Որոնել

Գաղթականի մը լուսանկար Գաղթականի մը լուսանկար 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը Թեքսասի եւ Մելիլա քաղաքներու մէջ գաղթականներուն ապրած ողբերգութիւններուն ի լուր

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը գաղթականներու ողբերգական լուրերուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակելով նոր թուիթ մը իր ցաւը յայտնեց Թեքսասի եւ Մելիլա քաղաքներուն մէջ գաղթականներու ողբերգական լուրերուն համար։

«Ցաւով իմացայ Թեքսասի եւ Մելիլա քաղաքներուն մէջ պատահած գաղթականներու ողբերգութիւններուն լուրերը։ Միասին աղօթենք այդ մեր եղբայրներուն համար, որոնք մահացան մինչ կը հետապնդէին  աւելի լաւ կեանքի  մը յոյսը աղօթենք նաեւ մեզի համար որպէսզի Տէրը մեր սիրտը բանայ ու այս դժբախտութիւնները դարձեալ չպատահին»։ Գրեց ֆրանչիսկոս Պապի թուիթին մէջ։

e per noi, perché il Signore ci apra il cuore e queste disgrazie non accadano più".

Յայտնենք, թէ Մարոքի եւ Սպանիոյ սահմանը գտնուող Մելիլա քաղաքին մէջ անցեալ ուրբաթ օր, շուրջ 1500 ափրիկեցի գաղթականներ կը փորձէին մուտք գործել Սպանիա, անոնցմէ 23 հոգի սպաննուեցան Ռապաթի ոստիկաններու կողմէ։

Նշենք, թէ Եւորպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը դատապարտեց գաղթականներուն դէմ ուժի անխտիր կիրառումը։

ֆրանչիսկոս Պապ իր ցաւը յայտնեց նաեւ Մեքսոքոյէն 240 քմ հեռաւորութեան վրայ փոխադրակառքի մէջ 40 աստիճան տաքութեան տակ լքուած ապա մահացած 46 գաղթականներուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2022, 12:44