Որոնել

1656240601588.JPG

Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին Մարեմեան աղօթքը։

Արդարեւ կայ հաւատքի վարժողականութիւն մը, որ ներգրաւեց նաեւ Պետրոս ու Պօղոս առաքեալները ու այդ մէկը նման է «իւրաքանչիւրիս ապրած այդ վարժողականութեան», նշեց Նորին Սրբութիւնը, դիտել տալով, որ «ժամանակ, համբերութիւն եւ հեզութիւն պէտք է, որպէսզի մեր մտածելու եւ գործելու կերպերը լիովին յարին Աւետարանին»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հռոմի պաշտպան սուրբեր Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին օրը չորեքշաբթի 29 Յունիսի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ առաւօտուն նախագահած սուրբ պատարագէն ետք իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն առթիւ ներկայացուց յաւուր պատշաճի խորհրդածութիւնը ակնարկելով օրուան աւետարանական հատուածին. որ քաղուած էր Մատթէոս Աւետարանիչէն (16,16) որուն մէջ Պետրոս հաւատքով կը դաւանի Յիսուսը անոր ըսելով «Դուն ես Քրիստոսը` Աստուծոյ կենդանի Որդին»։

Հաւատքի վարժողականութիւնը

«Պետրոսին արտայայտած այս Հաւատքի դաւանանքը չէ հիմնուած անոր մարդկային հասկացողութեան վրայ, այլ ներշնչուած է Հօր Աստուծմէ» ըսաւ Սրբազան Պապը յղում կատարելով Աւետարանին ու հաստատելով, որ «ձկնորս Սիմոնին համար այդ եղաւ ուղեւորութեան սկիզբը» ու թէ «շատ ժամանակ պիտի անցնի, նախ քան այդ խօսերուն կշիռքը մուտք գործէ անոր կեանքին մէջ, զայն ամբողջութեամբ ներգրաւելով»։

Արդարեւ կայ հաւատքի վարժողականութիւն մը, որ ներգրաւեց նաեւ Պետրոս ու Պօղոս առաքեալները ու այդ մէկը նման է «իւրաքանչիւրիս ապրած այդ վարժողականութեան», նշեց Նորին Սրբութիւնը, դիտել տալով, որ «ժամանակ, համբերութիւն եւ հեզութիւն պէտք է, որպէսզի մեր մտածելու եւ գործելու կերպերը լիովին յարին Աւետարանին»։

Հաւատքը պէտք ունի ժամանակի եւ հասունութեան

Պետրոս այդ մէկը փորձարկեց անմիջապէս։ Հազիւ իր հաւատքը դաւանած Յիսուսին, Ան կը մերժէ Տիրոջ չարչարանքին ու մահուան դատապարտումի հեռանկարը որ անհամատեղելի կը նկատէ Մեսիային հետ։ ԱՆ նոյնիսկ պարտականութիւնը կը զգայ Վարդապետը յանդիմանելու սակայն կը ստանայ զօրեղ պատասխան մը. «Հեռացիր սատանայ, որովհետեւ գայթակղութիւն մըն ես ինծի։ Քու ըմբռնումներդ աստուածային չեն այլ մարդկային» (Մատթ. 16, 23)։

«Այս մէկը կը պատահի նաեւ մեզի։ Մենք Հաւատամքը կը կրկնենք ու զայն կ՜ընենք հաւատքով սակայն կեանքի փորձանքներու դիմաց մեզի կը թուայ թէ ամէն բան կը խախտի։ Մղուած ենք Տիրոջ բողոքելու, անոր ըսելով որ այս մէկը արդար չէ, թէ պէտք է այլ ճանապարհներ ըլլան, ուղիղ, նուազ յոգնեցուցիչ» ըսաւ Սրբազան Պապը։

«Մենք կ՜ապրինք հաւատացեալին անձկութիւնը, որ կը հաւտայ Յիսուսին եւ կը վստահի Անոր, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը զգայ որ դժուար է հետեւիլ Քրիստոսին եւ կը փորձէ այլ ճանապարհներու դիմել» աւելցուց Քահանայապետը հաստատելով, որ «Սուրբ Պետրոսը ապրեցաւ այս ներքին ողբերգութիւնը եւ կարիքը ունեցաւ ժամանակի` որպէսզի հասուննայ»։

Սկիզբը ան կը սարսափէր խաչի գաղափարէն, սակայն աւարտին Ան Տէրը վկայեց քաջութեամբ, մինչեւ այն աստիճան որ խաչուեցաւ գլուխն ի վար։

Հաւատքի ուղեւորութիւնը յանձնառումի կը կարօտի

Սուրբ Պօղոսը եւս անցաւ հաւատքի այդ դանդաղ հասունութենէն փորձարկելով անորոշութեան եւ կասկածի պահեր։ Յարուցեալին յայտնութիւնը Դամասկոսի ճամբուն վրայ, որ զայն հալածիչէն դարձուց քրիստոնեայ, պէտք է ընկալուի որպէս ճանապարհ, որուն ընթացքին Առաքեալը դէմ առ դէմ գտնուեցաւ տագնապին հետ, ձախողութիւններուն հետ եւ, ինչպէս ինք գրած է, «մարմնի փուշերուն» հետ։

«Հաւատքի ուղեւորութիւնը յանձնառումի կը կարօտի, դժուար է» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, հրաւիրելով Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու փորձառութիւններուն հիման վրայ մենք մեզի հարց տանք, թէ ո՞րն է մեր հաւատքի վարուելակերպը ու թէ դժուարութիւններուն դիմաց ի՞նչպէս կը վարուինք, ապա հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը. «Առաքեալներու Թագուհին թող մեզի սորվեցնէ նմանիլ անոնց` ամէն օր յառաջանալով հաւատքի ուղիին մէջ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2022, 12:07

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >