Որոնել

Հրապարակային ունկդնրութիւն Հրապարակային ունկդնրութիւն

«Եղիազարոսը, հաւատքի հետևողականութիւնը, պատիւի ժառանգութիւնը». Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն։

«Հաւատքը արժանի է յարգանքի եւ պատիւի, անիկայ մեր կեանքը փոխեց, բիւրեղացուց մեր հոգին, մեզի սորվեցուց Աստուծոյ պաշտամունքը եւ մերձաւորին սէրը։ Անիկայ բոլորին համար օրհնութիւն մըն է։ Մենք հաւատքը չենք փոխանակեր հանգիստ փունջ մը օրերու հետ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մի ոմն Եղիազարոս, ամենէ յարգուած դպիրներէն մին, մարդ` որ յառաջացած է տարիքով եւ անձի առումով շատ արժանապատիւ մարդ [...] անմիջապէս պատասխանեց՝ ըսելով, որ իրեն նոյնպէս մահուան ուղարկեն։ «Քանի որ, - ան կ՛ըսէր - մեր տարիքին ամենևին արժանի չէ ձևացնել, այն վտանգով, որ շատ մը երիտասարդներ, կարծելով, թէ իննսուն տարեկանին Եղիազարոսը, որոշ ժամանակով անցած է օտար սովորութիւններու, իրենց կարգին, իմ յաւակնութեան, կեղծաւորութեան պատճառով քիչ մը յաւելեալ կեանքի համար, անոնք կորսուին իմ պատճառաւս և այդպիսով ես անպատուութիւն և բիծ պատճառեմ իմ ծերութեանս»:

Մակաբայեցիներու Բ. գիրքէն (Գլ. 6,18.23-25) քաղուած այս հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 4 մայիսի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան, զոր Ան ներկայացուց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, մասնակցութեամբ բազմահազար հաւատացեալներուն։

Ծերութեան հաւատարմութիւնը եւ հաւատքի պատիւը

«Ծերութեան մասին խորհրդածութիւններու ուղեւորութեան մէջ այսօր կը հանդիպինք Եղիազարոս անունով պիպլիական անձնաւորութեան մը, որ մեզի կը փոխանցէ վկայութիւն մը այն յատուկ կապի մասին, որ գոյութիւն ունի ընդմէջ ծերութեան հաւատարմութեան եւ հաւատքի պատիւին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով` որ «Եղիազարոսին պատասխանը մեզի թոյլ կու տայ հասկնալ, որ ծերութեան ժամանակ հաւատքին մէջ տկարանալը, կը վտանգէ այն ժառանգութիւնը` որ պէտք է փոխանցուի երիտասարդներուն եւ ապագայի սերունդներուն»։

Աստուածաշնչական հատուածը կը պատմէ այն դրուագը, որ կը նկարագրէ այն հրեաները որ ստիպուած են թագաւորի մէկ հրահանգի հիման վրայ ուտել չաստուածներուն զոհուած միսեր։ Եւ երբ Եղիազարոսի կարգը կը հասնի, որ բոլորէն յարգուած տարեց մըն էր, Թագաւորին խորհրդականները անոր կը խրատեն որ ձեւակերպութիւն ընէ եւ ուտէ միսը, առանց սակայն իրականին մէջ այդ մէկը ընելու։ Հոգեւոր կեղծաւորութիւն։ Այդպէսով ան պիտի փրկուէր։ Անոր հաստատ պատասխանը սակայն շեշտը կը դնէ կարեւոր մէկ նիւթի վրայ. «Ծերութեան մէջ հաւատքը անպատուելը մի քանի օր աւելի շահելու համար, անհամեմատելի է այն ժառանգութեան հետ, որ պիտի թողուի երիտասարդներուն եւ գալիք բոլոր սերունդներուն»։

Հաւատքը ապրում է

«Տարեց մարդ մը` որ իր տկարութեան մէջ հաւատքի ներգործութիւնը կը նկատէ անպատշաճ, երիտասարդներուն հաւատալ կու տայ, որ այդ մէկը ոչ մէկ կապ ու կարեւորութիւն ունի կեանքին հետ» յարեց Սրբազան Պապը նկատել տալով, որ «Այս մէկը տեսութիւն մըն է, որ կը հաստատէր հնագոյն հետերոդոքս ճանաչողութիւնը, ըստ որուն հաւատքը հոգևորութիւն է և ոչ թէ ապրում, հոգիին գործունէութիւն է եւ ոչ թէ կեանքի ձեւ»։

«Այսպիսի տեսութիւն մը ապարդիւն կը դարձնէ քրիստոնէական հաւատքին իրատեսութիւնը եւ զայն կը դատարկէ իր վկայութենէն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով որ «քրիստոնէական հաւատքը իրազեկ է, անիկա միայն Հաւատամքը արտասանել չէ. Անիկա Հաւատամքը ապրիլն է, զգալն է, եւ հաւատքը իրագործելն է։ «Գործել ձեռքերով» յարեց Սրբազան Պապը աւելցնելով որ «Այսօր մեր ընկերութիւններուն մէջ հաւատքին կիրառումը դիտուած է ժխտական կերպով։ Անիկա համարուած է անօգուտ եւ նոյնիսկ վնասակար, շատ աւելի նման` անցեալի մնացուկի և քօղարկուած սնահաւատութեան»։

Երէցներուն պարտականութիւնը հաւատքի փոխանցման առումով

«Ուժեղ է ճնշումը, որ այս անխտիր քննադատութիւնը կը գործադրէ երիտասարդ սերունդներուն վրայ» ըսաւ Քահանայապետը։ Իհարկէ, մենք գիտենք, որ հաւատքի կիրառումը կարող է դառնալ առանց հոգիի արտաքին մը: Բայց ինքնին ան ամենևին այդպէս չէ։ Թերևս մեր՝ երէցներուս խնդիրն է վերականգնել հաւատքին պատիւը։ Հաւատքի կիրառումը մեր թուլութեան խորհրդանիշը չէ, այլ անոր ուժի նշանը: Մենք այլևս երեխայ չենք։ Մենք չէինք կատակէր, երբ մենք մեզ դրինք Տիրոջ ճանապարհին վրայ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ «Հաւատքը արժանի է յարգանքի եւ պատիւի, անիկայ մեր կեանքը փոխեց, բիւրեղացուց մեր հոգին, մեզի սորվեցուց Աստուծոյ պաշտամունքը եւ մերձաւորին սէրը։ Անիկա բոլորին համար օրհնութիւն մըն է։ Մենք հաւատքը չենք փոխանակեր հանգիստ փունջ մը օրերու հետ»։

Նայիլ երիտասարդներուն

«Ամենայն հեզութեամբ և հաստատակամութեամբ ցոյց պիտի տանք, ճիշդ մեր ծերութեան ժամանակ, թէ հաւատալը «ծերերու» վերապահուած բան մը չէ։ Եւ Սուրբ Հոգին, որ ամէն ինչ նոր կը դարձնէ, ուրախութեամբ պիտի օգնէ մեզի» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա խօսքը ուղղելով տարեցներուն հրաւիրեց նայիլ երիտասարդներուն. Անոնք մեզի կը նային։ Եւ մեր հետեւողականութիւնը կարող է անոնց առջեւ բանալ կեանքի գեղեցիկ ուղի մը։ Մինչ հաւանական կեղծաւորութիւն մը շատ չարիք պիտի պատճառէ։ Աղօթենք մէկը միւսին համար։ Եւ Աստուած օրհնէ բոլոր տարեցները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2022, 09:37

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >