխանութիւններու, բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներու և դիւանագիտական անձնակազմի հետ:

Հինգշաբթի, 28 Յուլիս

10:00 – Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Քեպէքի Sainte Anne de Beaupré ազգային տաճարի մէջ պիտի նախագահէ Սուրբ Պատարագը:
17:15-ին Նորին Սրբութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ եպիսկոպոսներու, քահանաներու, սարկաւագներու, նորընծաներու, վարժարանի սաներու և հովուական գործակալներու հետ՝ մայր տաճարի մէջ:

Ուրբաթ, 29 Յուլիս

9:00 – Սրբազան Քահանայապետը Քեպէքի արքեպիսկոպոսարանի մէջ առանձնազրոյց պիտի ունենայ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներու հետ:
10:45 –հանդիպում բնիկներու պատուիրակութեան հետ՝ նոյն վայրին մէջ:

12:45 – մեկնում Իքալուիթ:

16:15 – Տեղի դպրոցին մէջ Պապը մասնաւոր հանդիպում պիտ ունենայ նախկին գիշերօթիկ դպրոցներու որոշ աշակերտներու հետ: Այդ դպրոցները հիմնուած էին Քանատայի կառավարութեան կողմէ 1800-1900-ականներուն՝ բնիկ երեխաներու մշակութային ձուլման նպատակով: Այս հաստատութիւններու մէջ, որ վստահուած էին տեղի քրիստոնէական՝ ներառեալ կաթողիկէ, եկեղեցիներուն, երեխաները յաճախ կ’ենթարկուէին ֆիզիկական և հոգեբանական բռնութիւններու:

17:00 – հանդիպում երիտասարդներու և տարեցներու հետ դպրոցի հրապարակին վրայ։

18:15 – Իքալուիթի օդակայանի մէջ հրաժեշտի արարողութենէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի վերադառնայ Հռոմ, որուն ժամանումը նախատեսուած է շաբաթ՝ 30 Յուլիսին առաւօտեան ժամը 7:50-ին:

Սրբազան Քահանայապետը ճամբորդութեան ընթացքին պիտի ունենայ չորս ելոյթ, չորս քարոզ և մէկ ողջոյնի խօսք։

 


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2022, 12:15