Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Հայաստան` ''Առաջին Քրիստոնեայ Երկիր'' Քահանայապետի ուխտագնացութեան վեցերորդ տարեդարձը։

Ֆրանչիսկոս Պապին հայաստանի մէջ երեք օրերու պատմական պահերը դրոշմուեցան ամէն մէկ հայորդիի մտքին ու սրտին մէջ։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Ունկնդրէ լուրը

2016-ի 24, 25 եւ 26 Յունիսին, Հայաստանը աշխարհն ու համայն հայութիւնը ապրեցան պատմական օրեր, Սուրբ Պետրոսի 266րդ յաջորդը, Ասիզացիի Սուրբին անունը կրող առաջին Քահանայապետը, Յիսուսեան միաբանութեան անդամ` Ֆրաչիսկոս Պապ, քահանայապետութեան 14-րդ առաքելական ճամբորդութեան առթիւ կը ժամանէր Երեւան, այցելութիւն տալու Աստուածաշնչական Արարատի զաւակներուն, անգամ մը եւս անոնց վերահաստատելու համար իր անկեղծ մօտիկութիւնն ու բարեկամութիւնը։

Երեք օրերու ընթացքին համայն հայութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ընկալեց այդ իւրայատուկ հիւրը, որ Հայաստան եկած էր ամրապնդելու անոնց հաւատքը ու միեւնոյն ատեն ''մխրճուելու անոնց հինաւուրց իմաստութեան մէջ եւ ըմպելու անոնց հաւատքի աղբիւրէն'' ինչպէս արտայայտած էր նոյնինքն Պապը Ճամբորդութեան նախօրեակին, Հայ ազգին ուղղած լսատեսողական իր պատգամին մէջ, ուր եւ բացայայտօրէն յայտնած էր նաեւ իր հիացմունքն ու ցաւը ''հայ ժողովուրդի պատմութեան իրադարձութիւններուն'' նկատմամբ։

''Հիացմունք, ըսած էր Սրբազան Քահանայապետը, որովհետեւ Յիսուսի խաչին եւ ձեր հանճարին մէջ գտաք միշտ վերականգնելու ոյժը, նաեւ տառապանքներէ, որոնք մարդկութեան յիշողութեան մէջ ամենէն սարսափելիներն են։ Ցաւ՝ այն ողբերգութիւններուն համար, որոնք ձեր հայրերը ապրեցան իրենց մարմնին վրայ''։

Այդ երեք օրերու պատմական պահերը դրոշմուեցան ամէն մէկ հայորդիի մտքին ու սրտին մէջ։ Խիտ յայտագիրով երեք օրեր որոնց ընթացքին տեղի ունեցան պաշտօնական հանդիպումներ, հոգեւոր արարողութիւններ եւ աղօթքի պահեր։
Առաքելական ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը եղաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը` ուր Սրբազան Քահանայապետին ի պատիւ տեղի ունեցաւ բարի գալուստի արարողութիւն որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ նշեց թէ ''Յուզումով ոտքը դրաւ հայոց ժողովուրդի պատմութեան վկայի ու հոգեկանութեան լուսաշող կեդրոնի սրբազան վայրի շեմին''։Ան ապա յայտնեց թէ ''կը խոնարհի Տիրոջ ողորմութեան առջեւ¬ որ կամեցաւ որ Հայաստանը ըլլայ առաջին Ազգը` որ 301-ին ընդունեց Քրիստոնէութիւնը որպէս կրօն''։''Քրիստոսի հաւատքը Հայաստանի համար, չէ եղած որպէս զգեստ մը որ կարելի է հագնիլ կամ հանել պարագաներու կամ առիթներու համաձայն¬, այլ ան բաղկացուցիչ իրականութիւն է սեփական ինքնութեան, գերազանց պարգեւ մը, ուրախութեամբ ընդունելի եւ ժրաջանութեամբ ու ուժով պահպանելի'', ըսած էր միշտ Սրբազան Քահանայապետը Հայաստանի մէջ արտասանելով իր առաջին ճառը որուն մէջ նաեւ ընդգծած էր Կաթողիկէ ու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եղբայրական ու անկեղծ երկխօսութեան միջոցաւ կատարուած քայլերը ի սպաս ''Գոհութեան Սեղանի կիսումին''։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին առաջին օրուան յայտագրի երկրորդ պաշտօնական հանդիպումը հանդիսացաւ ՀՀ նախագահական Պալատին մէջ, Հանրապետութեան Նախագահին ու Քաղաքական իշխանութիւններուն հետ ունեցած հանդիպումը ուր Ֆրանչիսկոս Պապը վերյիշեց Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ 12 ապրիլ 2015-ին մատուցած Սուրբ Պատարագը «Մեծ Եղեռն»ի հարիւրամեակի յիշատակումին առթիւ, 1915-ի արարքները դարձեալ որակելով ''ցեղասպանութիւն'' ու ողբերգական նկատելով որ ''հզօր երկիրները¬, ըլլայ այս պարագային ըլլայ այլ պարագաներուն, այլուր դարձուցին իրենց նայուածքը''։
''Փառք ու պատիւ Հայ ժողովրդին, որ լուսաւորուած Աւետարանի լոյսով, նոյնիսկ իր պատմութեան ամենաողբերգական պահերին, Քրիստոսի Խաչի եւ Յարութեան մէջ միշտ գտած է վերականգնելու ոյժը եւ պատուով վերսկսելու ընթացքը'' ըսած էր այդ առթիւ Սրբազան Պապը խրախուսելով ''բազմապատկելու ջանքերը՝ որպէսզի միջազգային հակաճառութիւններու առթիւ միշտ գերակշռեն երկխօսութիւնը, խաղաղութեան կայուն եւ հարազատ փնտռտուքը, Պետութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը եւ միջազգային կառոյցներու փոյթեռանդ ջանքը, կառուցելու համար վստահութեան մթնոլորտ՝ ի սպաս բարենպաստ ու մնայուն համաձայնութիւններու'':
''Աստուած օրհնէ եւ պաշտպանէ Հայաստանը, լուսաւորուած հաւատով, նահատակներու քաջութեամբ, յոյսով՝ որ աւելի զօրաւոր է քան ամէն ցաւ'' այս բարեմաղթութեան խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտած էր Հայաստան կեցութեան առաջին օրուայ ծրագիրը, մինչ ճամբորդութեան երկրորդ օրը առաւօտեան Ան այցելութիւն տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, այնտեղ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած` Հայոց բիւրաւոր նահատակներուն հոգւոյն հանգստեան համար, ու յուշահամալիրի ոսկեմատեանին մէջ արձանագրելով հետեւեալ խօսքերը.
''Այստեղ կ՝աղօթեմ՝ ցաւը սրտիս մէջ, որպէսզի՝ այլեւս երբեք նման ողբերգութիւններ չըլլան, որպէսզի մարդկութիւնը չմոռնայ եւ իմանայ բարութեամբ յաղթել չարութեան։ Թող Աստուած խաղաղութիւն ու սփոփանք շնորհէ սիրեցեալ հայ ժողովուրդին ու համայն աշխարհի։

Աստուած պահպանէ հայ ժողովուրդին յիշողութիւնը։ Յիշողութիւնը պէտք չէ ոռոգուի եւ ոչ ալ մոռացումի ենթարկուի։ Յիշողութիւնը խաղաղութեան եւ ապագայի ակնաղբիւրն է՝՝։
Ծիծեռնակաբերդի տուած այցելութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ փոխադրուեցաւ Գիւմրի` այցելելու` Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Համայնքը ու անոնց մասնակցութեամբ Գիւմրիի հրապարակին վրայ, պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով, Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան բոլոր անդամներուն հետ, գլխաւորութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս -Պատրիարքին ու ներկայութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի ու հայ առաքելական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասին, Սրբազան Պապը նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն աւարտին այցելեց նաեւ Անարատ Յղութեան Հայր Քոյրերու մատակարարած Գիւմրիի Տիրամայր Հայաստանի կեդրոնը ուր եւ նաեւ բաժնեկցեցաւ սիրոյ սեղանը։ Մինչ երեկոյեան` Երեւանի Հանրապետութեան Հրապարակին վրայ մասնակցեցաւ Համամիութենական աղօթքի հանդիպումին ու այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց համամիութենական ուղեւորութեան կարեւորութիւնը, ճառին մէջ մէջբերելով Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Հայոց Կաթողիկոսի համամիութեան մասին խօսքեր. ''Սուրբ Ներսէս կը զգար նաեւ փոխադարձ սէրը աճեցնելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ միայն սէրը ի վիճակի է դարմանելու յիշողութիւնը եւ անցեալի վէրքերը բուժելու. միայն սէրը կը ջնջէ նախապաշարումները եւ թոյլ կու տայ ընդունելու, որ եղբօր հանդէպ բացուածքը կը մաքրէ եւ կը բարւոքէ սեփական համոզումները'': ըսած էր այդ առթիւ Սրբազան Քահանայապետը իր ճառին մէջ ակնարկելով նաեւ յիշողութեան ու ապագայի մասին.''Բոլորի համար լաւ կ՛ըլլայ աջակցել ապագայի հիմքերը դնելու...որտեղ երբեք չյոգնեն ստեղծելու խաղաղութեան պայմաններ. բոլորի համար արժանավայել աշխատանք, առաւել կարիքաւորների խնամատարութիւն եւ անխոնջ պայքար կաշառակերութեան դէմ, որ պէտք է արմատախիլ ընել'' Քահանայապետը ապա խօսքը ուղղած էր երիտասարդներուն ըսելով. ''Սիրելի երիտասարդներ, այս ապագան ձերն է. Ձեր մեծերի իմաստութիւնն ամբարելով, խաղաղարարներ դառնալու հնարաւորութիւնն էք ունենում. ոչ թէ ստատուս-քվոի նոտարներ, այլ հանդիպումի եւ հաշտութեան մշակոյթի դրական գործիչներ: Աստուած օրհնի ձեր ապագան եւ «պարգեւի, որ հայ եւ թուրք ժողովուրդների հաշտութեան ուղին կրկին ձեռք առնուի, եւ խաղաղութիւնը տիրի Ղարաբաղում» (Պատգամ Հայերին, 12 ապրիլ 2015):

Ֆրանչիսկոս Պապ վերյիշեց հուսկ Նարեկացիին Եկեղեցւոյ Տիեզերական Վարդապետ հռչակումը ու համայն Հայ Ժողովուրդին մաղթեց ''Խաղաղութիւն ամենեցուն'':
Ճամբորդութեան վերջին օրը Սրբազան Քահանայապետը իր մասնակցութիւնը բերաւ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին մատուցած Սուրբ Պատարագին ապա մասնակցեցաւ իրեն ի պատիւ սարքուած հիւրասիրութեան հուսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ միասին ստորագրեց ''Միասնական Յայտարարութիւն'' մը որ կ՛ամփոփեր երեք օրուայ այցելութեան ճառերու ու պատգամներու պարունակութիւնը, ինչպէս նաեւ ճամբորդութեան իմաստը ու եզրափակիչ պատգամը։

Սրբազան Քահանայապետին պատմական այցելութեան վերջին հանգրուանը հանդիսացաւ Խոր Վիրապը, վայրը որտեղէն ծնունդ առաւ հայ ժողովուրդի աւանդական հաւատքը, վայրը ուր` Սրբազան Քահանայապետը ու Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, միասին աղօթեցին ապա Խոր Վիրապի հրապարակէն, Արարատ սարի դիմաց, ազատ արձակեցին խաղաղութիւնը խորհրդանշող երկու սպիտակ աղաւնիներ։ Այդ խաղաղութիւնը որուն դարերէ ի վեր կը ձգտի հայ ազգը։ Խաղաղութիւնը զոր Ֆրանչիսկոս Պապ, որպէս պատգամաւոր, ուզեց բերել հայոց աշխարհ եւ որուն համար համայն մարդկութենէն կը խնդրէ աղօթք ու յանձնառում։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2022, 09:39