Որոնել

Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք

«Յիսուսին նման գոյատեւենք սիրոյ մէջ, մինչեւ վերջ». Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութինը։

«Երբեմն մենք կը կարծենք, որ մեր եռանդը պայմանաւորուած է յանուն լաւ նպատակի մը համար արդարութեան զգացումէն, բայց իրականին մէջ այդ մէկը շատ անգամ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ հպարտութիւն՝ միացած տկարութեան, դիւրագրգռութեան և անհամբերութեան» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով Յիսուսէն խնդրել ուժը` ըլլալու Իրեն նման, իրեն հետեւելու վճռակամութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երբ իր աշխարհէն վերնալու օրերը մօտեցան, ինք ալ հաստատ որոշեց Երուսաղէմ երթալ։ Եւ իր առջեւէն պատգամաւորներ ղրկեց, որոնք գացին, Սամարացիներուն մէկ գիւղը մտան որպէս զի իրեն համար պատրաստութիւն տեսնեն։ Բայց չընդունեցին զանիկա, վասն զի անոր երեսը դէպի Երուսաղէմ շտկուած էր։ Երբ իր աշակերտները, Յակոբոս ու Յովհաննէս, իմացան, ըսին անոր. «Տէ՛ր, կ’ուզե՞ս որ ըսենք ու երկնքէն կրակ իջնէ ու սատկեցնէ զանոնք, ինչպէս Եղիան ալ ըրաւ»։ Յիսուս դարձաւ, յանդիմանեց զանոնք՝ ըսելով. «Չէք գիտեր թէ ի՛նչ հոգիի տէր էք դուք. Վասն զի Որդին մարդոյ չեկաւ մարդոց հոգիները կորսնցնելու, հապա փրկելու»։

Ղուկաս աւետարանիչէն քաղուած` Յիսուսին սամարիական գիւղ մուտքը մերժումի մասին խօսող, օրուան աւետարանական այս հատուածին վրայ հիմնուելով է, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց 26 Յունիսի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին խորհրդածութիւնը, զոր Ան կեդրոնացուց Յիսուսին խօսքերուն վրայ ,հաստատելով, որ Ան «եկած է աշխարհին բերելու Աստուծոյ ողորմած Սիրոյ կրակը»։

Ընտրել համբերութեան ուղին

«Յակոբոսն ու Յովհաննէսէը զայրոյթով պատուած էին։ Այս մէկը կը պատահի նաեւ մեզի երբ, բարիք գործելով հանդերձ, փոխանակ ընկալումին կը գտնենք փակ դուռ մը։ Եւ այս մէկը զայրոյթ կը պատճառէ ու կը ջանանք նոյնիսկ Աստուած ներգրաւել, երկնային պատիժներ սպառնալով» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, դիտել տալով `թէ ինչպէս Յիսուս այլ ուղի մը կ՜ընտրէ, ուղի` որ «կ՛ ենթադրէ հանգստութիւն, համբերութիւն, երկայնամտութիւն, սակայն երբեք չթուլացնելով բարիք գործելու պարտաւորութիւնը»:

Այս մէկը չի նշանակեր տկարութիւն, ընդհակառակը, անիկայ ներքին մեծ ուժ մըն է։ Զայրոյթի դիմելը հակառակութեան ընթացքին դիւրին բան է, բնազդային է։ Ինչ որ դժուար է մենք մեր վրայ տիրելն է, Յիսուսին նման որ, կ՜ըսէ Աւետարանը, «ճամբայ ելաւ դէպի այլ գիւղ մը»։

«Ասիկա կը նշանակէ թէ երբ փակումներ գտնենք մենք պէտք է մեր հայեացքը ուղղենք այլուր, բարիք գործելու համար այնտեղ, առանց մեղադրանքներու... առանց փնտռելու մարդկային հաւանութիւնները»։

Հետեւինք Յիսուսին

«Երբեմն մենք կը կարծենք, որ մեր եռանդը պայմանաւորուած է յանուն լաւ նպատակի մը համար արդարութեան զգացումէն, բայց իրականին մէջ այդ մէկը շատ անգամ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ հպարտութիւն՝ միացած տկարութեան, դիւրագրգռութեան և անհամբերութեան» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով Յիսուսէն խնդրել ուժը` ըլլալու Իրեն նման, իրեն հետեւելու վճռակամութեամբ։

«Վրէժխնդիր և անհանդուրժող չըլլանք, երբ դժուարութիւններ կը ներկայանան մեր առջեւ եւ մենք մեզ կը նուիրենք բարիին եւ միւսները այդ մէկը չեն հասկնար», յարեց ապա Սրբազան Պապը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին օգնութիւնը, որպէսզի մեզի օգնէ մերը դարձնելու Յիսուսին որոշումը, գոյատեւելու սիրոյ մէջ մինչեւ վերջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2022, 12:08

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >