Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը ծայրայեղականութեան հակաթոյնն է»։

Ֆրանչիսկոս Պապ չկարողանալով ընդունիլ Միջ կրօնական խորհրդակցութիւններու միջազգային հրէական կոմիտէի պատուիրակութիւնը ծունկի ցաւի պատճառով, գրաւոր պատգամ մը յանձնեց կարդինալ Քուրտ Քոխին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 30 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ ծունկի ցաւի պատճառով քրիստոնեաներու միութեան խթանման վերատսեչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Քուրտ Քոխին յանձնեց գրաւոր պատգամ մը՝ ուղղուած Միջ կրօնական խորհրդակցութիւններու միջազգային հրէական կոմիտէի պատուիրակութեան։

Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացնելով, թէ այսօր հինգշաբթի, 30 յունիսին, ֆրանչիսկոս Պապ չկարողեցաւ ընդունիլ Միջ կրօնական խորհրդակցութիւններու միջազգային հրէական կոմիտէի պատուիրակութիւնը ծունկի ցաւի պատճառով։ Նորին Սրբութիւնը իր պատրաստած գրաւոր պատգամը յանձնեց քրիստոնեաներու միութեան խթանման վերատսեչութեան վերատեսուչին։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ վերոյիշեալ պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը կը հրաւիրէ անդրադառնալու տարաձայնութիւններուն, հակամարտութիւններուն՝ ոչ յարձակողական ձեւով եւ ոչ ալ նախապաշարումներով, այլեւ խաղաղ դիտաւորութեամբ, գտնելու համար մերձեցման կէտեր, որովհետեւ ատելութիւնը, բռնութիւնը անհամատեղելի են մեր հաւատքին հետ։

Նորին Սրբութիւն պատգամին մէջ նկատել կու տայ, որ Հրէաները ու քրիստոնեաները կանչուած են վարուելու՝ հնարաւորինս՝ նմանելով մեր Աստուծոյ Արարչին եւ Հօր,   ապահովուելով Կաթողիկէ եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը, հակազդելու հակսեմականութեան բոլոր ձեւերուն, յատկապէս կանխարգելիչ գործողութիւններուն միջոցաւ, այսինքն դաստիարակչական գետնի վրայ, ըլլայ ընտանիքներուն, ըլլայ ժողովրդապետական հասարակութիւններուն եւ դպրոցներու մէջ։

Նորին Սրբութիւն պատգամը կ՝աւարտէ վերահաստատելով հրէաներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը ընդգծելով նաեւ միասին աշխատելու հրամայականը ՝հակազդելու համար արեւմտեան հասարակութիւններու որոշակի բացասական միտումներուն, այսինքն ես-ի եւ դրամի գաղափարապաշտութեան ու անտարբերութեան մշակոյթին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2022, 14:09