Որոնել

«Գիտնանք արժեւորել տարեցներուն տաղանդները» Քահանայապետին հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Յուդիթը` հիացմունքի արժանի երիտասարդութիւն եւ առատաձեռն ծերութիւն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 11 Մայիսի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմահազար ուխտաւորներ։

Շարունակելով ծերութեան մասին իր խորհրդածութիւններուն շարքը եւ հիմնուելով Աստուածաշունչի մէջ պարունակուած օրինակներուն վրայ, Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց «Յուդիթին» օրինակը զայն որակելով այսօրուան հերոսը։

Յուդիթը` այսօրուան հերոսը

«Իր անունը կրող գիրքին աւարտը կը հայի Իսրայէլը պաշտպանած այս կնոջ կեանքի վերջին մասին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ Ան «երիտասարդ եւ առաքինի հրեայ այրի մըն է, որ իր հաւատքի, իր գեղեցկութեան և իր խորամանկութեան շնորհիւ փրկեց Բեթուլիա քաղաքը և Յուդայի ժողովուրդը, Ասորեստանի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորի զօրավար, թշնամի Հողոֆեռնեսի պաշարումէն»։

Այս արկածախնդրութենէն ետք, որ զայն տեսաւ որպէս գլխաւոր հերոսուհի, Յուդիթը կը վերադառնայ իր քաղաքը Բեթուլիա, ուր կ՜ապրի գեղեցիկ ծերութիւն մը, մինչև հարիւր հինգ տարեկան` այդ տարիքին մէջ վկայելով նաեւ մեծ վեհանձնութիւն մը։

«Կարելի է ըսել` որ անոր համար հասած էր թոշակի ժամանակը, ինչպէս կը պատահի բազմաթիւ մարդոց» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով, որ այս օրերուն ալ հազուագիւտ չէ երկարակեցութիւնը ու թէ յաճախ թոշակի հեռանկարը շատերուն համար կը զուգադիպի յոգնեցուցիչ եւ յանձնառու աշխատանքէն ետք արդար հանգստեան։ Սակայն կը պատահի նաեւ, որ շատերուն համար աշխատանքի այս աւարտը կը ներկայացնէ մտահոգութեան առիթ, որ կը մղէ հարց տալու «Ի՞նչ ընելու եմ այժմ, որ իմ կեանքս պիտի պարպուի այն բոլոր բաներէն, որ երկար ժամանակ զայն լեցուցած էին»։

Թոշակի ժամանակը եւ սերունդներու միջեւ աւանդական դաշինքի կաղապարումը

«Առօրեայի աշխատանքը կը նշանակէ նաեւ փոխյարաբերութիւններու շարք մը, ապրուստ վաստակելու բաւարարութիւն, դեր մը ունենալու փորձառութիւն, արժանի նկատառում....» դիտել տուաւ Սրբազան Պապը ու շարունակեց. «Անշուշտ ուրախութիւնն ու յանձնառումը կայ հոգ տանելու թոռնիկներուն բայց գիտենք, որ այսօր միշտ աւելի նուազ են ծննդաբերութիւնները եւ ծնողները յաճախ հեռու են ու հպատակ առօրեայի անցուդարձներուն ... կան ապա նոր պահանջներ նոյնիսկ դաստիարակչական եւ ընտանեկան փոխյարաբերութիւններուն մէջ, որոնք մեզմէ կը պահանջեն կաղապարել սերունդներու միջեւ աւանդական դաշինքը»։

Պապիկ-մամիկներուն համար իրենց կոչումին կարեւոր մէկ մասը կը կայանայ իրենց զաւակներուն մանուկներուն դաստիարակութեան թիկունք կանգնելու մէջ, եւ փոքրիկները այնտեղ է, որ կը սորվին քնքշութեան ուժը եւ դիւրաբեկութեան յարգանքը, որ թոյլ կու տան` որ անոնց ապագան ըլլայ մարդկային։

Բարիի ե ոչ միայն ինչքերու ժառանգութիւն

«Յուդիթը այրի էր եւ առանց զաւակի, սակայն որպէս տարեց կին կարող է ապրիլ լիութեան եւ անդորրութեան եղանակ մը, այն գիտակցութեամբ, որ ան մինչեւ վերջ ապրեցաւ այն առաքելութիւնը զոր Տէրը իրեն յանձնեց։ Իրեն համար ժամն է որպէս ժառանգութիւն թողելու իմաստութիւնը, քնքշութիւնը ու ընտանիքին եւ հասարակութեան վերապահուած նուէրներ, բարիի եւ ոչ միայն ինչքերու ժառանգութիւն» հաստատեց Քահանայապետը։

«Այսպէսով ան ազատութիւն շնորհեց իր ամենահաւատարիմ աղախինին եւ այս մէկը մարդկային եւ ուշադիր հայեացքի նշան է անոր նկատմամբ որ իրեն մօտիկ եղած է։ Յառաջացած տարիքին յաճախ տեսութիւնը կը տկարանայ բայց ներքին հայեացքը կը դառնայ աւելի թափանցող` կը տեսնենք սրտով։ Կարող կը դառնանք տեսնել բաներ` որ առաջ մեզմէ կը վրիպէին։

Արժեւորել տարեցներուն տաղանդները

Տէրը արդարեւ իր տաղանդները չի վստահիր միայն երիտասարդներուն եւ զօրեղներուն։ Մեր համայնքներու կեանքը պէտք է գիտնայ արժեւորել եւ ապրիլ բազմաթիւ տարեցներուն շնորհապարգեւները եւ տաղանդները, անոնց ուսուցումներն ու խրատները, իսկական հարստութիւն մը` որ պէտք է արժեւորուի։ Բայց այս մէկը կը պահանջէ նաեւ տարեցներուն կողմէ նոր եւ ստեղծագործ ուշադրութիւն, ու վեհանձն տրամադրութիւն։

«Յուդիթը թոշակառու մը չէ որ կարոտով կ՛ ապրի դատարկութիւնը, անիկայ կրքոտ պառաւ մըն է, որ իր ժամանակը կը լեցնէ Աստուծոյ իրեն պարգեւած նուէրներով» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը եւ խրատելով այս օրերուն կարդալ անոր պատմութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2022, 09:32

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >