Որոնել

Քրեմենչուքի զոհերու յիշատակին Քրեմենչուքի զոհերու յիշատակին 

Աղօթենք խելագար պատերազմի աւարտին համար. Ֆրանչիսկոս Պապ

Կ՜աղօթեմ, որպէսզի այս խելագար պատերազմը աւարտին հասնի եւ կը նորոգեմ հրաւէրս շարունակելու անյապաղ աղօթել խաղաղութեան համար։ Թող որ Տէրը բանայ երկխօսութեան ուղիները զոր մարդիկը չեն ուզեր եւ չեն կարող գտնել
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սրտիս մէջ կը կրեմ սիրելի եւ մարտիրոս Ուքրանիան, որ կը շարունակէ թիրախ դառնալ բարբարոսական յարձակումներուն, նման այն յարձակումին, որ հարուածեց Քրեմենչուքի առեւտրական կեդրոնը։ Կ՜աղօթեմ, որպէսզի այս խելագար պատերազմը աւարտին հասնի եւ կը նորոգեմ հրաւէրս շարունակելու անյապաղ աղօթել խաղաղութեան համար։ «Թող որ Տէրը բանայ երկխօսութեան ուղիները, զոր մարդիկը չեն ուզեր եւ չեն կարող գտնել» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը կոչ ուղղելով նաեւ չյապաղիլ տառապող ուքրանացի ժողովուրդին օգնութեան հասնելու։

Մեր պատասխանատուութիւնն է պահպանել արարչագործութիւնը

Նորին Սրբութիւնը յիշեց ապա Հռոմի մէջ վերջին օրերուն, նաեւ երաշտի պատճառաւ ժայթքած հրդեհները, յոյս յայտնելով, որ ի գործ դրուին հարկաւոր միջոցները «դիմագրաւելու համար այս տագնապը եւ կանխարգիլելու ապագային տապանագրերը», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, նշելով` որ այս բոլոր բաները պէտք է մեզ մղեն մտածելու արարչութեան պահպանումի հարցին, որ մեր պատասխանատութինն է. Իւրաքանչիւրիս պատասխանատութինը։ Ասիկա նորոյթ մը չէ, պատասխանատուութիւն է. «Երկրին ապագան կը գտնուի մեր ձեռքերուն մէջ եւ կախեալ է մեր որոշումներէն» յարեց Սրբազան Պապը

«L’Osservatore di strada» ամսաթերթը

Ան ապա ակնարկեց այսօր Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ձրիաբար բաժնուած “L’Osservatore Romano”-ի «L’Osservatore di strada» ամսաթերթին, որուն մէջ «վերջինները կը դառնան դերակատարներ», ըսաւ Քահանայապետը բացատրելով, որ «այդ ամսաթերթի հրատարակութեան գործին կը մասնակցին աղքատ, անտեսուած անհատներ գրելով, հարցազրոյցներ կատարելով, ու ամսաթերթի էջերը զարդարելով։

Շնորհաւորութիւն Հռովմէացիներուն

Քահանայապետը հուսկ Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելներուն տօնին առիթով իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց Հռոմէացիներուն յոյս յայտնելով, որ «բոլոր մարդիկը կարողանան քաղաքին մէջ գտնել պարկեշտ ընդունելութիւն մը որ արժանի ըլլայ անոր գեղեցկութեան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, հաստատելով, որ «Հռոմը գեղեցիկ է», հուսկ իր երախտագիտութիւնը արտայայտեց Կ. Պոլսոյ տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ուխտաւորներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են Մետրոպոլիտներու Պալիումի շնորհման արարողութեան առթիւ։

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ողջունեց հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալները եւ բարի տօն մաղթելով անոնց խնդրեց, որ չի մոռանան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2022, 12:30